Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

Թուր­քիա-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս թափ կը ստա­նայ նաեւ ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը ներ­կա­յիս հե­տա­մուտ են նոր նա­խագ­ծի մը։ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը մեկ­նած է Իս­րա­յէլ, քննար­կում­ներ ծա­ւա­լե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

ԵՄ-ի «Էրասմուս+» ծրագրին շնորհիւ հետազօտութիւնները պիտի միջազգայնանան Հայաստանի մէջ:
Եւրոպական համարկման համահունչ բարձրագոյն կրթութեան երրորդ աստիճանի որակի ապահովման համակարգ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թիւ­նը այս տա­րի եւս կը կազ­մա­կեր­պէ նար­տի մրցա­շարք մը, որ 23-րդն է իր տե­սա­կին մէջ։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս մրցա­շար­քին բա­ցու­մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով, ե­րէկ, Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ նա­հա­տա­կուե­ցաւ հայ զի­նուոր մը եւս։ Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը՝ երէկուան խորհուրդի հերթական նիստի արդիւնքին հաւանութիւն տուաւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դիմումին, ինչ որ նոր հորիզոն մը կ՚ուրուագծէ առկայ կարիքներու դիմագրաւման համար:
Տատեան վարժարանին հին շէնքին ու տարածքին համար սահմանուեցաւ հասութաբեր կարգավիճակ, ինչ որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ վարձակալութեան պայմանագիր մը կնքելու

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

Ա­ռա­ջա­ւո­րաց  պահ­քը սկսաւ երէկ՝ Փետ­րուարի 6-ին, որ կը տե­ւէ հինգ օր:
Ա­ռա­ջա­ւո­րա­ցը ա­ռա­ջին պահքն է, որ հաս­տա­տուած է Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի կող­մէ եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով կը կո­չուի ա­ռա­ջուո­րաց՝ ա­ռա­ջին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւ­նը՝ քրիս­տո­նէա­կան-աս­տուա­ծաշն­չա­կան, ե­թէ մէկ կող­մէ ու­նի հա­մա­մարդ­կա­յին տե­սա­դաշտ եւ պա­րու­նա­կու­թիւն, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ՝ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն, ուր իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ կ՚ըն­դե­լու­զուի  հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մշա­կոյ­թին, քա­ղա­քակր­թու­թեան եւ կեն­ցա­ղի հետ եւ այս բո­լո­րին ընդ­մէ­ջէն՝ ա­նոր/ա­նոնց ապ­րած կեան­քին ու փոր­ձա­ռու­թեան կու տայ նկա­րա­գիր եւ ինք­նու­թիւն:

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աւստ­րա­լա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Կլէյ­տիս Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի ա­նու­նը հա­յու­թեան ծա­նօթ դար­ձաւ, երբ ան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զբա­ղե­ցուց ի­րե­րա­յա­ջորդ կա­րե­ւոր ու բարձր պաշ­տօն­ներ՝ Աւստ­րա­լիոյ Նոր Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելս նա­հան­գի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ: Իսկ վեր­ջերս ան դար­ձաւ այդ նա­հան­գին վար­չա­պե­տը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ու­սում­նա­սի­րել եւ ներ­կա­յաց­նել Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ «անձ»ե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր օ­րէնք եւ կա­նոն­նե­րուն հա­մա­ձայն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Անձ» իր ա­մե­նաըն­դար­ձակ ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ ի­րա­ւունք ու­նե­ցող, պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ յանձն ա­ռած, ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լե­լու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու կամ­քով օժ­տուած, իր ա­րարք­նե­րէն պա­տաս­խա­նա­տու եւ բա­նա­կա­նու­թեան ու­ժով շար­ժող ու վա­րուող ան­հատ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Հո­լի­վու­տեան յայտ­նի դե­րա­սան Ճորճ Քլու­նի Փետ­րուա­րի 24-ին կը ստա­նայ պա­տուա­ւոր «Սե­զար»  շար­ժան­կա­րի մրցա­նա­կը։ Այս ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցած է Ֆրան­սա­յի Շար­ժան­կա­րի ա­կա­դե­միան:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Հա­յաս­տա­նի Խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Փետ­րուա­րի 6-10 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­նա­լիք «Փրոտ Էքս­փօ-2017» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին, մէկ միաս­նա­կան տա­ղա­ւա­րով պի­տի մաս­նակ­ցին տաս­ներ­կու հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­ւե­լի քան յի­սուն տե­սակ հան­գիստ եւ փրփրուն գի­նի:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

«Սի­րոյ եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տօ­նի առ­թիւ Փետ­րուա­րի 11-ին Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մը՝ ա­ռանց տա­րի­քա­յին սահ­մա­նա­փակ­ման, կը հրա­ւի­րէ բո­լո­րը մեծ շու­քով նշե­լու Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նը, որ­պէս­զի Ե­րե­ւա­նը զար­դա­րուի սի­րոյ հայ­կա­կան ե­րանգ­նե­րով», այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Qahana.am-ը՝ իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­ներն ու լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուին։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ Թա­լի­շի ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուած վեր­ջին ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին ըն­թաց­քին գե­րե­վա­րուած զի­նուո­րը՝ Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ կա­լա­նա­ւո­րուե­ցաւ եր­կու ա­մի­սով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով՝ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար նշա­նա­կուե­ցաւ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան։ Այս վեր­ջի­նը պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալն էր ու նոր նշա­նակ­ման հա­մար ա­զա­տուե­ցաւ այդ պաշ­տօ­նէն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

23 միլիոն եւրօ ներդրումով տարածքաշրջանէ ներս Reebok-ի մեծագոյն կեդրոնը:
Նորակառոյց հսկայ ակումբի հնարաւորութիւնները բաւարար են՝ սպասարկելու տարեկան 15 հազար հոգիի:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը շփումներ ունեցաւ երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով:
Բարձրաստիճան զինուորականներ քննարկեցին «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքը: Սուրիոյ բանակն ալ կը յառաջանայ դէպի Էլ Պապ՝ հարաւ-արեւելեան հատուածէն մօտենալով քաղաքին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի «Էջ­միա­ծին» երգ­չա­խում­բը այս օ­րե­րուն շրջա­գա­յու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Ռու­սաս­տան եւ Սպի­տակ Ռու­սիա։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ երգ­չա­խում­բը հան­դէս կու գայ հա­մերգ­նե­րով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Այս գե­րա­րագ դա­րուն մէջ կա­րե­լի է շատ ա­րագ նոր լե­զու մը սոր­վիլ, բայց ա­տի­կա ար­դեօք որ­քա­նո՞վ կ՚ընդգր­կէ լե­զուի մը ամ­բող­ջա­կան տի­րա­պե­տու­մը: Լե­զուն գի­տու­թիւն մըն է եւ կը պա­հան­ջէ ա­կա­դե­մա­կան աշ­խա­տանք, բայց խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն սոր­վի­լը նուազ գի­տա­կան է եւ կը պա­հան­ջէ կամք, ըն­թեր­ցում եւ վար­ժու­թիւն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

1127 տա­րի ա­ռաջ, 2 ­Փետ­րո­ւար 890 թը-ա­կա­նին, ­Փոքր ­Հայ­քի իր ժո­ղո­վուր­դին տուած ար­քա­յա­կան շրջայ­ցի մը ըն­թաց­քին, հի­ւան­դա­ցաւ եւ վախ­ճա­նե­ցաւ հա­յոց պատ­մու­թեան ար­ժա­նա­ւոր կեր­տիչ­նե­րէն՝ Բագ­րա­տու­նեաց ­Հարս­տու­թեան հիմ­նա­դիր թա­գա­ւոր Ա­շոտ Ա­ռա­ջին ­Բագ­րա­տու­նին։

Էջեր