Արխիւ
Իրան կը պատրաստուի եռապատկել դէպի Հայաստան մատակարարած կազին ծաւալը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են ԵԱՀԿ-ի դիտորդական խումբի ընդլայնման շուրջ՝ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին եւ հայ-ազէրի սահմանին երկայնքով։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով երէկ նոր կասկածեալներ հսկողութեան տակ առնուեցան։
«Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբը երէկ պատանդ առաւ խումբ մը բժիշկներ:
Երեւանի իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի մտահոգիչ համեմատութիւններու կը հասնին:
Էրտողան, Եըլտըրըմ եւ Աքար երկար խորհրդակցութիւն մը ունեցան Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի նիստին ընդառաջ:
1684 հոգի դուրս թողուեցաւ բանակի շարքերէն:
Թուրք զինեալ ուժերէն թափով կ՚արտաքսուին ձախող պետական հարուածին մասնակցած հերձատիրական խումբին անդամները: Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ձերբակալման պահանջով Անգարա յաւելեալ փաստերու թղթածրար մը ներկայացուց Ուաշինկթընին: Հանրապետութեան նախագահը կապ կը պահէ օտար ղեկավարներու հետ:
Թէ՛ Եըլտըրըմ եւ թէ Քըլըչտարօղլու նոյն մօտեցումը ունին Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ճակատագրին շուրջ:
Ազգային մեծ ժողովը որոշեց յանձնախումբ մը կազմել՝ Յուլիսի 15-ի դէպքերու հարցաքննութեան համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եղծ Աղանդոց»ի հեղինակը՝ Եզնիկ, ոսկեդարեան այս պատկառելի գրիչը՝ Ե. դարու ամենէն ինքնատիպ եւ ուշագրաւ մատենագիրներէն մէկն է եղած։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հոգեւորականաց դասը վերջերս համալրուեցաւ երկու լաւ պատրաստուած նորաօծ երիտասարդ քահանաներով։
Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած գործունէութիւններուն շրջագծով:
Նաժտա Շատեան եւ Սօնա Մենթեշէ բացատրութիւններ տուին լեզուի օգտագործումը խրախուսելու ուղղեալ այս կարեւոր նախաձեռնութեան շուրջ: Գնալըի բարձունքին այս ծրագիրը պիտի համախմբէ տասնեակ պատանիներ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Բնութեան պարգեւներէն մէկն ալ արցունքն է - յուզումի արտայայտութիւն ե՛ւ ուրախութեան ե՛ւ տխրութեան պահերուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սամէհ Շուքրի պաշտօնական այցով կը ժամանէր Իսրայէլ: Վերջին անգամ Թել Աւիւ այցելող եգիպտացի արտաքին գործոց նախարարը՝ Ահմատ Ապու Ալ Ղայտն էր եւ այցը կը կատարուէր ինն տարի առաջ՝ 2007 թուականին:
Կիրակի, 24 Յուլիս 2016-ին, Երեւանի Թէքէեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ, Հայրենիքի մէջ ՌԱԿ-ի Պատանեկան-ուսանողական շարժման մէջ պատմական նշանակութիւն ունեցող անդրանիկ հաւաքը:
Ֆրանսա երէկ ցնցուեցաւ հերթական սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեամբ։ Երկրի Նորմանտիի շրջանի Ռուէն քաղաքէն ներս, Սեն թ՚Էթիէն-Տիւլ-Ռուվարէ գաւառակէն ներս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման երկու անդամներ յարձակեցան տեղւոյն եկեղեցւոյ վրայ։
Թուրքիա-Եգիպտոս առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Գահիրէի մէջ սկսած է նախաձեռնութիւն մը՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ճանաչման ուղղութեամբ։
Անգարա-Մոսկուա ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցան կարեւոր քննարկումներ։
Սթոքհոլմի Խաղաղութեան հիմնախնդիրներու հետազօտութեան միջազգային կաճառին զեկոյցը:
Աշխարհի վրայ նկատելիօրէն դանդաղ կ՚ընթանայ հիւլէական սպառազինութեան կրճատման գործընթացը:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կաթուածահար դարձած է՝ Երեւանի կեդրոնին մերձակայ Էրեբունի թաղամասի Խորենացի փողոցին վրայ գտնուող ոստիկանական կեդրոնի բռնագրաւումով։ Տասնմէկ օրէ ի վեր կ՚ապրուին ծանրակշիռ իրադարձութիւններ, որոնց հետեւանքով լարուածութիւնն ալ կը բարձրանայ աստիճանաբար։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Օգոստոսի 9-ին պիտի այցելէ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Յայտնի պատմաբան Հալիլ Ինալճըք երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ հարիւր տարեկան հասակին։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր դարմանման տակ էր Անգարայի «Կիւվէն» հիւանդանոցին մէջ։
Երեւանի մէջ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ բռնագրաւուած ոստիկանատան շուրջ ապրուած դէպքերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի օրակարգի թիւ մէկ խնդիրը։