Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յաջորդ ամիս պիտի ներկայացուին Քալումենոյի հաւաքածոյէն ընտիր նմոյշներ:
Քարտփոստալներու հետքերով. «Թուրք-հայ յարաբերութիւններուն մէջ ո՛չ թէ մոռնալու, այլ յիշելու ժամանակը»:
Պրիւքսէլի օդակայանին մէջ այս առաւօտ պատահեցաւ ահաւոր երկու պայթում, որոնք տեղի ունեցան «American Airlines» ընկերութեան ճամբորդներու արձանագրման տաղաւարներու մերձակայքին։ Սկզբնական տուեալներով 17 հոգի զոհուեցաւ, աւելի քան 30 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Աւելի վերջ պայթում մըն ալ պատահեցաւ քաղաքի մեթրոյին մէջ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը շաբաթավերջին Ս. Զատկի առթիւ կազմակերպեց երկօրեայ քէրմէս մը, որ արժանացաւ այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ վերյիշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը՝ Երուսաղէմ:
Ծաղկազարդի առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ խաչեր նուիրեց փոքրիկներուն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օրիորդ մը փողոցէն քալած ատեն երիտասարդ մը կը հարցնէ.
-Ուրկէ՞ կու գաս, քոյրի՛կ:
Օրիորդը կը պատասխանէ.
-Գեղեցկութեան տունէն:
-Անպայման փակ էր, հա՞, կ՚ըսէ երիտասարդը:
Պարզ է, որ գեղեցկութեան հանդէպ մարդոց ապրումները, ձգտումները, ըմբռնումներն ու տեսակէտները այլազան են, ոմանք՝ մակերեսային, ոմանք՝ խորունկ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Գաղտնիք մը չէ, որ տպագիր մամուլը կը նահանջէ իր տեղը տալով ելեկտրոնայինին: Այս երեւոյթը համաշխարհային է:
«Արամէ» ցուցադրասրահի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին եւ «Սիլվանա» ցուցադրասրահին համագործակցութեամբ, «Ժամանակակից արուեստի հայ վարպետներ» խորագրեալ ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ Մարտի 12-26 թուականներուն, «Սիլվանա» ցուցադրասրահին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Փորձառութիւնը լաւագոյն դաստիարակն է», կ՚ըսէ Թովմաս Քարլայլ։ Եւ իրապէս, եթէ գիտութիւնը եւ աշխատութիւնը անհրաժեշտ են յաջողութեան համար որեւէ մարզի մէջ, փորձառութիւնն ալ նոյնքան անհրաժե՛շտ է կատարելութեան համար։
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Վերջերս կը լսեմ, թէ ինչո՛ւ լռած եմ, չեմ շարունակեր «Օրագրութիւնս», որ ըստ իրենց՝ շատերուն օրագրութիւնն է: Բայց երբ մարդիկը յուսադրելու հիմքեր չունիմ, միայն ժխտականը յիշելն ալ ճիշդ չեմ գտներ, մանաւանդ որ փապուղին շատ ոլոր-մոլոր է, եւ վերջաւորութեան լոյսը չ՚երեւիր:
25 Մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սպիտակ Ռուսիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը: Պատրաստուելու համար այս մրցումին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, 21-25 Մարտին, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ:
Կլենտէյլի Հայ լեռնագնացներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Սոնա Արմէնեան վաթսունեօթ տարեկան տարիքին մրցանիշ մը հաստատած է՝ հանդիսանալով Մեքսիկայի բարձրագոյն` Օրիզապա լեռը մագլցած ամենատարեց կինը: Մինչ այդ, Օրիզապայի գագաթը, որ 5636 մեթր է, երրորդ ամենաբարձր գագաթն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Երկրորդ տարին ըլլալով Հայաստան այսօր կը միանայ «Կութ տէօ Ֆրանս/Կուտ Ֆրանս» ձեռնարկին, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Ֆրանսայի համը»:
Թուրքիա եւ Իրան կողմնակից՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման:
Անգարա եւ Թեհրան, հակառակ որոշ տարակարծութիւններու, կը խրախուսեն տարածքաշրջանի խաղաղութիւնը:
Փարիզի վերջին սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան զուգահեռ ձեռնարկուած հետաքննութեան շրջագծով շաբաթավերջին Պրիւքսէլի արուարձաններէն մէկուն մէջ ձերբակալուեցաւ 27-ամեայ Սալահ Ապտիւսսելամ։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ անցեալ շաբթուան կէսին իր լիազօրութիւններուն հիման վրայ դիտարկում մը իրականացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ դիտարկումէն յետոյ ան մեկնեցաւ Թիֆլիզ, ուր յայտնեց, թէ երկու կողմերէն տեղեկութիւններ ստացած է սահմանի վերջին զարգացումներուն շուրջ, տեղեկացած է անոնց անհանգստութիւններուն։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին ձօնուած «Իսթանպուլի աչքը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Յունաստանի Թէսաղոնիկէ քաղաքին մէջ։
Ահաբեկչական իրերայաջորդ յարձակումներու մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը ջանայ ամուր կանգնիլ վտանգներուն դէմ ու կը դիմադրէ ամրապնդելով միասնականութիւնը:
Պէյօղլուի մէջ շաբաթավերջին պատահած դէպքին ընթացքին վիրաւորուած Օքսէն Խաչանեանի դարմանումը կը շարունակուի Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցէն ներս:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պէյօղլուի մէջ շաբաթավերջին պատահած ահաբեկչութեան հետեւանքով վիրաւորուածներու շարքին կը գտնուի մեր համայնքէն Օքսէն Խաչանեան։
«Քրիստին Սալերի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային հինգերորդ նկարչութեան մրցոյթին ծրագիրը շաբաթավերջին գործադրուեցաւ մասամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսական ուժերուն Սուրիայէն հեռանալու որոշումը անսպասելի չէր: Միակ կարեւոր հարցումը, որ կ՚ուրուագծուէր, թէ ինչու հեռացումը կը կատարուէր այս հանգրուանին՝ տրուած ըլլալով, որ այդ ուժերուն Սուրիոյ մէջ տեղեկայուելու տուն տուող հիմնական պատճառը ցարդ չէ վերացած: