Արխիւ

Նախաձեռնութեամբ «Արարատ» հայկական կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Գրիգորեանի, Սոֆիայի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կառամատոյց» նախագիծին բացումը, որ մաս կը կազմէ «Երկիր՝ գետին եւ ծովուն միջեւ» շրջիկ ցուցահանդէսին եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու անուանի գեղանկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի մեծ արուեստը:

Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած Սագօ Գույումճեան կնքեց իր մահկանացուն: «Ալ Ռազի» հիւանդանոցէն ներս դարմանուող Գույումճեան վիրաւորուելէն ետք մտած էր մահաքունի եւ անոր ստացած ուղեկորոյս փամփուշտը կը գտնուէր դէմքին մէջ:
Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուած մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ պատահած վերջին բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած ոստիկանութեան աւագ ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեան դժբախտաբար մահացաւ շաբաթավերջին։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրազիլ, շաբաթավերջին Ռիոյի մէջ այցելեց ողիմպիական աւան։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ այն մարզիկներուն հետ, որոնք 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացնեն Հայաստանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոսի ծծնդեան ժամանակ Տիրամայրը բնութեան օրէնքներէ բարձր դիրքի մը մէջ կը գտնուէր, նոյնպէս ալ Տիրամօր մահուան ժամանակ ալ բնական օրէնքներ չգործադրուեցան անոր։ Տիրամօր ծննդաբերութիւնը ցաւով եւ նեղութեամբ չէր իրականացած, ինչպէս անոր մահը հիւանդութեամբ չպատահեցա՛ւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամը չէ, որ ՀՏՓ կուսակցութեան անդամ եւ Թուրքիոյ խորհդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան կը փորձէ «աստղ» դառնալ մասնաւորապէս սփիւռքի հայութեան լայն հասարակութեան համար: Ասկէ առաջ ալ նոյնանման խօսքերով եւ քարոզչութեամբ ան փորձած է շահիլ «սիրտ»ը սփիւռքի այն հատուածներուն, որոնց համար կարեւորը ոչ թէ խօսքին խորութիւնն է, այլ՝ Թուրքիոյ դէմ սուր խօսքերուն արձագանգը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հիւրընկալեց մարսէյլաբնակ հայազգի լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը, որ մագլցած է աշխարհի ամենաբարձր գագաթը՝ Էվերեսթը:
Թուրքիա եւ Իրան տարածքաշրջանէն ներս առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն Սուրիոյ ճգնաժամին նկատմամբ:
Ճեւատ Զարիֆ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեղեկացուց, թէ Սուրիոյ հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստեղծուած երեքական դիւանակալէ բաղկացեալ դրութեան մասնակից պաշտօնատարները մեկնած են Մոսկուա։ Նախարարը ընդգծեց, որ Արեւմուտքը պէտք չունի անհանգստանալու այս բոլորէն։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։
Հանրաետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կագաւորման գործընթացէն ներս կայ յառաջխաղացում»:
Ըստ Վլատիմիր Փութինի, Ռուսաստան կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ Հայաստանին ռազմամթերք մատակարարելու ուղղութեամբ, մշակուած ծրագրերու շրջագծով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Նիսի ծուխին իրադարձութիւնները Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ վերստին օրակարգի վրայ են։ Օրինաւոր Ծխական խորհուրդը արդէն բոլոր պատրաստութիւնները տեսած է տաղաւարին առթիւ։ Տօնակատարութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայ Առաքելական հաւատացեալներուն տրամադրուած ֆրանսական եկեղեցւոյ մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածամօր, Իր Միածին Որդիին մօտ վերափոխման տօնին՝ Սուրբ Պատարագէն յետոյ կը կատարուի խաղողօրհնութեան կարգ եւ ապա օրհնուած ողկոյզները կը բաժնուի ժողովուրդին։ Արդարեւ այս արարողութիւնն ալ ունի իր իմաստը, պատճառը՝ զոր կ՚անուանենք իր լայն ու սովորական առումով՝ «խորհուրդ»։
Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը սերտօրէն կապ-ւած է Տիրամօր Վերափոխման տօնին հետ, ապա անիկա մասնաւոր կապ մը չունի եկեղեցական վարդապետութեան հետ, այլ աւանդութիւն մըն է, որ կու գայ հեթանոս մեր պապերէն, որոնք, երբ բերքը կը հասնէր, հասունցած առաջին բաժինը կը նուիրէին աստուածներուն։
Ռուսաստանի հաւաքականի անդամ, 17-ամեայ Սեդա Թութխալեան իր խմբակիցներուն հետ, «Ռիօ-2016»ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն հանդիսացաւ փոխ-ախոյեան՝ մարմնամարզութեան խմբային մրցումներուն ընթացքին:
Չինաստանի հայկական համայնքի գործադիր մարմինը կրթական հարցերու փոխ-նախագահ ընտրեց Մերի Կնեազեանը:
Շուշիի մէջ սկսաւ «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան չորրորդ միջազգային կոչունքը: Այս մասին յայտնած է «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան՝ աւելցնելով, որ արդէն աւանդական դարձած Շուշիի մէջ իրականացուող քանդակագործութեան կոչունքը միջազգային համագործակցութեան, մշակութային ու մասնագիտական երկխօսութեան եւ ստեղծագործական ոգեշնչման հարթակ է արուեստագէտներու համար:
Երիտասարդութեան միջազգային տօնի օրուան կապակցութեամբ այսօր՝ Արցախի շրջաններուն եւ Ստեփանակերտի մէջ կը կազմակերպուին տօնական շարք մը ձեռնարկներ:
ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի բաժակի 2016-2017 խաղարկութեան նախնական փուլին մրցաշարքը առաջին անգամ ըլլալով պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ամէն Չորեքշաբթի, այս անգամ եւս Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին լեցուած էր հոծ թիւով հաւատացեալներով, որոնք երկիւղածութեամբ հետեւեցան արարողութիւններուն։