Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի համալսարաններէն երեք ուսանողներ, որոնք այս տարի արժանացած են Հայրապետական կրթաթոշակին։ Ներկայ էին Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Լիբանանահայ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանի առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը վերջերս ներկայացուեցաւ Քաննի փառատօնի «Քննադատներու շաբթուան» բացման հանդիսութեան ընթացքին: Նախքան այդ, լիբանանեան «Տէյլի Սթար» թերթը 13 Մայիսին տպած էր Ճիմ Քիլթիի հետեւեալ յօդուածը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի պուրակները, հրապարակները, կառոյցներու բակերը կը հարստանան նոր արձաններով եւ քանդակներով: Հին արձաններ ու կառոյցներ վար չեն առնուիր, փոխարէնը գրեթէ ամէն ամիս արձան մը, քանդակ մը կը դրուի քաղաքին մէջ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մանկութեանս օրերուն կը յիշեմ, երբ մեր հայաշատ թաղի բնակիչները հաւաքուէին, անյապաղօրէն անոնց միջեւ կ՚ընթանար ինծի համար մասամբ անհասկնալի զրոյց մը: Անոնք կարծես անսալով իրենց արմատներու կանչին եւ զարմանալիօրէն կրելով իրենց արմատներու յատկութիւնները, կը զրուցէին ու երբեմն նոյնիսկ կը վիճէին, իւրաքանչիւրը իր ոճով ու բարբառով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի մէջ բոյսերը կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն։ Ուստի փափաքեցանք «ցանկ» մը պատրաստել եւ հակիրճ տեղեկութիւններ տալ անոնց մասին։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը պատրաստուի այցելել Պերլին։ Յաջորդ շաբթուան սկիզբին՝ Յունիսի 7-ին պիտի իրականանայ իր այս ուղեւորութիւնը։ Իլհամ Ալիեւ Պերլինի մէջ պիտի տեսակցի Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ այդ երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։
ԵՄԻԱ վճիռ արձակեց, որպէսզի Թուրքիա հատուցում վճարէ Յունաստանի քաղաքացի Չիրոփուլոսին:
Պէշիկթաշի մէջ գտնուող տարածքի պարագային 46 միլիոն լիրա փոխարժէք սահմանուեցաւ դատարանին կողմէ:
ՄԱԿ-ի շրջանակները մտահոգուած են, թէ Իրաքի մէջ յառաջիկայ ամիսներուն հարկադիր տեղահանութիւնները կրնան թափ ստանալ ու որպէս հետեւանք՝ պարտադիր տեղահանեալներուն թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ ձեռնարկուած պայքարի գործողութիւններուն հաւանական հետեւանքներէն մին պիտի ըլլայ այս հարցը։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ Ռուսաստան տակաւին կրնայ շինիչ դեր մը խաղալ համաշխարհային գործերուն մէջ։ Ըստ իրեն, Մոսկուա միայն պիտի շահի, եթէ համագործակցի դաշինքին հետ։ Երէկ, Վարշաւիոյ համալսարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Սթոլթենպերկ ըսաւ.
Չեխիոյ Նախագահ Միլոշ Զեման կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Երեւան՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 8-10 Յունիս թուականներուն Միլոշ Զեման նախ պիտի այցելէ Մակեդոնիա, ապա Հայաստան։
«Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի աշխատի Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ»:
Ըստ Սարգսեանի, Երեւան չի կրնար անտարբեր մնալ Արցախի դէմ Պաքուի յարձակումներու պարագային եւ համաձայն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Պունտեստակի վաղուան քուէարկութեան ընդառաջ Անգարայի կողմէ կը հնչեն Պերլինի ուղղեալ աչալրջութեան իրերայաջորդ կոչեր:
Էրտողանի Եւ Մերքէլի միջեւ հեռախօսազրոյց:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ արտասովոր կացութիւն մը ստեղծուած է հայկական հարցին բերումով: Թրքական կողմը կու տայ հաւանական պատժամիջոցներու ազդանշանը: Գերմանական կողմին համոզմամբ, նախագիծը որեւէ ազդեցութիւն չի գործեր իր մօտ ապրող փոքրամասնական հաւաքականութեան վրայ:
Աստուածամօր Մայիսեան աւանդական ջերմեռանդութիւնը ամէն տարուան իր նուիրականութիւնը պահելով, նոյն եռանդով եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ այս տարի եւս շարունակուեցաւ Մխիթարեան հայրերու Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած 2015-2016 շրջանի դասընթացքները եզրափակուեցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի համալիրի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզադահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ հոծ բազմութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած զանազան բոյսերու ցանկը կը շարունակենք ներկայացնել։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ օրուան յայտագիրը, որ գործադրուեցաւ դասարանի ուսուցչուհի Հռիփսիմէ Բեգլարեանի վերահսկողութեան ներքեւ։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Օրուան ծրագիրը պատրաստուած էր մանկապարտիզպանուհիներ՝ Արուսեակ Քէչէեափանի եւ Երջանիկ Էրզրումլուօղլուի հսկողութեան ներքեւ։
Երէկ երեկոյեան, Շիշլի մարզակումբին մէջ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Դիւանին մաս կազմեցին Հայկարամ Քարասու (ատենապետ), Ղազարոս Ունան, Տիանա Ալթուն եւ Թամար Քարասու։
ԼԵՒՈՆ ԼԱՃԻԿԵԱՆ
Ժողովրդական իմաստուն խօսք մը կայ. մարդը կ՚ապրի այնքան, որքան զայն կը յիշեն: Այս իմաստով պոլսահայ մեծ մանկավարժ ու դաստիարակ Յովհաննէս Հինդլեան (1866-1950) իր մահկանացուն կնքելէ յետոյ եւս կը շարունակէ ապրիլ, ապրիլ իր սաներու մտածումներուն ու ձեռնարկումներուն, անոնց մէջ ու անոր հետեւորդներու միջոցով:
Հարցազրոյց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ եւ ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ծանօթութիւն, Իմացութիւն, Լեզու, սոյն նշանաբանի կորիզին վրայ Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ արեւմտահայերէնի ուսուցման փոքրիկ հիմնարկ մը, որ եկաւ փաստելու այն հանգամանքը, թէ հայերէն լեզուի անբաժան մէկ մասնիկն է արեւմտահայերէնը եւ ունի դարերու զարգացման ընթացք ու մանաւանդ շօշափելի գոյութիւնը խարսխող ծաւալուն ու հարուստ գրականութիւն՝ աշխարհասփիւռ հայ գրագէտներու յարգարժան դրոշմով:

