Արխիւ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ կը շարունակուի անկայուն վիճակը։ Երէկ, հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին տարածքաշրջանի խնդիրներուն շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ ԱՆգարայի մէջ հիւրընկալեց իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը:
Պատրիարքի թեկնածու՝ քաղաքիս կամ արտասահմանի սրբազաններուն արդէն ուղարկուած են նամակներ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրներու լոյսին տակ յառաջիկայ օրերուն կ՚ակնկալուին պատասխաններ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ի՞նչ կը սպասէ մարդ, եթէ ոչ այն՝ ինչ որ հոգեմտայինին մէջ գոյութիւն ունի եւ սակայն՝ ափերը դատարկ են ու պատրաստ՝ ընդունելու սպասուածը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զուարճութեան եւ հաճոյքի փափաքը մարդուն բնական եւ անհրաժեշտ պահանջներէն է, ինչպէս՝ աշխատանքը եւ գործելը։ Արդարեւ, զուարճութիւնը՝ աշխատութեան հետ կեանքը հաւասարակշռող կարեւոր ազդակ մըն է։

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ծիրէն ներս, կրկին կը փառաբանուի 2030 տարեկան տնջրի ծառը, որ պերճ հասակով հսկայ չինարի (սօսի) ծառն է, կը գտնուի Արցախի Վարանդա գաւառի Սխտորաշէն գիւղի հանդին մէջ: Խորհրդային Միութեան շրջանին այս ծառին անձնագիր շնորհուած է որպէս Խորհրդային Միութեան տարածքին գտնուող ամենատարեց եւ ամենաբարձր ծառը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօրերուն քաղաքս կ՚այցելէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան։ Ան կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի հիւրանոցին մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ասորի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթինին։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները այս առթիւ ունեցան սիրալիր տեսակցութիւն մը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 26-ին կը լրանայ ծննդեան 148-րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամենէն հոգեհարազատին՝ Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորած, այլեւ՝ աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սփիւռքահայ երկու երիտասարդ բարեկամներ ամէն գիշեր, ուշ ժամերուն, տան ճամբան բռնած կը զրուցեն, տեղ մըն ալ կը նստին ու գաւաթ մը սուրճով կը թօթափեն օրուան հեւքը: Քիչ մը հինէն, քիչ մը նորէն, հայրենիքէն, ծննդավայրէն... նիւթեր կ՚արծարծեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն» եւ «անկախութիւն»՝ ահաւասիկ երկու արժէքներ, որ մարդս «մարդ» կ՚ընեն եւ կը զգացնեն, թէ ան ինքնութիւն մը ունի, անհատ մըն է՝ դատելու, որոշելու եւ իր կեանքի ընթացքը ընտրելու կարողութեամբ օժտուած։ Այս երկու արժէքներն են որ անհատը «ա՛նձ» մը կ՚ընեն եւ առիթ կու տան, որ ան արժանապատ-ւութեան տէր, ինքնակամ անձնաւորութիւն մը ըլլայ։
Երէկ, Հայաստանի մէջ սկսաւ Գերմաներէնի շաբաթը։ Այս առթիւ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը տեղեկացուց, որ մինչեւ տարեվերջ Երեւանի մէջ գործել պիտի սկսի Կէօթէի կաճառի կեդրոնը։
Անգարա կը հետեւի Հիւսիսային Իրաքի հանրաքուէի յաջորդած իրադարձութիւններուն:
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ քննարկուեցաւ տարածքաշրջանի ընդհանուր վիճակը:

Հայկական ճատրակի յառաջատարներէն Լեւոն Արոնեան երէկ ապահովեց նոր նուաճում մը, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէն ներս եւ առիթ հանդիսացաւ մեծ ուրախութեան։ Այսպէս, Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան աւարտին Լեւոն Արոնեան ապահովեց առաջին տեղը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, եթէ գրենք, որ Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ ջրային պաշարներու եւ այդ պաշարներու «բաժանման» հիմնախնդիրը: Քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնք տեսակէտ յայտնած են, որ Արեւելքի մէջ յաջորդ պայքարը պիտի ըլլայ՝ «ջուրի պայքար»ը:
ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարը կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն նոր հանդիպումը:
Տանքըն. «Լոնտոնի ղեկավարութիւնը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն»:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
71 տարեկան Պրայն Տիւմոլին կ՚ուզէ իր երկյարկանի բնակարանը ծախել, սակայն կը գտնուի սահմանային խոչընդոտի մը առջեւ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Հայերէն առաջին Աստուածաշունչի հրատարակութեան 350-ամեակին ձօնուած կարեւոր ձեռնարկ մը:
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան մասնակցութիւն բերաւ յոբելենական գիտաժողովին:
«Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» նախագծի շնորհանդէսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան օրուան զուգադիպեցաւ անոր կեանքի երազներէն մէկուն իրականացման ազդարարումը:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը արդէն կեդրոնացած է այս շաբաթավերջին նախատեսուած Սամաթիոյ տարեկան սիրոյ սեղանին վրայ։ 2017-2018 շրջանի մատաղօրհնութիւնները կը բացուին այս շաբաթավերջին Սամաթիոյ մէջ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած աւանդական հանգանակութիւնով։