Արխիւ
ՄԱԿ-ի Բնակչութեան ֆոնտը հրապարակած է նոր զեկուցում մը, որուն մէջ ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ 3 միլիոն մարդ կ՚ապրի: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 2010-2016 թուականներուն Հայաստանի բնակչութեան թիւը աճած է 0.3 առ հարիւրով:
«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 2016 թուականին Արցախի ընտանիքներուն մէջ ծնած չորրորդ երախաներուն պիտի յատկացնէ 4000-ական տոլար: Ըստ «Արցախփրէս»ին, Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ այս մասին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Մեր զանազան եկեղեցիներու կամ համայնքային յանձնախումբերու տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ Պատրիարքարան փութացին շնորհաւորութեան։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան Էսաեան բարեյիշատակ հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիր Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեաններուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յաւարտ Ս. Պատարագի։
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը շաբաթավերջին ապրեցաւ աւանդական լուբիայի օրուան հրճուանքը։ Շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ զանազան սերունդներէ գարակէօզեանցիներու համախմբման, ինչպէս նաեւ յոբելեար ընթացաւարտներու պարգեւատրման։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Աշակերտները այս տարի եւս իրենց պատգամը փոխանցեցին՝ մէջբերելով վարժարանէն հասած կամ անոր հետ առընչակից մեծ մտաւորականներու խօսքերը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ յանձնուեցան պարգեւներ:
Բարերարներ Հայկ Ասլանեան եւ Գէորգ Սանթալու պարգեւատրուեցան «Յովհաննէս Կոլոտ» շքանշանով:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ամփոփեց իր կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան հարիւր օրերու գործունէութիւնը։ Ան թէեւ առաւել չափով կանգ առաւ երկրի տնտեսական կացութեան վրայ, սակայն անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։
«Փորթագալ» գեղարուեստատան երդիքին տակ շաբաթավերջին սկսաւ «Լուռ աճուրդ»ը, որ առաջին անգամ կը կազմակերպուի Թուրքիոյ մէջ։ Փորթագալի Նշանթաշըի կեդրոնին մէջ այս շրջագծով ներկայացուած են արտասահմանէն մասնաւորապէս բերուած ընտիր նմոյշներ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին Աւստրիոյ մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւոր, եպիսկոպոսաց դասու աւագ անդամներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեան։ 85 տարեկան հասակին ի Տէր հանգաւ բազմավաստակ սրբազանը, որու վախճանը մեծ կորուստ մըն է Հայ Եկեղեցւոյ համար
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Իմ փափաքն է Երուսաղէմի սուրբ հողին խառնուիլ, հոն թաղուիլ»։ Այս եղած են Հիլարիոն Արքեպիսկոպոս Քապուշիի վերջին մաղթանքները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Իմ փափաքն է Երուսաղէմի սուրբ հողին խառնուիլ, հոն թաղուիլ»։ Այս եղած են Հիլարիոն Արքեպիսկոպոս Քապուշիի վերջին մաղթանքները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին մէջ անունը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ, քանի որ անհատը իր անունով «անհատ» մը կ՚ըլլայ՝ կը զատուի եւ ինքնութիւն կը ստանայ հաւաքականութեան մէջ, ուրիշէ մը կը տարբերի, անձնաւորութիւն մը կ՚ըլլայ եւ կը կանչուի, կը յիշուի իր անունով։ Անունը, այս բնութեամբ կը նոյնանայ անհատին հետ եւ ընկերութեան մէջ «անուն»ով կը տարբերի եւ կ՚որոշուի մարդ։ Անունը անբաժան է անհատէն՝ էական եւ որոշիչ դեր մը կը խաղայ ամբողջ կեանքին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի մեծագոյն խորհողներ իրենց կարծիքը եւ տեսակէտը յայտնած են «մարդ» էակին մասին՝ որ միշտ կը մնայ «անծանօթ» մը, անլուծելի հարց մը։
Հեղինակաւոր National Geographic ամսագիրը հրապարակած է համեղ սնունդ ունեցող, սակայն այդ տեսանկիւնէն քիչերուն յայտնի քաղաքներուն ցանկը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Երեւանը:
Ամերիկահայ նշանաւոր գեղանկարչուհի եւ «Սիրուն տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեան վերջերս Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը՝ հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար:
Կիրակի, Յունուար 29-ին, Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համերգասրահին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ մրցանակակիր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան, համալսարանին կողմէ կազմակերպուող Ֆիլիփ Լորենզի յիշատակի համերգներուն ծիրէն ներս:
ԵԱՀԿ-ի աւստրիական նախագահութիւնը կը խրախուսէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը:
Սեպաստիան Քուրց յառաջիկայ շաբաթ Մոսկուա պիտի այցելէ Սէրկէյ Լաւրովի հետ տեսակցելու համար:
Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար քաղաքիս եւ արտասահմանի մէջ կեանքի կը կոչուին ձեռնարկներ:
Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը:
Վեհափառ Հայրապետը տարեմուտի առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց բոլորին կողմէ եկեղեցւոյ մատուցուած բարեխիղճ ծառայութիւնը:
