Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ
Աշնան մեղմանուշ զեփիւռին հետ, ցերեկուան արեւուն ջերմութիւնը վայելելու համար սփիւռքահայ, եօթանասուններուն մէջ կին մը քալելով կը շրջի իր վարձակալած բնակարանի մօտակայ այգիին մէջ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շաբաթէ մը ի վեր կը հետեւինք Վրաստանի տարածքին գտնուող Ջաւախքի հայաբնակ գիւղերէն մէկուն՝ Կումպուրտոյի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր նախորդ գրութեան մէջ ըսինք, թէ ծխելը վարժութիւն մըն է, ստացական վարմունք մը՝ որ ենթական կ՚ընդունի ներքին եւ արտաքին ազդեցութիւններով եւ ընդհանրապէս գիտակցաբար կը տարուի անոնց ստեղծած զօրաւոր հոսանքներէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած շաբաթավերջի համերգին ընդառաջ:
Արսէն Աւագեանի կողմէ դիմաւորուեցան հիւր արուեստագէտները, որոնք առաջին անգամ կ՚այցելեն Իսթանպուլ:
Նախաձեռնարկ մարմինը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ուր կը քննադատուին մամլոյ հաղորդումներն ու մեկնաբանութիւնները:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած անելի մթնոլորտին մէջ համայնքին կը մատուցուին լոկ փափաքներ եւ պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի վարիչներուն:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Խօսք բերելու եւ խօսք տանելու «մար-տարուեստը» լրտես մարդուն «դրամա-գլուխն է»։ Այդ «մարտարուեստ» կոչուած մասնագիտութեան ծալքերն ու ելեւմուտը միայն լրտեսը ինք գիտէ ու կը տիրապետէ։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացման հաւաքոյթ մը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու իր ընկերները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
9 Հոկտեմբերին արդէն երկու ամիս անցած եղաւ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ պատրիարքական ընտրութեան համար կատարուած դիմումին վրայէն: 60 օրուան ժամկէտը լրացած է եւ պաշտօնական մարմիններուն կողմէ պատասխան մը չէ հասած: Պատրիարքարանը նոր մեկնաբանութիւնով մը որոշած է սպասման շրջանը բարձրացնել 120 օրուան: Համայնքային շրջանակները մտահոգութեամբ կը հետեւին այդ քայլերուն, որոնց հիմնաւորումները հեռու են միանշանակօրէն համոզիչ ըլլալէ:
Պետրոս Շիրինօղլու. «Միշտ կը կրկնեմ՝ ներկայ վիճակով անկարելի է, որ կարենանք ընտրութիւն իրականացնել։ Առկայ փակուղին կրնայ յաղթահարուիլ, եթէ քաղաքիս թրքահպատակ, տեղացի երկու սրբազաններու յարաբերութիւններուն մէջ ապահովուի զարգացում մը եւ անոնց միջեւ այլեւս ի վերջոյ ստեղծուի համերաշխ համագործակցութեան մթնոլորտ մը։ Եթէ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան խուսափին այս ծանր պատասխանատուութենէն, ապա դժուար թէ արդարանան պատմութեան առջեւ»:
«Euro stars» (Եւրոպայի աստղեր) պարարուեստի աշխարհի բաժակի առաջնութեան այս տարի պարային խումբեր եւ մենակատարներ կը մասնակցին 14 երկրէ՝ Անգլիայէն, Իսրայէլէն, Լաթվիայէն, Ռուսաստանէն եւ այլն։
Արցախի ճակատին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կը շարունակուի լարուածութիւնը։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան աւարտեց դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութիւնը, որու վերջին օրը՝ երէկ ընդունուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան կը մասնակցի ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հաւաքին, որ տեղի կ՚ունենայ Սոչիի մէջ։
«Թրքական հոսք» խողովակաշարին միջոցաւ Սերպիա եւս շուտով կրնայ ունենալ բնական կազ՝ եթէ համամիտ գտնուի նաեւ Ռուսաստան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Թուրքիա կը փափաքի Պալքաններու անուան խաղաղութեամբ յիշատակուիլը եւ կողմնակից չէ պառակտումներու»:
Պետրոս Շիրինօղլուի հետ մեր ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին իր կարծիքը շօշափեցինք նաեւ Պէյքոզի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ։
Սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Մայր Աթոռ:
Վեհափառ Հայրապետը ազգային արժէքներու նահանջի դէմ պայքարի գծով կարեւոր դեր կը վերապահէ մտաւորականութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տքթ. Վարդ Շիկահեր, իր «Երեք ահաւոր փորձանք» մասնագիտական ուսումնասիրութեանը մէջ սապէս կ՚ըսէ.
«Ընդհանուր հետազօտում մը ցո՛յց տուած է, թէ չորս այր մարդէ երեքը, երկու կնոջմէ մէկը, քսան տարեկանը թեւակոխած ուսանողներու եօթանասուն առ հարիւրը կը սկսին ու կը վարժին ծխել։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց ««Արարատ»ի բնագիրները» երկհատորեակի առաջին հատորը։ «Արարատ»ի ժառանգութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած 10-րդ հրատարակութիւնն է այս մէկը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արձակուրդի շրջանը վերջացաւ, եւ ինչպէս որ կեանքի մէջ ամէն բան սկիզբ մը եւ վե՛րջ մը ունի, ահաւասիկ արձակուրդն ալ սկսաւ եւ վերջացաւ։ Բայց ասիկա ո՛չ վըճ-ռական սկիզբ մը եւ ոչ ալ վերջ մըն է. կեանքի մէջ ո՛չ սկիզբները կը վերջանան եւ ոչ իսկ «վերջ»երը։
Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին միջոցառումներու շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ թանկոյի շաբաթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի մօտ Արժանթինի դեսպան Կոնզար Ուրրիոլապեիտիա խօսեցաւ երկու երկիրներու միջեւ բազմամեայ բարեկամութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ երկկողմանի երկարատեւ եւ կայուն դիւանագիտական յարաբերութիւններուն։