Արխիւ
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հրաժեշտի ընթրիք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալու համար կազմակերպուած երեկոյթին մասնակցեցան Գալֆաեան Տան պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Երէկ երեկոյեան Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմեկերպուեցաւ իֆթարի սեղան մը, որուն մասնակցիլ հրաւիրուած էին նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն դէմքեր։ Պէշիկթաշի «Four Seasons» պանդոկին մէջ, բացօթեայ սարքուած այս ընթրիքին տանտէրն էր Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար։
ԶԻՊԷՉ-ի վարչութիւնը եւ մասնագիտական անձնակազմը կը ձգտին խորացնել մեր վարժարաններու կրթական մշակներուն հետ իրենց համագործակցութիւնը՝ որպէսզի յատուկ խնամքի կարօտ աշակերտներու պարագային կատարուին աւելի գիտակից կարգադրութիւններ։
Հայաստանի քսան տարեկանէն վար պասքեթպոլի երիտասարդական հաւաքականը կը նախապատրաստուի Յուլիսին Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյենութեան:
Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի քուէարկողներուն մօտ ժողովրդականութեան համեմատութիւնը 6 կէտով կը գերազանցէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի ժողովրդականութեան համեմատութիւնը:
Տքթ. Շուշան Կարապետեան շահեցաւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան «Բացառիկ աւարտաճառ»ի մրցանակը, որ նուիրուած էր Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնի պահպանման եւ կը կրէր` «Ինչպէ՞ս երախաներուս սորվեցնեմ իմ կոտրտած հայերէնս» խորագիրը: Մրցանակին կ՚ընկերանայ 1000 տոլարի նիւթական վարձատրութիւն:
Երեւանի մէջ երէկ ձերբակալուեցաւ «Նոր Հայաստան» ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ, ազատամարտիկ Ժիրայր Սեֆիլեան։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն յառաջիկայ ամիս ժողով մը պիտի գումարէ Իսթանպուլի մէջ։ 10-20 Յուլիս թուականներուն, Թուրքիոյ տանտիրութեամբ նախատեսուած է կոմիտէին 40-րդ ժողովը։ Նիստի ընթացքին որոշումներ պիտի ընդունուին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ նոր լրամշակումներու կատարման շուրջ։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ երէկ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեսակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որոնք շարունակեցին քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։
Երեք ղեկավարները համամիտ են, թէ կարգ մը հարցերու շուրջ փոխըմբռնման հասնիլը պիտի ապահովէ լուծման ճանապարհին յառաջընթացի արձանագրումը։
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը այս օրերուն դարձեալ գետի նման վարարած է մեր համայնքի օրակարգին վրայ։ «Միտք» հարթակին անունով, Թադէոս Պէպէք երէկ թերթիս յայտնեց, որ վաղը Գումգաբուի մէջ ցոյց մը պիտի կատարեն հերթական անգամ համայնքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար այս խնդրին վրայ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կարեւոր է եւ շատ կարեւոր՝ զանազանել էականը թէականէն: Վերջերս Դիմատետրէն երկու անձեր մականունիս մասին ակնարկութիւն ըրին եւ նոյնիսկ... առաջարկեցին, որ փոխեմ, ի հարկէ հայեցիութենէ բխած հոգիով:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի «Առաջին Մաս» կոչուող թաղամասին մէկ անկիւնը, հին կառոյցներով շրջապատուած անմարդաբնակ վայրի մը մէջ, հետաքրքրական աշխատանոց մը կայ: Այդ արհեստանոցը վարձած է սուրիահայ Շանթ Խայալեան, որ քաղաքի աղմուկէն քիչ մը հեռու, անվրդով կը կատարէ իր աշխատանքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Համբերութիւնը կեա՛նք է», կ՚ըսեն, բայց ժողովրդական իմաստութիւնը անմիջապէս ետք կ՚աւելցնէ. «Համբերութիւնը կեանք է, շատն ալ տանջա՛նք է…»։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն գործադրութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին եւ Ս. Վլատիմիր ուղղափառ ճեմարանին (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) միջեւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։
Արամ Խաչատուրեանի ի յիշատակ խմբավարներու 12-րդ միջազգային մրցոյթը:
WFIMC-ի 60-րդ ընդհանուր ժողովը վերջին օրերուն գումարուեցաւ Երեւանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը խորհիմ երբեմն, երբ յաճախ կը լսենք սա խօսքը, թէ՝ «մարդ սխալակա՛ն է», արդեօք պատրուակ մը, կամ արդարացո՞ւմ մըն է, եւ կամ կեղծ պատճառ մը մարդուս գործած սխալներուն համար։ Կարելի է խորհիլ, թէ «դիմա՛կ» մըն է այս խօսքը սխալանքները արդարացնելու համար։
Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք նշանակուեցաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի նախագահ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այս պաշտօնին կոչուեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կարգադրութեամբ։
Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքութիւնը արդէն երեք ամիսէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ՝ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս 1990-ական թուականներուն պատահած մանկապղծութեան վերաբերեալ պնդումները, որոնք վերջին շրջանին արձագանգ գտած էին կարգ մը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ՝ Ֆրանսայէն եւ Իսրայէլէն։
«Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» սուրիահայութեան մասին ձեռնարկ մը:
Սարմեն Պաղտասարեան. «Դժբախտաբար Սուրիոյ մէջ որեւէ դրական զարգացում չէ արձանագրուած»:
Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ, Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր դարձեալ կը տեսակցին Սէն Փեթերսպուրկի մէջ:
Փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանի համոզմամբ, նախագահներու հանդիպումը լուրջ փորձութիւն մը կը համարուի Ատրպէյճանի տեսակէտէ: