Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

​Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Իս­թան­պու­լի մէջ ան­ցեալ շա­բաթ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին շուրջ մա­տու­ցած են հե­տաքրք­րա­կան տուեալ­ներ։ Սի­սի եր­բեմ­նի մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու նպա­տա­կով Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին ա­ռըն­չու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս ա­սու­լի­սը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­ղանդ», «հեր­ձուած» եւ «հե­րե­տի­կո­սու­թիւն»՝ այս ե­րե­քը շար­ժում­ներ են, ո­րոնք ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քէ շե­ղած վար­դա­պե­տու­թիւն կը մշա­կեն, ոչ-ուղ­ղա­փառ տար­բեր ու­սու­ցու­մով վար­դա­պե­տու­թիւն կը քա­րո­զեն։ Թէեւ ե­րեքն ալ «շե­ղում» են ուղ­ղա­փառ վար­դա­պե­տու­թե­նէ եւ դա­ւա­նան­քէ, բայց իւ­րա­քան­չիւ­րին բնոյ­թը տար­բեր է՝ թէ՛ ծագ­ման, թէ՛ զար­գաց­ման եւ թէ տա­րած­ման տե­սա­կէ­տէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

Չի­նաս­տա­նի Տա­լիան քա­ղա­քի օ­տար լե­զու­նե­րու հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կա­յա­ցաւ բա­ցու­մը Չի­նաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին հա­յա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նին, որ հնա­րա­ւոր ե­ղաւ ի­րա­կա­նաց­նել Ե­րե­ւա­նի Վ. Պրիւ­սո­վի ա­նուան լե­զուա­հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եւ Տա­լիա­նի օ­տար լե­զու­նե­րու հա­մալ­սա­րա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քով: Այս մա­սին յայտ­նեց Չի­նաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հայ եւ ա­զէ­րի կող­մե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն կը տրա­մադ­րեն ի­րե­րա­մերժ տուեալ­ներ։ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­ցին, թէ հա­րուած­ներ հաս­ցուած են հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարը փութաց խրախուսելու Ինճիրլիքի ռազմախարիսխի անձնակազմը:
Ռուս եւ ամերիկեան կողմերուն միջեւ այսօր բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճօ Պայտընի հետ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015

​Եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներու հետ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման ուղղեալ ջանքեր:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ դեսպանները անդրադարձան տարածքաշրջանային ու միջազգային հրատապ հարցերուն:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Աւանդական բաժակի օրը երէկ սանուց միութեան երդիքին տակ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները:
Յոբելեար դասարանի ընթացաւարտները զիրար վերագտան աշակերտական տարիներու բարձր տրամադրութեամբ եւ դպրոցին նկատմամբ երախտագիտութեամբ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Ա­մա­նո­րի ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սը շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թաց­նե­րու հի­ման վրայ այս քէր­մէ­սը հան­դի­սա­ցաւ բազ­մա­թիւ թա­ղե­րէ ժա­մա­նած հա­մա­կիր­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

​Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ հերթական անգամ նոյնացաւ մեր համայնքին հետ:
Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի ծախսերը հաւասարակշռելու համար թաղային խորհուրդը միջոց մը եւս պիտի մնայ որոնումներու մէջ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ Հա­յաս­տան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ճամ­բոր­դեց Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով եւ Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ դի­մա­ւո­րուե­լէ վերջ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Մայ­րա­վանք, ուր կ՚ի­ջե­ւա­նի իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ 9 Դեկ­տեմ­բեր 2015, Չո­րեք­շաբ­թի, իր եր­կու միա­բան­նե­րը՝ Տ. Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան եւ Տ. Պետ­րոս Վրդ. Մա­նուէ­լեան Իս­թան­պուլ գա­լով մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քած են Կա­լա­թա­սա­րա­յի «Ճե­զա­յիր» հա­մա­լի­րին մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

Վերջին շուրջ տասը օրուան ընթացքին Արցախի ճակատին վրայ չորս հայ զինուոր նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կրակով:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի խօսքով, Պաքուի կողմէ իրավիճակի սրումը ապտակ է միջազգային հանրութեան դէմ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

​Հանրապետութեան նախագահը Թիւրքմենիստանի մէջ կրկնեց, որ ահաբեկչութիւնը պիտի յաղթահարուի միասնական ջանքերով:
Աշխապատի շփումներուն շրջագծով Էրտողան տեսակցեցաւ Պերտիմուհամէտովի, Մարկվելաշվիլիի եւ Ճիհանկիրիի հետ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

«Պողազիչի» համալսարանի Իգական հետազօտութիւններու ակումբին նախաձեռնութեամբ թատերական խանդավառ երեկոյթ։
Ձեռնարկի ընթացքին բեմին վրայ տողանցեցին այն կերպարները, որոնք մանկութեան ու երիտասարդութեան շրջանին ուղեցոյց եղած էին Եսայեանին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­յին պա­տուի­րան մըն է՝ մար­դուս ա­ռա­ջին ան­մեղ վի­ճա­կին մէջ իսկ տրուած Աս­տու­ծոյ կող­մէ՝ մարդ ա­րա­րա­ծին. «Եւ չոր­րորդ գե­տը Եփ­րատ է։ Եւ Տէր Աս­տուած ա­ռաւ մար­դը ու Ե­դե­մի պար­տէ­զին մէջ դրաւ, որ­պէս­զի զա­նի­կա մշա­կէ ու պա­հէ» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Ու­րեմն, կը տես­նուի, որ աշ­խա­տան­քը եր­բեք պա­տիժ մը չէ՛ մար­դուն, այլ՝ կո­չում մը, ա­րար­չու­թեան պատ­ճառ եւ հե­տե­ւանք­նե­րէն մի՛ն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015

Հար­պի­յէի  Սէն թ՚Էսփ­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հա­մերգ մը։ Այս առ­թիւ հան­դէս ե­կան «Ո­մանք» եւ «Սա­յաթ Նո­վա վո­քալ» խում­բե­րը։ Հայ­կա­կան տոհ­միկ կամ դա­սա­կան գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցեալ եր­գա­ցան­կի մը հե­տե­ւե­ցան ունկն­դիր­նե­րը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տա­րի­քի մա­սին հար­ցե­րը չեն վեր­ջա­նար։ Ա­հա­ւա­սիկ տա­րի­քի մա­սին հարց մը եւս, թէ՝ ո­րո՞նք են կեան­քի ա­մե­նա­լաւ տա­րի­նե­րը։ Ան­շուշտ հարց մը՝ ո­րուն տրուած պա­տաս­խա­նը կը փո­խուի ա­մէն մէկ ան­ձի նկատ­մամբ՝ իր ապ­րած կեան­քին հա­մե­մատ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015

«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
«Ա­րե­ւել­ք» Հա­լէ­պի իր աղ­բիւ­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցած է  մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի հա­յա­հոծ «Նոր Գիւ­ղ» շրջա­նին մա­սին: Ըստ մեր աղբ­բիւ­րին «Նոր Գիւ­ղ­»ը կամ ա­րա­բա­կան ա­նուա­նու­մով «Հայ Ալ Մի­տա­ն» շրջա­նը  պա­տե­րազ­մա­կան հատ­ման սահ­մա­նա­յին գիծ ըլ­լա­լու ընդ­հա­նուր դրու­թեան հե­տե­ւան­քով դար­ձած է գրե­թէ ան­մար­դաբ­նակ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու նա­խըն­թաց օր Ան­գա­րա­յի մէջ կազ­մա­կերպուած մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը ներ­կա­յա­ցուց Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թեան գործ­նա­կան ծրա­գի­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ մէկ տա­րուան հա­մար որ­դեգ­րուած նպա­տակ­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ վար­չա­պե­տը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ նա­խա­տե­սուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն եւ առ­նուե­լիք քայ­լե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Էջեր