Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Christian Dior նո­րա­ձե­ւու­թեան տու­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է նոր կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէ­նը, որ նուի­րուած է La Rose des Ventes զար­դե­րու հա­ւա­քա­ծո­յի նոր շար­քի թո­ղարկ­ման:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ի­տա­լա­կան Fendi նո­րա­ձե­ւու­թեան տու­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է պա­յու­սակ­նե­րու նոր հա­ւա­քա­ծոն՝ նա­խա­տե­սուած գա­րուն/ա­մառ-2016 ե­ղա­նա­կին հա­մար:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ի­տա­լա­ցի ձե­ւա­գէտ եւ նո­րա­ձե­ւու­թեան տան հիմ­նա­դիր սե­փա­կա­նա­տէր Ճիոր­ճիօ Ար­մա­նի հրա­ժա­րած է բնա­կան մորթ օգ­տա­գոր­ծե­լէ իր նոր հա­ւա­քա­ծո­յի ստեղծ­ման ժա­մա­նակ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

1954 թուա­կա­նէն ի վեր Մո­նա­քո­յի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Վար­դե­րու տօ­նա­հան­դէս բա­րե­գոր­ծա­կան ե­րե­կոն, զոր պար­տա­դիր ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ կը պա­տուեն Մո­նա­քո­յի իշ­խա­նա­կան տոհ­մի  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­ձեռ­նէ «Տա­տիս սնդու­կը» թե­մա­յով ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի ցու­ցադ­րուին ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ կամ ան­հատ­նե­րու մօտ նա­խորդ սե­րունդ­նե­րէն պահ­պա­նուած ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ եւ կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Քան­նի հեր­թա­կան՝ 69-րդ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յի­սի 11-22 թուա­կան­նե­րուն: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի այս առ­թիւ կը ներ­կա­յա­ցուի պաս­տառ մը, որ ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ իր ծրագ­րին հա­ւա­սար:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­ցոյ­ցով Մարտ 21-ին մեկնար­կեց Ա­ւագ շա­բա­թը, որ նաեւ կ՚ա­նուա­նուի «Չար­չա­րա­նաց շա­բաթ»: Ա­նի­կա Մեծ պահ­քի վեր­ջին շա­բաթն է եւ կը խորհր­դան­շէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի երկ­րա­յին կեան­քի կա­րե­ւոր շրջա­նը՝ վեր­ջին օ­րե­րու ու­սու­ցումնե­րը, չար­չա­րանք­նե­րը, մա­հը եւ յա­րու­թիւ­նը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​«Վեր­ջա­բան»ով մը սկսինք. մեր այ­սօ­րուան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։
«Վեր­ջա­բան»ը, ի­րա­կա­նին, Պետ­րոս Դու­րեա­նին մէկ քա­ռեա­կին վեր­նա­գիրն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մէն ներս Նի­սի տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կուի։ Թէեւ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի վեր­ջին ջան­քե­րուն շնոր­հիւ կան յոյ­սի նշոյլ­ներ, սա­կայն գործնա­կան ար­դիւն­քը կը բա­ցա­կա­յի։ Առ­կայ վի­ճա­կին մէջ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ»ի սիւ­նակ­նե­րուն յայտ­նուե­ցաւ Նի­սէն Նու­պար Սե­րով­բեա­նի յօ­դուա­ծը, զոր կ՚ար­տատ­պենք յա­պա­ւում­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

​Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս լսումներ՝ նոր ընտրական օրէնսգրքին կապակցութեամբ:
Նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան անդրադարձաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկներուն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ պե­տա­կան բարձր պար­գեւ­ներ յանձ­նեց «Փիւ­նիկ» մարդ­կա­յին մի­ջոց­նե­րու զար­գաց­ման հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր մարմ­նի եւ հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, նաեւ շարք մը ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Հաք­քեա­րիի եւ Մար­տի­նի մէջ պատ­ճառ դար­ձաւ անվ­տան­գու­թեան հինգ պաշ­տօ­նեա­նե­րու նա­հա­տակ­ման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա։ Այս առ­թիւ ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէյ­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016

Թուրք պատ­մու­թեան հիմ­նար­կը (TTK) կը պատ­րաս­տուի հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ լայ­նա­ծա­ւալ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նով մը հան­դէս գալ։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016

Շա­բա­թա­վեր­ջին Պէ­յօղ­լուի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած մեր հա­մայն­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն Օք­սէն Խա­չա­նեան ե­րէկ ար­դէն դուրս ե­կաւ Շիշ­լիի «Էթ­ֆալ» հի­ւան­դա­նո­ցէն, ուր դար­ման­ման տակ առ­նուած էր դէպ­քէն վերջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016

​Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յաջորդ ամիս պիտի ներկայացուին Քալումենոյի հաւաքածոյէն ընտիր նմոյշներ:
Քարտփոստալներու հետքերով. «Թուրք-հայ յարաբերութիւններուն մէջ ո՛չ թէ մոռնալու, այլ յիշելու ժամանակը»:

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016

Պրիւք­սէ­լի օ­դա­կա­յա­նին մէջ այս առա­ւօտ պա­տա­հե­ցաւ ա­հա­ւոր եր­կու պայ­թում, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան «American Airlines» ըն­կե­րու­թեան ճամ­բորդնե­րու ար­ձա­նագր­ման տա­ղա­ւարնե­րու մեր­ձա­կայ­քին։ Սկզբնա­կան տուեալ­նե­րով 17 հո­գի զո­հուե­ցաւ, ա­ւելի քան 30 հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Աւելի վերջ պայթում մըն ալ պատահեցաւ քաղաքի մեթրոյին մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Զատ­կի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պեց եր­կօ­րեայ քէր­մէս մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ այ­ցե­լու­ներու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան սա­նուց միութեան եր­դի­քին տակ շա­բա­թա­վերջին ե­րաժշ­տա­կան ո­գե­ւոր ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ քա­ղա­քիս Ա­սիա­կան ա­փի հա­մայն­քա­յին ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016

Յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 1-ին Թուր­քիոյ մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի ցու­ցադ­րուի «Կորս­տեալ թռչուն­ներ» անուն ժա­պա­ւէ­նը, ո­րուն հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպասէ շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հը։

Էջեր