Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր ժողովը գումարուած:
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան գնահատեց գիտակազմակերպչական գործունէութեան ձեռքբերումները:

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան վաղը պիտի մասնակցի Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի յուղարկաւորութեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

24 Ապրիլի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։ Պետական աւագանիի անդամները յուշահամալիրին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին առջեւ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

Türkiye Ermenileri Patriği Sayın Sahak Maşalyan,
Ermeni Toplumunun Kıymetli Mensupları,
Değerli Vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla selamlıyorum.
Birinci Dünya Savaşı’nın zorlu şartlarında hayatlarını kaybeden OsmanlıErmenilerini bu yıl da saygıyla anıyor, torunlarına bir kez daha taziyelerimi iletiyorum.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

Մինչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին սրբադասած է 1915-ի նահատակները, ամէն տարի 24 Ապրիլին կը խնդրուի անոնց բարեխօսութիւնը։ Իսթանպուլի մէջ ալ այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին թէ՛ 1915-ի բոլոր զոհերը հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան եւ թէ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութիւնը խնդրուեցաւ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ի՞նչ է Հայրենիքը:
Քարտէսը պատասխան չէ: Ծննդեան վկայականն ալ սկսաւ տարբերիլ: Ոչ ոք այս հարցումը հարցուցած է ինծի, ինչպէս դուն կը հարցնես: Հիմակուընէ մինչեւ մեռնիս, կամ զղջաս, կամ դաւաճանես: 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան թերեւս 80-ամեակէն ի վեր գիտակցաբար կը հետեւիմ այս թիւին մեծնալուն. 90, 95, 100, 105 եւ ահա՝ 110-ամեակ։ Դեռ հարիւր քանին կ՚ապրիմ՝ չեմ գիտեր, չեմ կրնար գիտնալ, բայց վստահ եմ, որ եթէ մեր մէջ շունչ մը կայ, ուրեմն այս թիւին ցասումն ալ կայ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արեւմտահայերէնով արժէքաւոր հրատարակութիւն մը դրուած է մեր սեղաններուն։
Պաղեստինեան արմատներով ամերիկացի գիտնական, գրաքննադատ ու քաղաքական գործիչ Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանի դասախօսներէն Եդուարդ Ու. Սայիդի (1935-2003) «Արեւելաբանութիւն» նշանաւոր հետազօտութիւնը անգլերէնէ թարգմանուած է արեւմտահայերէնի։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ազատութիւն»ը մարդկային արժանապատուութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Աստուած մարդը իմացական արարած ստեղծեց, տալով անոր արժանապատուութիւնը անձի մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ ծանօթ մը խօսակցութեան պահուն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ համար մինչեւ այսօր «գիրք» մը չեմ հրատարակած՝ նկատի ունենալով, որ գրի առած եմ աւելի քան 1200 յօդուած։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք արաբերէնէ թարգմանաբար փունջ մը մտածումներ, եգիպտացի գրող, փիլիսոփայ եւ բժիշկ՝ Մուսթաֆա Մահմուտէն: 
* Մեր ձեռքին հասած ամէն բան զգուշութեամբ եւ քննադատող միտքով կարդանք: Այնքան շատ թոյն կը ներարկուի մեզի, որու նպատակը մեր կորուստն է:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ եւ անոր ըսաւ.- Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես եւ պիտի չապրիս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին զանազան զգացումներ, որոնք իրենց տարբերութիւններով մարդուն կու տան ուրախութիւն կամ տխրութիւն, սակայն, կայ զգացում մը, որ անոնց մէջ ամենէն տարօրինակն ու հարցականը կը թուի ըլլալ. զգացում՝ որ անորոշութեան մէջէն կը ստեղծուի եւ այդ անորոշութեան կը մատնէ մարդը. զգացում՝ որ համամարդկային է՝ մտահոգութիւնը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Երեւանի ղեկավարութիւնը յաջորդ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Ապրիլի 28-29-ին տեղի պիտի ունենան իր շփումները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին այս շաբաթավերջին հրաժեշտ պիտի տայ նորոգ վախճանեան Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ պիտի մասնակցի Քահանայապետի յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, ապրիլի 26-ին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Մեծն Աթաթիւրքի անգին աւանդի արժեւորման հիմնական փուլերէն մին, որ կը համախմբէ ամբողջ երկիրը:
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնի օրը կը բնորոշուի առկայ մարտահրաւէրներու դէմ անխախտ կամքով:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

Գումգաբուի մէջ երէկ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած աւանդական այցելութիւններուն առթիւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պոլսահայ կրթական համակարգը երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չ՚ըլլար բարեփոխել. պատճառը ծայր աստիճան այլանդակուած վիճակն է։ Վարչայիններու ձախողումը բազմապատկուած է մասնագէտի հովեր ստացած միջակութիւններու գործած աւերներով:

Էջեր