Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը։ Ձեռ­նար­կը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով եւ այլ ե­լոյթ­նե­րով։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն (ա­տե­նա­պե­տու­հի) ու Թա­նիա Պալ­ճըն։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ նա­խա­տե­սուած է քէր­մէս մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 9-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի ցե­րե­կոյ­թը։ Այս տա­րի հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը սո­վո­րա­կա­նէն ա­ւե­լի վաղ տե­ղի ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան Հա­յաս­տան՝ պատ­րաս­տուե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ա­ւար­տա­կան քննու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը Կո­մի­տա­սի ու­սում­նա­րան-թան­գա­րա­նին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուց Դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռի «Եր­գե­ցո­ղու­թիւն» եւ «Գոր­ծի­քա­յին կա­տա­րում» ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի 2016 թուա­կա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան մրցա­նակ­նե­րու ընտ­րա­կան եւ եզ­րա­փա­կիչ փու­լե­րու մրցոյթ-հա­մերգ­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Անց­նող Յու­նուա­րին «Նոազ Արք» ցու­ցաս­րա­հը ան­գամ մը եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ «Արթ սթէյճ Սին­կա­փուր» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին, ուր ներ­կա­յա­ցուց հոյլ մը գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու (Եու­րո­զի, Վահ­րամ Դաւ­թեա­նի, Ռու­բէն Ա­բո­վեա­նի ու Սու­րէն Ոս­կա­նեա­նի) վաթ­սու­նէ ա­ւե­լի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ինչ­պէս միշտ եւ ա­մէ­նու­րեք ար­ժա­նա­ցան ջերմ ու­շադ­րու­թեան եւ բարձր գնա­հա­տանք­նե­րու:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Եւ­րո­պա­յի զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց այդ հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ծրագ­րա­ւոր­ման եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան փոխ-տնօ­րէն զօ­րա­վար Տաուն Տես­քինզ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Մոկերինի. «ԵՄ բազմաթիւ հարցերու մէջ կրնայ զբաղեցնել Ուաշինկթընի դերը»:
Մերքէլ. «Տեսակէտներու միասնականութիւն պէտք է ապահովել արտաքին քաղաքականութեան շուրջ»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ տարածքաշրջանի անվտանգութեան հարցերուն:
Ըստ Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի միւս կողմէն կը լսուին արաբերէն խօսակցութիւններ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ երկ­րէն ներս բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած սու­րիա­հա­յոց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ը­սաւ. «Վեր­ջին շրջա­նին սփիւռ­քա­հա­յե­րու վե­րա­դար­ձով, Ե­րե­ւա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ո­րա­կը էա­պէս փոխուած է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Դէ­պի Մոս­կուա պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի ե­րէկ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլատի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի կող­մէ։ Հա­սան Ռու­հա­նի դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Մոս­կուա­յի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սըն յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը հե­տաքրք­րուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շու­տա­փոյթ կար­գա­ւոր­մամբ։ Ան այս մա­սին յայտ­նեց ԱՄՆ-ի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-ա­մեա­կին առ­թիւ Պա­քու ու­ղար­կած նա­մա­կին մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ար­ձա­գան­գեց օր մը ա­ռաջ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­պա­րա­կուած զե­կոյ­ցին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը «Պար­տադիր լու­սա­բա­նու­թիւն մը» խո­րագրեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է վեր­ջին հինգ-վեց ա­միս­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ երէկ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը՝ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն համար:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք պատուոյ հիւրն էր «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընթրիքին: Ներկայ էին մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքեր:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Կ՚ա­պա­կա­նենք օ­դը եւ յե­տոյ՝ ա­հա­զան­գը կը սկսի, ո՛չ միայն օ­դը ան­շուշտ: Շար­քը եր­կար է: Բայց յայ­տա­րա­րուած­նե­րը՝ սա­կաւ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­մէն տե­սակ պար­գեւ իս­կա­կան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն երբ տե­ւա­կան են, ա­նոնց տպա­ւո­րու­թիւ­նը որ­քան եր­կար տե­ւէ ա՛յն­քան ար­ժէք կը ստա­նան ա­նոնք։ Եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ի զօ­րու է բո­լոր պար­գեւ­նե­րու հա­մար՝ աշ­խար­հա­յին-նիւ­թա­կան եւ հո­գե­ւոր պար­գեւ­նե­րու հա­մար՝ ո­րոնք կը տրուին ո­րե­ւէ կեր­պով մար­դուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղա­կար­գին հա­մա­ձայն, տա­րուան ըն­թաց­քին ո­րոշ տօ­նե­րու եւ սուր­բե­րու յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րու օ­րե­րուն կը կա­տա­րուին ջու­րի, ձէ­թի, կա­րա­գի եւ խա­ղո­ղի օրհ­նու­թեան կար­գեր: Նշեալ կար­գե­րէն՝ ձէ­թի օրհ­նու­թեան կար­գը ա­մէն տա­րի տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ս. Քա­ռա­սուն մա­նուկ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թեան օ­րը, որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նախմ­բէ Մեծ պահ­քի հին­գե­րորդ՝ Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կիին նա­խոր­դող Շա­բաթ օ­րը:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է հա­յե­րէն նոր գիրք մը։ Սա Զա­ւէն Պի­պե­ռեա­նի գործն է, որ կը կո­չուի «Ան­կու­տի սի­րա­հար­ներ»։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

«Հայաստանի ներդրողներու ակումբ» պայմանագրային նորաստեղծ ֆոնտը:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շարժման կ՚անցընէ ռուսահայ գործարարներու ներուժը:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

ԵԱՏՄ-ի երկիրներու կապի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի նախարարներուն առաջին հանդիպումը:
Երեւանի ժողովին մասնակիցները հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ այցելեցին Երեւան, իսկ այսօր շփումներ կ՚ունենան Արցախի ղեկավարութեան հետ:
Ըստ Ռիչըրտ Հակլընտի, սեղանի վրայ կը գտնուին խելամիտ առաջարկներ եւ երեք մասէ բաղկացեալ ծրագիր մը մշակուած է հակամարտութեան լուծման համար:

Էջեր