Արխիւ
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ մէջ որ-դեգրուած է նոր օրէնք մը՝ ամէն տարի աղբանոցներ նետուող մեծ ծաւալներով սննդեղէնի վատնումը կանխարգիլելու շարք մը միջոցառումներու մասին:
Շրնաքի մէջ այս առաւօտ նահատակուեցան երեք զինուորներ։ Դէպքը լայն արձագանգ գտաւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ եւ ստեղծեց մեծ ցաւ։
Արժանթինի Հայ կեդրոնի վարչութիւնը այսու կու գայ սրտի անհուն կսկիծով՝ գուժելու անակնկալ մահը երկար տարիներու իր նախագահին՝ յանձինս Ալպերթօ Ճէրէճեանի, որ նախընթաց օր սրտի կաթուածի պատճառով յանկարծամահ եղաւ, խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, բարեկամները եւ հայ գաղութի անդամները:
Լրագրող-հրապարակագիր Հայքօ Պաղտատ ետ ստացաւ իր անցագիրը։
Ատրպէյճան կը պատրաստուի նոր ռազմաօդանաւեր գնել Ռուսաստանէն:
Տիմիթրի Ռոկոզին տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ գործարան մըն ալ պիտի հիմնուի:
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ուշագրաւ յայտարարութիւնները՝ «Արեւելք» կայքէջին:
«Հակառակ ծանրակշիռ շրջափակումին, հալէպահայութիւնը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ»:
Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի ծննդեան 80-ամեակին եւ մասնագիտական գործունէութեան 60-ամեակին նուիրուած «Արուեստի աշխարհին մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսը բացուած է Երեւանի մէջ:
Յ. Ա.
Ամէն տարուան գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, այս տարի եւս Մոնթրէալի Թէքէեան մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) վարչութիւնը անդամական եւ համակիր լայն շրջանակի մը մասնակցութեամբ գնահատական ընդունելութեամբ մը շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան մշակութային մարզերէ ներս բեղուն եւ պատուաբեր աշխատանք կատարող անհատներու եւ յանձնախումբերու:
«Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ Երեւանի մերձակայքին ոստիկանական կեդրոնի մը բռնագրաւումով ծնունդ առած դէպքերու շարքը կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց երեք նոր գիրքեր՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով նոր բացայայտումները վերջին օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն հանրային կարծիքը։
Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ նոր շրջանի մը սկիզբը:
Փութին, Ռուհանի եւ Ալիեւ հրապարակեցին համատեղ հռչակագիր մը՝ եռակողմանի գործակցութեան ապագային շուրջ, մասնաւորապէս կարեւորելով ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներու ծրագրերը:
Էրտողան եւ Փութին այսօր ժամադրուած են Սեն Փեթերսպուրկի մէջ՝ հաստատելու համար սառցահալը:
Թուրքիա-Ռուսաստան բանակցութիւններուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը օրակարգի վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խօսինք կորուստներու վրայ, կը տեսնենք, թէ «կորուստ»ը իր ամենալայն իմաստով, ցաւ եւ վիշտ պատճառող երեւոյթ մըն է։ Կեանքի անխուսափելի երեւոյթներէն մէկն է կորուստը, քանի որ որքան բնական է շահիլ, ունենալ եւ պահել որեւէ արժէք, նոյնքան բնական է վնասուիլ, կորսնցնել եւ ունեցածէն կերպով մը բաժնուիլ, հեռանալ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան յայտնի մեկնաբանը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հարցազրոյց մը տուաւ՝ նոր գրքի հրատարակութեան առթիւ:
Աբրահամ Գասպարեան. «Անփոխարինելի ու անկրկնելի միակ փրկութիւնը կրթական յեղափութիւնն է»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի մէջ գրանցուող զինուորական մարտերը դարձեալ ստիպեցին, որ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա ու աւելի վերջ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պատկերասփռուած ելոյթներով խօսին տեղի ունեցող արագ զարգացումներուն մասին:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ամէն տարիք իր վարդն ունի, ըսենք. թէեւ երբեմն անոր փուշերը ա՛յնքան հատու կրնան ըլլալ... փշատենի կոչուելու չափ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օր դարձեալ գիրքերուս հետ էի: Կը փորձէի փոշիները մաքրել, ապա՝ կարգով կրկին անգամ շարել: Հաճելի զբաղում: Վերյիշումներու առիթ: Ինքնածին, միաժամանակ մեծ ցանկութիւն մը ունէի վերապրելու:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ բոլոր տեսակի նորարարութիւններու խճանկարին եւ քաոսին մէջ շատ ուրախալի է, որ Հայաստանի մէջ կ՚աճին ու կը տարածուին տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնց լաւ եւ տեղին օգտագործումը բնականաբար մեր յարատեւ պայքարին նոր եւ ազդու թափ կու տայ:
2018 թուականին Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաքը՝ Փիոնկ Շանկի մէջ տեղի ունենալիք ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն խորհրդանիշն է ճերմակ վագրը, կը տեղեկացնէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջը: