Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ Պետական շքանշան շնորհեց Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին, որ իր հրաւէրին ընդառաջ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ժողովը:
ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի կոչ ուղղեց՝ որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը վերածուի խաղաղութեան հնարաւորութեան:
Տատեան սանուց միութեան թատերախումբը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ «Hangisi Babası» անուն զաւեշտը միութեան թատերախումբին կողմէ պիտի բեմադրուի՝ բեմադրիչ Մերթ Ասութայի մականին ներքեւ։
Պատրիարքարանի մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հարցերու վերաբերեալ քննարկում մը։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին տեղեկացուցած էր այս մասին։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Կեանքը աւելի կը կապկէ արուեստը, քան արուեստը՝ կեանքը:
ՕՍԿԱՐ ՈՒԱՅԼՏ
Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն շրջագծով գագաթնային հանգրուան մը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ Սելման թագաւորը:
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Թէեւ հելլէնական առասպելաբանութեան մէջ գեղեցկութեան դիցուհին՝ Աֆրոտիթէն կը ծնի ծովու փրփուրէն, սակայն աւելի կանուխ շրջանին հին յոյները կը հաւատային, թէ ան՝ «գեղեցկութիւնը» կը յառաջանայ թարախէն: Այսինքն՝ ցաւէն, ցաւի յոռեգոյն տեսակէն:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ օրերուն Գարակէօզեան Տան պարտէզին մէջ նախատեսուած է մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ որպէսզի համայնքային շրջանակները ըմբոշխնեն այս խանդավառ յոբելեանին, այս յատկանշական հանգրուանին առթած ուրախութիւնը։
Ամբողջ աշխարհէն շուրջ վաթսուն կազմակերպութիւն իր օգնութիւնը առաջարկած է սուրիական Փալմիրա քաղաքի պատմական յուշարձաններու վերականգնման հարցին, յայտնած է Հոմսի նահանգապետ Թալալ էլ Պարազի: «Պատմական յուշարձաններու պահպանութեան վարչութիւնը գնահատած է վնասը եւ կը համագործակցի բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լիբանանահայ արուեստագիտուհի Շողիկ Թորոսեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ՝ խոր տպաւորութիւն գործելով իր ունկնդիրներուն վրայ:
«Երգը լաւագոյն միջոցն է հոգիներու ջերմացման, մերձեցման, դրական ու լուսաւոր զգացումներու հաղորդման համար»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ պատմութեան մէջ «ծիսական վէճեր» պատահած են Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս կը վկայեն պատմական զանազան իրադարձութիւններ։ Արդարեւ հարցը զուտ կրօնական մարզի մէջ տեսնել սխա՛լ է, քանի որ ան աւելի ընդարձակ գետնի վրայ՝ ընկերային փոխյարաբերութիւններու մակարդակով պէտք է դիտել եւ ըստ այնմ ուսումնասիրել։
Աւստրիայի իշխանութիւնները մտադիր են մասնաաւոր սեփականատիրոջմէ գնել այն տունը, ուր ծնած է նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլէր:
Ան պիտի գնուի, որպէսզի տունը նացիական գաղափարախօսութեան հետեւորդներու համար իւրօրինակ սրբատեղի չդառնայ:
Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։ Նազարպայեւ դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողակարգով։ Երկու երկիրներու նախագահները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը եւ տարածքաշրջանային ու միջազգային օրակարգի հրատապ նիւթերը։
Մոսկուա հակամարտ կողմերուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարը:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին: Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ յառաջիկայ օրերուն կամ նոյնիսկ ժամերուն Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը պիտի ժամանեն Ստեփանակերտ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Եթէ մօտէն կը հետեւինք հայ սփիւռքի ամէնօրեայ հեւքերուն, մտահոգութիւններուն եւ մանաւանդ մաշումին, այն ժամանակ միայն կրնանք հասկնալ, թէ տակաւին դամոկլեան սուրի նման անոր գլխուն կախուած է տխուր եւ վշտալի իրականութիւնը:
ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին, որուն կը յաջորդեն երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու վրայ Պելժիա եւ Չիլի:
Մէջբերումներ՝ Զոհուած Ազատամարտիկներու Մայրերու Խօսքերէն…
Ուքրայնոյ Վարչապետ Արսենի Եացէնեուք հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան իր հրաժարականին մասին յայտարարեց շաբաթական իր հեռուստաելոյթին ընթացքին։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետ Նեչիրվան Պարզանի երէկ շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածքաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները, ուժանիւթի եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն շուրջ խնդիրներ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը՝ գլխաւորութեամբ ՓՔՔ-ի եւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) խմբաւորման դէմ քայլերը։
