Արխիւ
ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Որոշած էի սուրիահայութեան եւ ընդհարապէս Սուրիոյ ներկայ պատերազմին մասին չգրել ու չարտայայտուիլ, որովհետեւ վստահ եմ, որ ո՛չ գրելը եւ ոչ ալ արտայայտուիը բան կրնան փոխել: Քարացած միտքերն ու կարծրացած սիրտերը, ի զօրու չեն ոչինչ փոխելու, ընդհակառակը այդ քարացած միտքերն ու կարծրացած սիրտերը մի միայն իրենց «ԵՍ»ին մասին է, որ կը մտածեն:
Գոհարն ու իր ընտանիքը երէկ Երեւան հասան: Պատերազմի դաշտէն ազատած Գալուստեանները նոր կեանքի մը պիտի սկսին Հայաստանի մէջ: Բաւական երկար ճանապարհ մը կտրելէ ետք Գոհար իր երկու փոքրիկներն ու ամուսինը հիւրընկալուեցան երեւանցի ընտանիքի մը կողմէ, որուն անդամները նոյնիսկ չուզեցին երեւիլ տարբեր կայաններու հեռուստախցիկներուն առջեւ, որոնք փութացած էին հասնիլ անոնց տունը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կը թերթեմ համացանցը, կը հետեւիմ հեռատեսիլի հայկական հաղորդումներուն, կը խօսիմ Հալէպի հարազատներուս հետ, բոլորը ցաւ կ՚արտայայտեն: Բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ ասուպ մըն է որ կը պտըտի՝ գուժելով հալէպահայ նորօրեայ զոհերուն մասին: Նոյն պատկերները կը յայտնուին տարբեր էջերու վրայ, յետմահու հռչակ կը վայելեն անոնք:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սեպտեմբերը Մեծն Կոմիտասի ծննդեան ամիսն է, իսկ Հոկտեմբերը՝ մահուան: Հայաստանի եւ հայաշխարհի մէջ կը շարունակուին անոր նուիրուած ձեռնարկները: Անցնող օրերուն, կոմիտասեան գիտաժողովի եւ անոր ծննդեան օր-ւան յաջորդած այլ միջոցառումներու կարգին դարձեալ յիշատակ-ւեցաւ կոմիտասեան նամականին, իբրեւ՝ հայ գրականութեան եւ մեծերու նամակագրութեան բացառիկ գլուխգործոցներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուժը կարեւոր ազդակ մըն է կեանքին համար։ Արդարեւ ո՛ւժն է որ ընթացք կու տայ կեանքին, ո՛ւժն է որ կ՚երաշխաւորէ կեանք, եւ ո՛ւժն է որ ապահով ընթացք մը կը պատրաստէ կեանքին։ Անտարակոյս բոլորս ալ գիտենք, թէ՝ ինչպէս նիւթական-ֆիզիքական՝ նոյնպէս եւ հոգեւոր աշխարհին մէջ ուժերը ընդհանրապէս լուռ են։
Yerevan Jazz Fest-ի այս տարուան փառատօնը նուիրուած է անուանի ամերիկահայ երաժիշտ, «Կրեմմի» մրցանակի դափնեկիր Ճորճ Աւագեանին, որ կը համարուի ամերիկեան ճազ արհեստի հիմնադիրը:
Թէեւ հայկական ֆութպոլը կ՚ապրի ծանր շրջան մը, սակայն նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, «Հրազդան» մարզադաշտի մօտակայքին բացուեցաւ «Արարատ 73» արձանախումբը։
Սուրիահայոց խնդիրներուն շուրջ արտահերթ ժողով մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Սաֆրաստեան. «Հալէպի բախումները ա՛լ աւելի կրնան սաստկանալ մօտաւոր ապագային»:
Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ կառավարութեան այն որոշմնագրին, որու հիման վրայ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը պիտի երկարաձոգւի Թուրքիոյ մէջ։
Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ կը պատրաստուի այցելել Ուաշինկթըն։ Կը նախատեսուի, որ ան Հոկտեմբերի 25-ին ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Վրաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով երեսփոխան ընտրուեցան երեք հայեր՝ իրաւունք շահելով մուտք գործել երկրի խորհրդարանը
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։ Երէկ, Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Արցախի մէջ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Սանասար Գրիգորեան (1989)։ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի արեւելեան ուղղութեան վրայ պատահեցաւ այս դէպքը, որուն կապակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի պատկան մարմինները ձեռնարկած են հետաքննութեան։
Այս Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 14-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի տանտիրութեամբ։ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը պիտի վարէ Սերժ Սարգսեան, քանի որ 2015-2016 թուականներուն շրջանային նախագահի պաշտօնը ստանձնած է Հայաստան։
Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան. ներդրումային համաժողով 2016» խորագրեալ հաւաքոյթ մը՝ հեռանկարային որոնումներով:
Սերժ Սարգսեան. «Մեր երկիրը պիտի դառնայ Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու նաւահանգիստները կամրջող ամենակարճ տարանցիկ երթուղին»:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հիմնադրութեան 60-ամեակին ձօնուած ձեռնարկ մը՝ Երեւանի մէջ:
Ռազմիկ Փանոսեան յատկանշական կը համարէ մարդուժի պատրաստութիւնն ու նոր սերունդի կրթութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբերի 9-ին, Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Մշակոյթի շաբթուան բացման առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Նկատի ունենալով, որ Թոփգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ սարքուելիք տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին՝ թաղականները Գումգաբու փութացած էին խորհրդակցելու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայրը՝ ընտանիքին մէջ տարրական դեր մը ունի, ինչ որ անվիճելի է։ Մայրը որպէս «կին-մարդ» ընտանիքը կազմող տարր մը, անդամ մըն է, իսկ որպէս «մայր» պատասխանատու՝ ընտանիքին թէ՛ ներկայէն, թէ՛ ապագայէն, քանի որ ընտանիքը տեւականացնող անդամները՝ զաւակները ա՛ն է որ կը պատրաստէ, հոգեպէս կը կազմաւորէ, մանաւանդ անոնց մտաւոր եւ մարմնաւոր զարգացման մէջ կարեւոր դեր մը կը կատարէ։ Այս իմաստով մայրը, ընտանիքին՝ այս սրբազան ու նուիրական միութեան թէ՛ հիմն է՝ թէ՛ սիւնը, մէկ խօսքով՝ ամէն ինչը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
7 Հոկտեմբեր, 2016-ին, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց Fly Dubai օդային ընկերութեան օդանաւը, որ ի թիւս այլ ուղեւորներու, Երեւան կը հասցնէր երեք հալէպահայ ընտանիքներ, որոնք պատերազմի սարսափները շալկած նախ Լիբանան, ապա Հայաստան հասան… Քէհէեան, Գասպարեան եւ Ժամկոչեան ընտանիքներու յուզումը նկատելի էր ոչ միայն զանոնք դիմաւորողներու, այլեւ՝ նոյնիսկ օդակայանի սպասասրահին մէջ կանգնող բոլոր մարդոց համար: Օդակայանին մէջ զանոնք կը դիմաւորէին ծանօթներ ու ազգականներ, «Հալէպ» հայրենասիրական, բարեսիրական, հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, որոնք ալ հոգացած էին անոնց միակողմանի տոմսի նիւթական ծախսերը:
