Արխիւ

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Լոս Ան­ճե­լը­սէն Վար­դան եւ Սի­րա­նոյշ Գէոր­գեան­նե­րը, ո­րոնք տեղ­ւոյն հա­մա­նուն պա­րի ա­կա­դե­միոյ հիմ­նա­դիր­ներն են։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նեց ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րիչ հան­գու­ցեալ Ան­րի Վեր­նէօ­յի որ­դին՝ Փաթ­րիք Մա­լա­քեա­նը, ո­րուն հետ էր նաեւ ֆրան­սա­հայ գոր­ծա­րար Ռե­նի Մե­քե­նե­ճեան։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ջան­քե­րով ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­նո­նա­ւոր թա­փով կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ երկ­րէն ներս։ Այս շրջագ­ծով կա՛մ կը վե­րա­նո­րո­գուին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ճա­նա­պարհ­նե­րը եւ կամ կը կա­ռու­ցուին նո­րե­րը։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ «Տնտե­սա­կան օ­րա­կարգ» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղով մը, ո­րու բա­ցու­մին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան։ Հե­ռուս­տալ­րագ­րող Ար­տակ Ա­լեք­սա­նեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած բաց­ման նիս­տի միւս ա­տե­նա­խօս­ներն էին նա­խա­րար­ներ՝ Վա­չէ Գաբ­րիէ­լեան եւ Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թիւ­նը կը սգայ Հա­յաս­տա­նի Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան բազ­մա­մեայ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն, «Շախ­մա­տա­յին Հա­յաս­տան» հան­դէ­սի գլխա­ւոր խմբա­գիր Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեա­նի մա­հը։ Սա իս­կա­պէս լուրջ կո­րուստ մըն է ճատ­րա­կի աշ­խար­հին հա­մար։ Գա­գիկ Յով­հան­նի­սեան քա­նի մը օր ա­ռաջ մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Ե­րե­ւա­նի մէջ, խոր ցաւ յա­ռա­ջաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նի ճատ­րա­կի ըն­տա­նի­քին մօտ։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տու­թեան փայ­լուն հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նը։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ, «Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր օր մը։ «Կրթու­թեան կա­ռա­վա­րում» մաս­նա­գի­տու­թեան մա­գիստ­րոս­նե­րու շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դի­սու­թեան առ­թիւ ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հայաստանի չորրորդ միջազգային բժշկական համագումարը երէկ եզրափակուեցաւ:
Սարգսեան կարեւորեց սփիւռքեան մասնագէտներու ներդրումը՝ երկրի առողջապահական համակարգի զարգացման գծով:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­գիպ­տո­սի Սի­նա նա­հան­գին մէջ ար­ձա­նագ­րուած դէպ­քե­րը կրնան բա­ւա­կան բարդ ի­րադ­րու­թիւն ստեղ­ծել զօրավար Ապ­տըլֆաթ­թահ Ալ Սի­սիի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Երկ­րին մէջ իշ­խա­նա­զուրկ ե­ղած եւ մա­հուան դա­տա­պար­տուած նախ­կին նա­խա­գահ ՝ Մու­համ­մէտ Մուր­սիի բան­տար­կու­թենէն ի վեր այս մա­կար­դա­կի ծանր բա­խում­ներ չեն գրանցուած:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

​Ռուսաստան Հայաստանի հետ կը բանակցի հրթիռային համակարգերու վաճառքի շուրջ:
Մոսկուայի ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան բնագաւառի աղբիւրներուն ուշագրաւ պնդումները:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ ա­նի­րաւ­ներ կը քա­լեն մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ, իսկ ար­դար­ներ եւ ի­րա­ւա­ցի­ներ նկուն են ընդ­հան­րա­պէս։ Հին շրջան­նե­րէ ի վեր այս ի­րո­ղու­թիւ­նը չէ՛ փո­խուած՝ չա­րա­միտ­ներ կը յա­ջո­ղին եւ ար­դար­ներ կը ձա­խո­ղին։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ մար­դա­սի­րա­կան ծրագ­րե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուող տասն­վեց հայ ու­սա­նող­ներ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն։ Այդ ու­սա­նող­նե­րը Հա­յաս­տան մեկ­նած են Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Լի­բա­նա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն եւ Ֆրան­սա­յէն։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց խմբագ­րա­տունս, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կինք ու եր­կիր Աս­տու­ծոյ փառ­քը կը պատ­մեն ան­տա­րա­կոյս։ Միան­գա­մայն՝ յե­տին մաս­նի­կը «ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մեծ ծրագ­րին»։ Ցո­րե­նա­հա­տիկ մը, մէկ հա­տիկ գե­ղե­ցիկ ծա­ղիկ մը, դեղ­նած կամ կա­նաչ տե­րեւ մը, ձիւ­նի փա­թիլ մը, խո­տի անն­շան շեղբ մը, եւ հա­զար ու մէկ, տե­սակ տե­սակ բնու­թեան հրա­շա­լիք­ներ, վեր­ջա­պէս այն մի­լիո­նա­ւոր միա­ւոր­նե­րը՝ ո­րոնց­մով կը ստեղծուի, կը յօ­րի­նուի բնու­թեան հիա­նա­լի՜ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

Հայաստանի չորրորդ միջազգային համագումարին շրջագծով բազմակողմանի աշխատանք Երեւանի մէջ:
Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայկական բժշկական միջազգային կոմիտէի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ համախմբուած շուրջ երկու հազար մասնագէտներ կը կեդրոնանան բազմաբնոյթ առաջնահերթութիւններու վրայ:

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

Ռու­սաս­տան 200 մի­լիոն տո­լար պե­տա­կան ար­տած­ման վարկ պի­տի տրա­մադ­րէ Հա­յաս­տա­նին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին ըն­թաց­քին ե­րես­փո­խան­նե­րը քննար­կե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ Յու­նի­սի 26-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ ստո­րագ­րուած հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թիւ­նը հա­ւա­նու­թիւն տուաւ նոր Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան մը ստեղ­ծե­լու ծրագ­րին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րան» հրա­տա­րակ­չու­թեան ա­ռա­ջար­կին հի­ման վրայ ներ­կա­յա­ցուած է այս ծրա­գի­րը։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի գրող Վա­լե­րի Թո­րա­նեա­նի «Օ­տա­րը» գիր­քը ար­ժա­նա­ցաւ «Մա­տամ Ֆի­կա­րօ» մրցա­նա­կին։ «Մա­տամ Ֆի­կա­րօ»ն յայտ­նի «Լը Ֆի­կա­րօ» օ­րա­թեր­թի կա­նանց յա­ւե­լուածն է, որ ու­նի բա­ւա­կան լայն տա­րա­ծում ու կը կազ­մա­կեր­պէ նման մրցոյթ մը։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ պի­տի այ­ցե­լէ Լոն­տոն եւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս պի­տի գայ Անգ­լիոյ Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ար­քու­նի կա­ճա­ռին մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րով ան պի­տի խօ­սի Chatam House-ի եր­դի­քին տակ, ինչ որ զայ­րոյթ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Պա­քուի մօտ։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015

Փարիզի «Գէորգ Արապեան» նորակառոյց նախակրթարան-միջնակարգը վաղը պաշտօնապէս պիտի բանայ իր դռները:
Վարժարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան պիտի մասնակցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետները՝ Յովիկ Աբրահամեան եւ Մանուէլ Վալս:

Էջեր