Արխիւ
Յունական Կիպրոսի Պաշտպանութեան նախարար Խրիստոֆորոս Ֆուքաիտէս երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցելու առընթեր, հիւր նախարարը քննարկումներ ծաւալեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ։
Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն դատարանը երէկ մերժեց Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներու՝ Տիլհամ Ասկերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի գործով վճռաբեկ բողոքը։ Անոնցմէ մին դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան, իսկ միւսը՝ 22 տարուան ազատազրկման։
Ճոն Քերի վերահաստատեց ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
Մոսկուայի մէջ Կրիկորի Քարասին եւ Անճէյ Կասպրչիկ անդրադարձան հակամարտութեան առկայ իրավիճակին ու կանգ առին արդի հարցերուն վրայ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին 24-րդ նիստը:
Կը ծրագրուի այս տարուան միջոցներով բազմազաւակ ընտանիքներուն համար ապահովել բնակարաններ:
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները նոյնանման վերաբերմունք ունին ահաբեկչութեան դէմ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ:
Գուրուչէշմէի «Սուատա»ին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ գալֆաեանցի կանանց կէսօրուան ճաշի հաւաքոյթը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Վարժարանի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ծնողաց միութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան հաստատութեան զանազան թաղերէ համակիրները։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ուժանիւթի նախարարներուն ժողովը, որու շրջագծով տեղի ունեցաւ Նովաքի այցելութիւնը։
Հայաստանի թղթատարութեան ընկերութիւնը՝ «Հայփոստ» թողարկեց Ֆրանսայի Դիմադրութեան հայազգի մասնակիցներէն Միսաք Մանուշեանի յիշատակին ձօնուած նամականիշ մը։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ այս դրոշմաթուղթի կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Պէյրութի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելէ վերջ Եդուարդ Նալպանտեան անցաւ Դամասկոս:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովը:
Երեւանի նիստը բացուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ի ձեռին ունիմ շահեկան ու հետաքրքրական երկու գիրքեր, որոնց հեղինակն է սիրեցեալ բարեկամ մը՝ Տիգրան Պասկեւիչեան։ Երեւանի մէջ վերջերս նշուեցաւ իր ծննդեան 50-ամեակը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն դժբախտութիւնը ունեցած է կորսնցնելու իր քոյրը՝ Խաթուն Կիրկինը։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, 18-24 Մայիս թուականներուն այցելեցին Փորթուգալի Մետէիրա կղզին՝ մասնակցելու «R€*» խորագրեալ նախագիծի երրորդ ժողովին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Հարկ է նշել, որ դպրոցին մէջ կան երեք մանկապարտէզներ, զանազան տարիքէ մանուկներու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, թէ ամէն գերազանց յատկութիւն, ֆիզիքական, իմացական կամ հոգեկան, զոր օրինակ՝ գեղեցկութիւն, յաջողութիւն կամ կատարելութիւն, ունի իր թշնամին։
Հայկական ֆութպոլի արդի աստղերէն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան եւ իր ընտանիքը կ՚ապրին սուգի օրեր։
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ ներկայիս կ՚ապրուի հերթի փոփոխութիւն։ Մշտական ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան աւարտած է իր պաշտօնավարութեան շրջանը ու վաղը կը վերադառնայ Երեւան։ Իրեն պիտի յաջորդէ Արսէն Աւագեան, որ եղած էր առաջին մշտակ
Ճաբոն մասնագէտները այս տարի փափաք յայտնած են առաջին անգամ հայ մասնագէտներու հետ միասին պեղումներ իրականացնել Հայաստանի սահմաններէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս պեղումները պիտի կատարուին Արարատեան դաշտավայրի եւ Արագածի նախալեռնային շրջաններուն մէջ։
Վրաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ, «Միացեալ ժողովրդավարական շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Նինօ Պուրճանածէ յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը խառնուի իր երկրի ներքին գործերուն ու կը հովանաւորէ երկրի նախկին նախագահ Միխէյիլ Սահակաշվիլիի «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւն։
Մոսկուայի քաղաքային դատարանը օրինական նկատեց ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքի ժամկէտին երկարաձգումը։