Արխիւ

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իս­րա­յէ­լի քա­ղա­քա­կան հան­րու­թեան հա­մար ա­մե­նէն նշա­նա­կա­լից ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը Հեր­ցի­լիա քա­ղա­քին մէջ կա­յա­ցած ա­մէ­նա­մեայ խորհր­դա­ժո­ղովն է (Իս­րա­յէ­լի «Ազ­գա­յին անվտ­ան­գու­թեան եւ դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեա­ն» հա­մա­ժո­ղով)։ 2000 թուա­կա­նէն ի վեր ա­մէ­նա­մեայ դրու­թեամբ գու­մա­րուող այս ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին կը ներ­կա­յա­ցուին Իս­րա­յէ­լը յու­զող հար­ցե­րը եւ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ հրա­ւի­րուած հրեայ մաս­նա­գէտ­ներ ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս կու գան:

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷ­ՃԵԱՆ

Յու­նի­սի կէ­սե­րուն Հա­յաս­տան, հայ ժո­ղո­վուրդն ու հայ եր­գը հրա­ժեշտ տուին մեծ ա­րուես­տա­գի­տու­հիի մը՝ երգ­չու­հի եւ եր­գիչ­նե­րու դաս­տիա­րակ Օ­ֆե­լիա Համ­բար­ձու­մեա­նին, ո­րուն մեկ­նու­մով մեր ժո­ղովր­դա­կան եր­գի պատ­մու­թեան մէջ  դա­րաշր­ջան մը վերջ գտաւ:

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016

Կիւմ­րիի «Հոկ­տեմ­բեր» շար­ժան­կար-թա­տե­րաս­րա­հին մէջ Յու­լի­սի 7-ին սկսաւ «Մենք ենք, մեր ֆիլ­մե­րը» փա­ռա­տօ­նը: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, «The Name Production»ի կող­մէ ար­դէն երկ­րորդ տա­րին ի­րա­կա­նա­ցուող փա­ռա­տօ­նը նպա­տակ ու­նի հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծուած ժա­պա­ւէն­նե­րը:

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ «ա­ռող­ջու­թիւն»ը իր ընդ­հա­նուր եւ լայն ա­ռու­մով, պէտք չէ՛ հասկ­նալ միայն «մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թիւն»։ Ար­դա­րեւ, մարդ միայն մարմ­նա­ւոր էակ մը չէ, այլ նաեւ՝ հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր, բա­նա­կան էակ մըն է։ Ու­րեմն չի բա­ւեր միայն «մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թիւն»ը՝ կա­տա­րեալ ա­ռողջ մարդ մը ըլ­լա­լու հա­մար, հա­պա պէտք է նաեւ հո­գե­կան ու մտա­յին ա­ռող­ջու­թիւ­նը, ը­սենք՝ կա­տա­րե­լու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

Այս շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս կը բացուի Երեւանի շարժանկարի միջազգային փառատօնը:
Ձեռնարկը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին՝ պատրաստուած ճոխ ծրագրով:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պէտք է խոս­տո­վա­նինք, թէ մեր ա­մէն կար­դա­ցա­ծին չենք հա­ւա­տար, մա­նա­ւանդ երբ գրուա­ծին նիւ­թը «անձ» մըն է։ Յա­ճախ խոր­հած ենք թէ՝ ե­թէ նոյն գրուածք­նե­րը տա­րի­ներ վերջ կար­դա­ցուին, կար­դա­ցող­ներ պի­տի կար­ծեն կամ պի­տի են­թադ­րեն, որ իր մա­սին գրուած «անձ»ը՝ «դի­ցա­բա­նա­կան հսկայ» մըն է իր ի­մա­ցա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րո­վը եւ գե­ղա­րուես­տա­կան տա­ղան­դո­վը։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի Աշ­տա­րա­կի Կարմ­րա­ւո­րի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին հա­տուա­ծին պահ­պա­նուած որմ­նան­կար­նե­րու մաքր­ման եւ վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տած են:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

Հա­յաս­տան կա­տա­րած իր ե­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը ա­ռա­քե­լա­կան օրհ­նա­գիր շնոր­հեց ԳՈ­ՀԱՐ նուա­գա­խում­բի եւ երգ­չա­խում­բի հիմ­նա­դիր Գո­հար Խա­չա­տու­րեա­նին:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

Իսրայէլի խորհրդարանին մօտ օրակարգի վրայ եկաւ հայկական հարցին մասին բանաձեւ մը:
Կառավարութեան առաջարկին զուգահեռ՝ Քնեսեթի անդամները որոշեցին նիւթը յղել յանձնաժողովի քննարկման:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

Վար­շա­ւիոյ մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՆԱ­ԹՕ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ կը զբա­ղեց­նէ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի վրայ։ Եր­կօ­րեայ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին կը վե­րագ­րուի ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն՝ հա­մաշ­խար­հա­յին հրա­տապ հիմ­նախն­դիր­նե­րու ըն­թաց­քին եւ ա­նոնց նկատ­մամբ դա­շին­քի դիր­քա­ւոր­ման ա­ռու­մով։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Միտքս պար­զեմ: Քա­ջա­տե­ղեակ էք, շատ հա­ւա­նա­բար՝ ա­յո՛, թէ Յու­նիս 24-ին, ե­ռօ­րեայ իր այ­ցե­լու­թեամբ, Հա­յաս­տան ե­կաւ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­յա­պետ, հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ եւ Վա­տի­կան պե­տու­թեան ղե­կա­վար Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տին հա­մար մեծ յաղ­թա­նակ կը հա­մա­րուէր վե­րա­տի­րա­նալ իս­րա­յէ­լեան այն հրա­սայ­լե­րէն մէ­կուն, որ բռնագ­րուած էր 1982 թուա­կա­նին լի­բա­նա­նեան Պե­քաա­յի մէջ: Իս­րա­յէ­լի Լի­բա­նան ներ­խուժ­ման ըն­թաց­քին տե­ղւոյն «Սուլ­թան Եա­գու­պ» շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ճա­կա­տա­մար­տի ա­տեն սու­րիա­կան բա­նա­կը յա­ջո­ղած էր գրա­ւել իս­րա­յէ­լեան քա­նի մը հրա­սայ­լեր, ո­րոնք ա­ւե­լի ուշ տա­րուած էին Մոս­կուա: Այդ ռազ­մի ա­տեն քիչ չէր ռուս մաս­նա­գէտ­նե­րու ցու­ցա­բե­րած նե­ցու­կը Սու­րիոյ բա­նա­կին, ու այդ հրա­սայ­լե­րուն գրա­ւու­մը կը հա­մա­րուէր հա­մա­տեղ գոր­ծակ­ցու­թեան դրա­կան ար­դիւնք:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

Օպամա եւ Փութին հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ-ի ժողովին մասնակցելէ վերջ Սէրկէյ Լաւրով շուտով կ՚ուղեւորուի դէպի Պաքու:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու դար­ձանք, թէ ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Կեդ­րո­նա­կա­նի ըն­տա­նի­քի ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն մին՝ Ար­ման Շի­րին, որ իր սե­րուն­դի ե­զա­կի դէմ­քե­րէն մին էր եւ մեծ յար­գանք ու հա­մակ­րանք կը վա­յե­լէր ըն­կե­րա­յին կեան­քէ ներս։ Իր կո­րուս­տը խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Շատ պարզ է. մեր հա­մայն­քի ող­նա­սիւ­նը, ա­նոր ոտ­քի կանգ­նած մնա­լու, գո­յա­տե­ւե­լու եւ ազ­գա­յին կեն­սու­նակ կեան­քով ապ­րե­լու ե­րաշ­խիք­նե­րէն ա­մե­նէն հզօ­րը՝ հայ­կա­կան վար­ժա­րա՛նն է:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Սփիւռ­քի միակ հայ­կա­կան բար­ձա­գոյն կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը՝ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը, շրջա­նա­ւարտ­նե­րու նոր հունձք մը տուաւ եւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­փա­կին մէջ 148 ու­սա­նող­նե­րու յանձ­նեց ա­ւար­տա­կան վկա­յա­կան­ներ: Յա­ջո­ղու­թեան բերկ­րան­քին խառ­նուած էր յուզ­մուն­քը հրա­ժեշտ տա­լու կրթա­կան այն օ­ճա­խին, ուր ու­սա­նող­նե­րը ան­ցու­ցած են ի­րենց կեան­քի ա­մե­նէն հա­ճե­լի պա­հե­րը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Ժի­րայր Քը­լըչ­տաղ կը տե­ղե­կաց­նէ.-

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քէն եր­կու ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ Մի­լե­նա Այ­սե­լի եւ Ռաֆ­ֆի Քալք վեր­ջերս ա­ւար­տած են «Կե­տիկ» հա­մալ­սա­րա­նի Մար­զա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու ֆա­քիւլ­թէն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րուն հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­րա­ւոր կրթօ­ճա­խի պար­տէ­զին մէջ: Այս տա­րի վար­ժա­րա­նը կու տար իր 191-րդ պա­տուա­բեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

«Տողուշ» խմբակին եւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի միջեւ գոյացաւ նոր համաձայնութիւն մը:
Պէյօղլուի մէջ պիտի հիմնուի Թուրքիոյ առաջին միջազգային բնոյթով լուսանկարի թանգարանը, որ պիտի ցոլացնէ մեծանուն վարպետին ժողովածոները, կեանքն ու գործունէութիւնը: Ղեկավարութիւնը պիտի յանձնուի միջազգային մակարդակով մասնագէտներու խումբի մը՝ որպէսզի սերունդները աւելի լաւ ըմբռնեն անոր արդար արժէքը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Փա­քիս­տա­նի Պա­լուշս­տան քա­ղա­քին մէջ, Մա­յի­սի 21-ին, կը սպան­նուէր Թա­լե­պան շար­ժու­մի ղե­կա­վար Մոլ­լա Ախ­թար Ման­սու­ր: Վեր­ջին ա­տեն­նե­րուն ա­մե­նէն կարճ շրջա­նի մը հա­մար Թա­լե­պան շար­ժու­մը ղե­կա­վա­րած Ման­սուր կը սպան­նուէր ա­մե­րի­կեան ա­նօ­դա­չու սար­քի հրթի­ռով:

Էջեր