Արխիւ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն արտասովոր ոգեւորութիւն ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսին առթիւ։ Ամանորին ընդառաջ կազմակերպուեցաւ այս աւանդական ձեռնարկը՝ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից Տատեան վարժարանի նախկին շէնքի սրահին մէջ։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ համայնքային շրջանակները հերթական անգամ պիտի համախմբուին զօրակցելու համար Եշիլգիւղի ընտանիքին, որ վերջին տարիներուն կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք։
Երեւանի դրական մօտեցումը. «Կրթութիւնը այն ոլորտն է, ուր երախաները պէտք չէ տուժեն»:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան տեսակցեցաւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ:
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը երէկ յարձակում մը գործեց Թուրք զինեալ ուժերու Պաշիքայի ճամբարին վրայ, որ կը գտնուի Հիւսիսային Իրաքի մէջ, Մուսուլի մօտակայքին։ Սա այն ճամբարն է, որ կ՚օգտագործուի մարզելու համար Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան փեշմերկէները, որոնք եւս կը պայքարին ԻՇԻՊ-ի դէմ։
Մոսկուայի մէջ երէկ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ղեկավարութեանց միջեւ։ Օրուան սկիզբին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով ծաւալեցին երկարատեւ քննարկումներ։
Ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրիական Մշակոյթի կեդրոնի կողմէ սարքուած Ս. Ծննդեան համերգին:
Ամանորի ընդառաջ Էսաեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը վերջին երկու օրերուն արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Զանազան թաղերէ Էսաեանի համակիրներ եւ վարժարանի շրջանաւարտներ համախմբուեցան վարժարանի սրահին մէջ, ուր զետեղուած էին քէրմէսի տաղաւարները։
«Ներդաշնակութեան մեղեդի» ծրագրին շրջագծով Սիպիլ արձանագրեց իր հերթական նուաճումը
Պոլսահայ մեներգչուհին Երեւանի մէջ անգամ մը եւս յաջողեցաւ գրաւել երաժշտասէրներուն սիրտը
Ազգային կրթութեան նախարարութեան խորհրդատուն այցելեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը:
Սարվէն Սերթշիմշէք Եուսուֆ Թեքինի հետ զրուցելու ընթացքին օրակարգի վրայ բերաւ թրքահայ դպրոցներու կարգավիճակի հարցը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 14-ին, սիրոյ ու մեծարանքի, հպարտութեան եւ յուզումի վարակիչ զեղումով ու հանդիսաւորութեամբ, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայութիւնը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայոց աննման ձայնաւորին, հայ երգի ու դասական երաժշտութեան հմայիչ «Սոխակ»ին՝ Գոհար Գասպարեանի (Խաչատուրեան, 1924-2007)։
Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է յայտնի նկարիչ Փանոս Թէրլէմէզեանի 150-ամեակի յոբելեանին։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ կ՚իրականանայ այս ցուցահանդէսը, որու բացումը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Մոտայի Ծովային ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը, որու մասնակիցները համտեսեցին Թուրքիոյ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու խոհանոցին բնորոշ աղանդերներ եւ ճաշեր։ Այս ընթրիքը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ խոհանոցի բարեկամներու միութեան նախաձեռնութեամբ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց 2016 թուականի եկեղեցական օրացոյցները։ Պաշտօնական օրացոյցը կազմուած է Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեանի կողմէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անթիլիասի կողմէ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին վերաբերեալ մեր խորհրդածութիւններուն շարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Սիսի երբեմնի Մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակին ուղղեալ այս դատական նախաձեռնութեան շրջագծով, դժբախտաբար, առաջին իսկ օրէն կարելի չէ եղած համագործակցութեան եւ զօրակցութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորել Անթիլիասի եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին միջեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կրկնուած եւ շեշտուած է, թէ՝ երկրի մը մէջ հանրապետական դրութիւնը ապահով եւ տեւական մնալու համար, անհրաժե՛շտ է, որ ժողովուրդին անհատներուն մէջ մտքի զարգացում մշակուի, որպէսզի անոնք կարող ըլլան իրենց ազատութիւնը ուղղամտութեամբ եւ խոհականութեամբ գործածելու։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին դատավարութեան շրջագծով պատրաստուած երկու թղթածրարները միացուեցան։ Իսթանպուլի 14-րդ Ծանր պատժական ատեանը որոշեց Իսթանպուլի 5-րդ ծանր պատժական ատեանին կողմէ յառաջ տարուած դատը միացնել բուն դատավարութեան։ Դատակազմը որոշեց ընկալել այդ ամբաս
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հարցում մը հասցէագրեց Ազգային կրթութեան նախարար Նապի Աւճըի։ Ան այս առթիւ հարց տուաւ, թէ հակառակ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) վճիռներուն, ինչո՞ւ տակաւին կրօնի մշակոյթն ու բարոյագիտութիւնը դպրոցներէ ներս կը դասաւանդուին որպէս պարտադիր առարկայ։
Տիարպաքըրի մէջ երէկ ապրուեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որու հետեւանքով նահատակուեցաւ երեք անվտանգութեան պաշտօնեայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տիարպաքըր-Սիլվան ճանապարհին վրայ զրահապատ ոստիկանական մեքենայ մը թիրախը դարձաւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ զետեղուած ռումբին։
Սուրիահայ Թէքէեան ընտանիքի ողբերգական ճակատագիրը ներկայիս խոր յուզում կը պատճառէ համայն հայութեան։ Ծանօթ է, որ Թէքէեանները փորձած էին հասնիլ Յունաստան եւ Եգէականի մէջ ընկղմած էր իրենց լաստանաւը։
Չինաստանի Տալիան քաղաքի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ կայացաւ բացումը Չինաստանի մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնին, որ հնարաւոր եղաւ իրականացնել Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի եւ Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի համագործակցութեան արդիւնքով: Այս մասին յայտնեց Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը: