Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ ներ­կա­յա­ցու­մով մը։ «Hangisi babası» խա­ղը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ թա­ղի վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հի եր­դի­քին տակ։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Պա­քըր­գիւ­ղի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ա­թէշ Իւ­նալ Էր­զէն, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ եւ յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ար­շըք, տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ բազ­մա­թիւ թա­տե­րա­սէր­ներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ներ­կայ հանգ­րուա­նին շրջագ­ծով շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Հա­մա­նուն ուխ­տի հիմ­նա­դիր­ներն ու սպա­սա­ւոր­նե­րը վեր­յի­ուե­ցան բիւր յար­գան­քով։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի ե­րէկ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն տե­ղի ու­նե­ցաւ Գալ­ֆաեան ուխ­տի միա­բան­նե­րուն հա­մար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի 82-րդ գա­հա­կա­լը՝ հո­գե­լոյս Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին ո­գե­կո­չուե­ցաւ իր վախ­ճան­ման 25-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Այս առ­թիւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ան վեր­յի­շուե­ցաւ փա­ռա­շուք ձեռ­նար­կով մը, որ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Գում­գա­բուի մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆէրիւգիւղի ընտանիքին կողմէ:
Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ իր սաները երէկ քաղաքէս հրաժեշտ առին՝ «Ալաճաճեան» սրահի սիրոյ սեղանէն եւ Վոսփորի նաւապտոյտէն վերջ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րը պի­տի յի­շեն՝ 9 Սեպ­տեմ­բեր 2015 թուա­կիր «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած էինք «ապ­շե­ցու­ցիչ դատ»ի մը, նոյն խո­րագ­րով։ Հա­կիրճ ակ­նարկ մը նե­տենք այդ գրու­թեան, որ պատ­մուածք մըն էր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լին­տա Թո­փա­լօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Վա­չէ-Սեր­տա Թո­փա­լօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի բազ­մա­վաս­տակ լու­սան­կա­րիչ Տիգ­րան Թո­փա­լեա­նի (Ֆօ­թօ Շէ­նէլ)։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­ԼԵՔՍ ԱՇ­ՃԵԱՆ

Ըն­կե­րա­բան­ներ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կու­թիւ­նը կը բաժ­նեն եր­կու գլխա­ւոր խում­բե­րու՝ ա­ռաջ­նորդ­ներ եւ հե­տե­ւորդ­ներ: Ե­րա­նե­լի է այն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ազ­գը, ժո­ղո­վուր­դը, պաշ­տօ­նեա­նե­րը եւայլն, ո­րոնք ու­նին ար­դար եւ ի­մաս­տուն ա­ռաջ­նորդ­ներ կամ ղե­կա­վար­ներ: Պատ­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս ն­­աեւ մեր ներ­կան, մե­զի յստակ ցոյց կու տան, որ երբ «գլու­խը» ա­ռողջ է, «մար­մին»ը իր լա­ւա­գոյն վի­ճա­կին մէջ կ­­՚ըլ­լայ:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

20-րդ դա­րու ա­մե­նա­յայտ­նի կի­նե­րէն մէ­կուն՝ Հո­լի­վու­տի դե­րա­սա­նու­հի, երգ­չու­հի Մեր­լին Մոն­րո­յին պատ­կա­նած ի­րե­րու մեծ հա­ւա­քա­ծոն այս տա­րի Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ կը հա­նուի ա­ճուր­դի։ Կ՚են­թադ­րուի, որ հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ նե­րա­ռուած ու­շագ­րաւ նմոյշ­նե­րը պի­տի վա­ճա­ռուին շուրջ 4 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ի­տա­լա­ցի հե­տա­զօ­տող­ներ յա­ջո­ղած են տաս­նա­մեակ­ներ տե­ւած ո­րո­նում­նե­րու ար­դիւն­քին գտնել Վե­րած­նուն­դի դա­րաշր­ջա­նի հան­ճար­նե­րէն մէ­կուն՝ Լէո­նար­տօ տա Վին­չիի՝ 21-րդ դա­րուն ապ­րող բա­րե­կամ­նե­րը։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Սպա­նիոյ Պար­սե­լո­նա քա­ղա­քի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը պատ­րաս­տուին 2017 թուա­կա­նին զբօ­սաշր­ջա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հա­մար բա­նալ հան­ճա­րեղ ճար­տա­րա­պետ Ան­թո­նիօ Կաու­տիի ա­մե­նաա­ռա­ջին գլուխ­գոր­ծո­ցը՝ հան­րա­յայտ Վի­սեն­սի տու­նը:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Հե­ղի­նակ՝ ՏԱ­ՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐ­ՏԸ­ՄԵԱՆ
Գրա­խօ­սեց՝ ԶԱ­ՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

«Հայ վա­նա­կա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը եւ վար­դա­պետ­նե­րու դա­սա­կար­գը 2015» գիր­քը՝ ըն­տիր տպագ­րու­թեամբ, 165 է­ջե­րու մէջ պատմու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ Հայ Վա­նա­կա­նու­թեան, զու­գոր­դե­լով զայն ա­կա­դե­մա­կան աս­տի­ճա­նի ար­ժա­նի վար­դա­պետ­նե­րու դա­սա­կար­գին հետ, որ­պէս վաս­տակ եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­կին վա­յել բարձ­րա­ցում։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ու «Hayata Bağış» միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Պա­քըր­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն նպա­տակն էր քա­ջա­լե­րել «Ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րու նուի­րա­բեր­ման» գա­ղա­փա­րը։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Ի­րան։ Թեհ­րա­նի Հա­յոց Թե­մա­կան խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րով՝ իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս ամ­սա­վեր­ջին։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Նոր­վե­կիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Եւ­րո­պա­յի ծան­րա­բար­ձու­թեան ա­խո­յե­նու­թեան ծի­րին մէջ, Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը տի­րա­ցաւ իր ա­ռա­ջին մե­տայլ­նե­րուն:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) ներ­կա­յիս կ՚ող­ջու­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ, ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի Բա­րե­րար­նե­րու ճե­մու­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ղա­րա­բա­ղեան չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մը կը գտնուի մեր ե­տին: Հա­կա­մար­տող կող­մե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց կրած մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րը ներ­կա­յաց­նել:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած հինգ գիտ­նա­կան­նե­րը՝ Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր, Ա­տա Եո­նաթ, Տէն Շեխտ­ման, Էյ-Ի­չի Նե­կի­շի եւ Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րէ­նը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Նո­պէ­լեան օ­րեր» խո­րագ­րեալ գի­տա­կան ձեռ­նար­կին առ­թիւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Տ. Ա­ռէն Վրդ. Շա­հի­նեան նշա­նա­կուե­ցաւ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րա­կի փո­խա­նորդ Հո­լան­տա­յի մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Հայաստանի ղեկավարութիւնը բոլոր ուղղութիւններով օրակարգի վրայ կը բերէ Արցախի հիմնախնդիրը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ Էրտողան կրկնեց աջակցութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանի:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ա­ւար­տե­ցին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ար­ցախ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղէն հրա­ժեշտ առ­նե­լով վե­րա­դար­ձան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Էջեր