Արխիւ
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երաժշտական եզակի երեկոյթ մը։ Այս շրջագծով հայ եւ յոյն երիտասարդ երաժիշտներ հանդէս եկան համատեղ փայլուն համերգով մը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գագիկ Գէորգեան. «Հիասթափութիւնը առաւելապէս առընչուած է մարդկային յարաբերութիւններուն հետ»:
Յայտնի քանդակագործը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ բաժնելով իր դիտարկումներն ու մեկնաբանութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք ամուսնութեան մասին, սակայն պէտք է բնական նկատուի այս, քանի որ ամուսնութիւնը անբաժան մէկ տարրն է կեանքին, եւ մեր առօրեային մէջ միշտ կը դիմաւորուինք այս գաղափարով։
Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ համալսարանի երկարամեայ դասախօսներէն՝ Փրոֆ. Էն Գարակէօզեան, նշանակուած է Ուսումնասիրական հարցերու ժամանակաւոր փոխ-տնօրէն։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը այս տարի կը բոլորէ իր 40-րդ տարեշրջանը՝ շարունակելով ուսումնական-դաստիարակչական իր փայլուն գործունէութիւնը իբրեւ առաջնակարգ կրթական հաստատութիւն՝ նոր իրագործումներու եւ ձեռքբերումներու լայն հեռանկարներով եւ ծրագիրներով:
Հայաստանի մէջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ Հին տոմարի համաձայն եւս նշուեցաւ Ամանորը։ Այս աւանդութիւնը տակաւին կենդանի է Հայաստանի մէջ եւ առիթ կը հանդիսանայ, որ ամէն տարեմուտին տօնական շրջանը երկարաձգուի՝ Ամանորի եւ հին ամանորի միացումով, մօտաւորապէս երկու շաբթուան ժամանակահատուածով մը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պիտի փորձէ աւելի խտացեալ աշխատանք տանիլ նախագահներուն հետ:
Ճէյմս Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ պատերազմ մը կ՚աւերէ ամբողջ տարածքաշրջանը»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկեցին Ուքրայնոյ իրադրութիւնը եւ Սուրիոյ ճգնաժամը։ «Րէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ երկու նախագահները ընդգծած են Մինսքի համաձայնութիւններու բոլոր մասնակիցներուն կողմէ անոնց կատարման անհրաժեշտութիւնը։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս յայտնեց, որ մուտքի արտօնութեան ընթացակարգերու պարզեցումով կը նախատեսեն զարգացնել զբօսաշրջութիւնը։ Փարիզի իշխանութիւններուն նպատակն է մինչեւ 2020 թուականը Ֆրանսա այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը հասցնել տարեկան 100 միլիոնի։
Թուրքիա եւ Գերմանիա Սուլթանահմէտի հրապարակի ահաբեկչութենէն վերջ լիակատար փոխըմբռնման մէջ:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ այցելեց դէպքի վայր, նաեւ վիրաւորեալ զբօսաշրջիկներու դարմանուած հիւանդանոցը:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Մարիամ Տրամէրեանը, Նազարէթ Պալը եւ Օշին Էլակէօզը, որոնց հետ ունեցանք հաճելի եւ անմիջական զրոյց մը։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը արդէն բոլորած է իր գործունէութեան 50-ամեակը եւ վարչութիւնը որոշած է այս հանգրուանը նշել պատշաճ շուքով։
Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ յուզումնախառն արարողութիւններ:
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տալով Թուրքիա հաստատուած հայ գաղթականները երէկ իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին մեր հոգեպարար շարականներու կատարումով:
«Նոսթալժի քիւլթիւր» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրքի շնորհանդէս մը եւ ցուցահանդէսի բացում։
«Birzamanlar» հրատարակչութիւնը կեանքի կոչեց հերթական ծրագիրը, որ լոյս կը սփռէ Անատոլուի մէջ հայոց պատմական ներկայութեան վրայ: Արմէն Ցոլակ Մարսուպեան ձեռնարկի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը:
Երէկ, Հայաստանի մէջ ոգեկոչուեցան Աւետիսեաններու ընտանիքին եօթ անդամները, որոնք անցեալ տարի Կիւմրիի մէջ զոհ գացած էին սահմռկեցուցիչ ոճրագործութեան մը։ Ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի անմարդկային յարձակման հետեւանքով մահացած այս ընտանիքին եօթ անդամները երէկ ամբողջ Հայաստանի մէջ ոգեկոչուեցան խոր երկիւղածութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մօտ երկրին դեսպանը։ Այսպէս, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեռնարկէ պաշտօնի։
Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Կարէն Անդրէասեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործընկերներու համատեղ աշխատանքին համար ու միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ մարդու իրաւանց պաշտպանութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի պետութեան եւ հասարակութեան առաջնահերթութիւնը։
Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ երէկ պատահած ահաբեկչական պայթումին զոհ գնաց տասը հոգի:
ԻՇԻՊ-ի կողմէ իրականացուած անմարդկային դէպքէն վերջ պետական աւագանին անցաւ ահազանգային դրութեան: Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյցներ ունեցան Անկելա Մերքէլի եւ Տէյվիտ Քեմրընի հետ:
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տուած հայ գաղթականները երէկ Սուրբ Ծննդեան լաւատեսութեամբ լիցքաւորուեցաւ Կեսարիոյ մէջ:
Թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ամենաջերմ զգացումներու առարկայ դարձուցին իրենց քոյրերն ու եղբայրները: Պատրիարքական Աթոռին կողմէ փոքրիկներուն յանձնուեցան պատկերազարդ «Տէրունական աղօթք»ներ: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութիւնը գրասէրներուն տրամադրեց Միսաք Գօչունեանի «Կեանքի տեսարաններ»ը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կարեւոր է՝ բարին ու չարը ճանչնալ եւ ըստ այնմ շարժիլ, ի հարկին կանխազգուշական միջոցներով առաջքը առնել չարին ու չարագործութեան։ Արդարեւ կեանքը լեցուն է բարիքներով, բայց նաեւ՝ չարիքներով։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը այս շաբաթավերջին պիտի կազմակերպէ ձեռնարկ մը։ Ծանօթ է, որ ծնողաց միութիւնը պարբերաբար յաջող ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, ի նպաստ դպրոցին։

