Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016

Սո­չիի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Սա իր տե­սա­կին մէջ 34-րդ նիստն է, որ կազ­մա­կեր­պուած է Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի տան­տի­րու­թեամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Երուսաղէմի Պատրիարքութեան օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերուի՝ Ս. Յարութեան տաճարէն ներս Տիրոջ լոյս գերեզմանի նորոգութեան ծրագրին Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութեան շրջագծով: Կազմակերպչական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին ընդառաջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016

Դա­սա­կան կի­թա­ռի աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ Հիւ­պերթ Քեփ­փէլ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Գեր­մա­նա­ցի հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէ­տը Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կազ­մա­կեր­պու­թեամբ կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

Կեանքի մէջ ա­մենավատ բանը այն է, երբ  տագնապի մէջ, վտանգի դիմաց, կամ մահուկենաց օր­հասի պահե­րուն կը զգաս, որ մինակ ես, ան­տէր ես ու անտի­րա­կան, երբ կեանքիդ բո­լոր օ­րե­րը ե­ղած ես ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կի մէջ, սի­րած ես, օգ­նած ես, քա­ջա­լե­րած ես, պայ­քա­րած ես, փրկած ես, հա­սած ես բո­լո­րին, զո­հած ես ա­ռող­ջու­թիւն ու հան­գիստ, մո­մի պէս լու­սա­ւո­րած ես շրջա­պատդ ու հա­լած… ու այս բո­լո­րէն ետք, երբ «լի­նել-չլի­նե­լ»ու դա­մոկլ­եան սու­րը կախ­ուած է գլխա­վե­րեւդ, շուրջդ կը նա­յիս ու մարդ չես գտներ ձեռ­քէդ բռնող, վէրքդ կա­պող, յե­նակ ե­ղող, որ ոտ­քի կանգ­նիս. մի­նակ ես, ա­ռան­ձին, լքուած քու ճա­կա­տագ­րիդ…

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի տա­ղան­դա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Շի­լա Սե­լին Շի­լէ­լեան վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Կրթա­կան ֆա­քիւլ­թէն։ Դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­թեան եւ գի­տու­թեան ու­սուց­չու­թեան գծով ան նոյ­նա­ժա­մա­նակ հե­տե­ւած է եր­կու հիմ­նա­կան ճիւ­ղի։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ընթ­րիք մը կազ­մա­կեր­պեց Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի այս տա­րուան հունձ­քին հա­մար։ Հարկ է նշել, որ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նին Սա­հա­կեան-Նու­նեան լի­սէն ու­նի քա­ռա­սուն շրջա­նա­ւարտ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Է­սաեա­նի ըն­տա­նի­քը խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ տուաւ լի­սէի բաժ­նի այս տա­րուան հունձ­քին։ Վար­ժա­րա­նին մէջ այս առ­թիւ ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի տա­ղան­դա­ւոր ե­րի­տա­սարդ ա­կա­դե­մա­կան­նե­րէն Նազ­լը Թե­միր-Պէյ­լէ­րեան Փա­րի­զի մէջ ա­ւար­տած է իր տոք­թո­րա­կա­նը՝ մաս­նա­գի­տա­նա­լով ըն­կե­րա­բա­նու­թեան ճիւ­ղին մէջ։ Նազ­լը Թե­միր-Պէյ­լէ­րեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տոք­թո­րա­կա­նի աշ­խա­տանք տա­րած է Ֆրան­սա­յի Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու գծով բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու դպրո­ցէն ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին բազմակողմանի շփումները՝ Երեւանի մէջ:
Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր երէկ հիւրընկալուեցաւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, իսկ այս առաւօտ տեսակցեցաւ Արցախի ղեկավար Բակօ Սահակեանի հետ:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի մասնակցութեամբ երէկ երեկոյեան իֆթարի սեղան մը սարքուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն անունով իսլամաց Ռամազանի շրջանին այս տարի եւս մեծարուեցան կառավարական ու դիւանակալական շրջանակները:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէս։ Վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան հունձ­քին հա­մար կազ­մա­կեր­պուած վկա­յա­կան­նե­րու բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ան­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ծիա­ծա­նը մար­դուս գլխուն վրայ է եւ ո՛չ թէ ոտ­քե­րու տակ, ուս­տի ծիա­ծա­նը տես­նե­լու հա­մար մարդ աչ­քե­րը դէ­պի վե՛ր վերց­նե­լու է՝ դէ­պի ամ­պե­րը։ Շատ նշա­նա­կա­լից է այս, թէ ծիա­ծա­նը վե՛րն է եւ ո՛չ թէ վա­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

Հայաստան լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման մնացած է բեռնափոխադրումներու տեսանկիւնէն:
Երեւան բանակցութիւններ կը վարէ Մոսկուայի եւ Թիֆլիզի հետ՝ այլընտրանքային ճանապարհ մը ունենալու համար:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նախ­քան անդ­րա­դառ­նա­լը այն գլխա­ւոր հար­ցին, թէ ի՞նչ տա­րաւ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պը Հա­յաս­տա­նէն, ար­ձա­նագ­րենք, որ ան իր հետ նա­խե­ւա­ռաջ բե­րաւ ան­սահ­ման յոյս նո­րո­գուե­լու, ապ­րե­լու, ինչ­պէս նաեւ չընկր­կե­լու կամք:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ե­րե­ւա­նի բան­ջա­րե­ղէ­նի շու­կա­նե­րը շրջե­լով ո՛չ աչ­քերդ կը յա­գե­նան, ո՛չ ալ ռուն­գերդ: Թարմ ու զգլխիչ բոյրն ու գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը հմա­յեն գնորդ­նե­րը, տե­սակ-տե­սակ ծի­րան­ներ՝ մե­ծը, փոք­րը, կէ­տա­ւո­րը... հա­պա կե­ռա­սի գոյնզ­գոյն տե­սա­կա­նին՝ կար­մի­րի տար­բեր ե­րանգ­նե­րը, սպի­տակն ալ կայ, բալն ալ, ո­րոնց տես­քը ար­դէն կը յու­շէ ա­նոնց համն ու հո­տը:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

Յու­նիս 24-ին, 85 տա­րե­կա­նին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Հրանդ Սա­մուէ­լի որ­դին՝ Ար­մէն Սա­մուէ­լեան, ո­րու ա­նու­նը սեր­տօ­րէն ա­ռըն­չուած պի­տի մնայ Փա­րի­զի հայ մտա­ւո­րա­կան կեան­քի պատ­մու­թեան:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016

Իս­թան­պու­լի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ զո­հե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցած է 41-ի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2016

Անգ­լիոյ զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը ներ­կա­յիս շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան հիւ­րըն­կա­լեց Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան զի­նեալ ու­ժե­րու 160-րդ Ո­ւել­սեան հե­տե­ւա­կա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Մար­թին Քեմ­պը­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2016

Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի միջազգային թռիչքներու բաժանմունքին մէջ երէկ գիշեր պատահեցաւ ահաւոր պայթում մը. 36 զոհ, 147 վիրաւոր:
Իսթանպուլ հերթական անգամ ահաբեկչութեան թիրախ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, առաջին ազդանշանները ցոյց կու տան ԻՇԻՊ-ը եւ ընթացքի մէջ են դէպքի բացայայտման աշխատանքները:

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կրօ­նը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի լուրջ գոր­ծօն մը կը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ճիշդ է, որ ա­ռար­կա­յա­կան շա­հե­րու գնա­հատ­ման տե­սան­կիւ­նէն կրօ­նակ­ցու­թեան մղու­մով ա­ռաջ­նոր­դուի­լը չի տե­ղա­ւո­րուիր մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մտայ­նու­թեան մէջ, սա­կայն ընդ­հան­րա­պէս կրօ­նի գոր­ծօ­նը տա­կաւ կը շեշ­տուի զա­նա­զան հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ։

Էջեր