Արխիւ
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջանային բաժանմունքի տնօրէն Փաթրիք Վիալ այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։
Միջխորհրդարանական միութեան 130-րդ վեհաժողովը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնն ալ մասնակցեցաւ այս ժողովներուն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիք (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ կը պատրաստուին նոր ուղեւորութիւն մը իրականացնել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Սպանիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մատրիտի մէջ ան կը մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) տարեկան համագումարին եւ ընդլայնուած գագաթաժողովին։
Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցան երկարատեւ բանակցութիւններ:
Պեշար Էսատ չորս տարի վերջ առաջին անգամ իրականացուց արտասահմանեան ուղեւորութիւն մը:
Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին կ՚ապրուին անակնկալ երեւոյթներ:
Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը հաւանութիւն չտուաւ հանրային պաշտօնեաներու պատասխանատուութեան բաժնին շուրջ պատրաստուած նոր ամբաստանագրին:
Դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ կատարուելիք լրամշակումներէն վերջ մեղադրականը դարձեալ պիտի ներկայացուի հաւանութեան: Կասկածեալներու շարքին թուարկուած են բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնց անունները միշտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին դէպքին պատահած օրէն ի վեր:
Հոլանտահայութիւնը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Հրանոյշ Յակոբեանը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը մասնակցեցաւ Ս. Հոգի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 300-ամեակին:
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի շաբաթավերջին Թուրքիա կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ յայտնի կը դառնայ, որ Իսթանպուլի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ հայկական հարցը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբաթը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Թարգմանչաց տօնին եւ մշակոյթի շաբթուան առթիւ համայնքային վարժարաններու աշակերտներն ալ համախմբուեցան Օրթագիւղի մէջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր մարզական աշխարհի յայտնի եւ արդէն անմոռանալի անուններէն Սարգիս Չալըշ, որ անցեալի մէջ եղած էր Թաքսիմ մարզակումբի դարպասապահներէն մին։ Իր յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոնումներու մէջ:
Ատենապետ Մանուկ Էօղէր. «Այլեւս պէտք է կեդրոնանալ մեր համայնքի ապագային համար մարդուժ պատրաստելու վրայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած՝ բնութեամբ սէր եւ ճշմարտութի՛ւն է։
Ան ճշմարտութիւն է, քանի որ Ան լո՛յս է եւ Անոր մէջ չկա՛յ երբեք խաւար (Ա. ՅՈՎՀ. Ա 5) եւ Աստուած սէ՛ր է (Ա. ՅՈՎՀ. Դ 8), որովհետեւ Ան Ինքզինք յայտնեց «շնորհքով ու հաւատարմութեամբ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։
Հոկտեմբերի 23-25 թուականներուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքը՝ Ապու Տապիի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ժուտոյի երիտասարդական ախոյենութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան՝ երեք մարզիկով:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
221 տարի առաջ, 14 Հոկտեմբերը նոր հորիզոն բացող տարեթիւ մը դարձաւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ։
Նորաձեւութեան եւ ոճի բնագաւառի հեղինակաւոր հանդէսներէն մէկուն՝ Vogue-ի ռուսական տարբերակի խմբագրութիւնը Victoria’s Secret ընկերութեան «հրեշտակ» Սթելլա Մաքսուէլի հետ արշաւ կազմակերպած է Հայաստանի մէջ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական երաժշտական աշխարհի առանցքային սիւներէն ԳՈՀԱՐ համոյթը կը պատրաստուի համերգաշարի մը ձեռնարկել իր նոր խմբավարին՝ Նաթալի Գալստեանի մականին ներքեւ:
Պէյրութի յառաջիկայ ելոյթներուն ընդառաջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Կիւմրիի մէջ ականատես եղաւ ստեղծուած մեծ խանդավառութեան:
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Պետական այցելութեան շրջագծով Նախագահ Մարկվելաշվիլի եւ Առաջին տիկին Մակի Չիչուա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երուսաղէմի մէջ։
Երեւան-Թեհրան վերջին պայմանաւորուածութիւնները կրնան նոր փուլի մը սկիզբը դնել։
Հայաստան եւ Իրան թափ կու տան ուժանիւթի եւ փոխադրութեան բնագաւառներու համագործակցութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող 48 ժամերուն լրատուական ծառայութիւններու գլխաւոր հետաքրքրութիւնը Հալէպի շուրջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններն են: Սուրիոյ մէջ գրեթէ երկու շաբաթէ ի վեր սկիզբ առած ռուսական միջամտութիւնը սկսած է շատ արագ արդիւնքներու հասնիլ:
Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը երէկ հիւրընկալեցին Գերմանիոյ շանսէօլիէն:
Անկելա Մերքէլի շփումներուն շրջագծով համաձայնութիւն՝ առանցքային նիւթերու շուրջ: