Արխիւ
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Ուաշինկթընի իրադարձութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր ընդգծուած է, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան մշտական խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ արձանագրուած զարգացումը եւ այս ծիրէն ներս երէկ Ուաշինկթընի մէջ արտայայտուած կամքը։
Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրը նախաստորագրուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ: Հայաստան եւ Ատրպէյճան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման թնճուկը պիտի յաղթահարեն ԱՄՆ-ի գերակշիռ դերակատարութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Նոպելի մրցանակի թեկնածու ցոյց տուին Տանըլտ Թրամփը:
Կղզիի բարձունքին ամրան շրջանին կը շարունակուին գեղարուեստական գործունէութիւնները։ Երէկ երեկոյեան հերթական ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ի բնէ բարի է, քանի որ Աստուած երբեք չար չի ստեղծեր։ Քրիստոնեան ալ՝ որպէս մարդ բարի է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քանի մեր դասախօսը կը դժուարանայ մի քանի արժէքներ գտնել՝ որ եկեղեցին տուած է ժողովուրդին, կու գանք շարունակելու.
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երբ Նիւ Ճըրզիէն հանրակառքով հասայ Նիւ Եորք, առտուան ժամը եօթն էր եւ օրը քիչ մը ամպոտ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կոնստանդին Թ. խաղաղ ճանապարհով Անիին տիրելու համար 1044 թուականին Գագիկը Պոլիս հրաւիրեց։ Երիտասարդ թագաւորը վտանգը զգալով՝ չէր փափաքեր երթալ.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 97 տարիներ առաջ՝ 20 փետրուար 1928 թուականին, Գահիրէի մէջ շինուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շինութեան առիթով «Լուսարձակ» շաբաթաթերթը Բ. տարի, թիւ 64-ի հրատարակութեան մէջ կը գրէ.
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վախը՝ անծանօթին նկատմամբ, սոսկալի յուշերու, ձախողութեան հաւանականութեան եւ առանձին մնալու մտահոգութեան ծնունդն է։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Հնակարկատին մեծ ասեղը փոքրիկ տղուն բերած վարդագոյն ծաղկաւոր կօշիկը կը նորոգէր։ Քրոջ կօշիկն էր. քանիերորդ նորոգուիլն էր՝ չէր գիտեր, բայց գիտէր, որ իր կօշիկին վիճակն ալ երանելի չէր...
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը կը տեւէ շաբաթ մը։
Շիշլի մարզակումբը ճատրակի մրցաշարք մը կազմակերպած է ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Այս նախաձեռնութեան գծով մարզակումբին հետ համագործակցած է Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝ Սօնա Սարուխանեան։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակը. համահայկական համագործակցութեան լուրջ վկայութիւն։ Հայաստանի շրջանակները կ՚արժեւորեն եզակի բարձրագոյն կրթական հաստատութեան բոլորած եօթտասնամեակի ուղին։
«Հայճար» միութիւնը երէկ նշեց իր հիմնադրութեան 18-րդ տարեդարձը, ինչ որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն Ուաշինկթընի մէջ են։ Այսօր, Սպիտակ տան մէջ, անոնք կ՚ընդունուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որ ունէր եռօրեայ ծրագիր մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց աշխարհի շուրջ յիսուն երկիրէ աւելի քան վեցհարիւր սփիւռքահայ երիտասարդ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ շուտով կրնայ հանդիպում մը ունենալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան. «Եկեղեցին պիտի շարունակէ առաքելութիւնը՝ անկախ հալածանքի չափէն»: «Ելքեր միշտ կ՚ըլլան, երբ ըլլայ կամք, քաջութիւն, խոհեմութիւն եւ պետականամէտ մտածելակերպ», կ՚ըսէ Սրբազանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կայսեր ընծաներով վարձատրուած՝ Պետրոս կաթողիկոս վերադարձաւ Հայաստան, բայց 1024 թուականներուն ան հեռացաւ Սեբաստիոյ Սենեքերիմ թագաւորի մօտ եւ այնտեղ մնաց մինչեւ 1029 թուականը, երբ առ ժամանակ Կարսի Աբաս թագաւորի մահուան առթիւ վերադարձաւ Անի։