Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի եօթ յառաջատար կրթական կառոյցներ միաւորուած եւ ստեղծած են «405 կրթական դաշինք» միասնական հարթակ մը՝ կրթական ոլորտի կառոյցներու փոխգործակցութեան եւ նոր կրթական ծրագիրներու իրականացման համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացէն ներս Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը…
Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտին՝ մեկնաբաններ նպատակայարմար կը նկատեն աշխուժացնել «3+3» ձեւաչափը, վերակենդանացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործունէութիւնը եւ «ապասառեցնել» հայկական կողմին ՀԱՊԿ-ին մասնակցութիւնը՝ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման համար:

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երջանկայիշատակ Բաբգէն Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսի քարոզներէն մէկը, որ գրի առած եւ խօսած է եպիսկոպոս եղած ժամանակ: Բարի ընթերցանութիւն:

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Տնտեսական գործունէութիւնը կ՚ենթադրէ գերակայ բարիին հասնիլ՝ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն ճանչնալ։ Տնտեսութիւն, որ ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ վարել, կառավարել, մատակարարել, նպատակ ունի, նպատակ ունենալու է բարձրագոյն բարի՛ն։

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայերէն լեզուին մէջ կան բառեր, որոնք լուրջ վերլուծութեան կը կարօտին. այդ բառերէն են, օրինակ՝ «խիղճ», «անխիղճ» ու «խղճալի» բառերը. այս բառերուն քովը կարելի է աւելցնել նաեւ «գութ», «անգութ» ու «գթութիւն» բառերը եւ պահ մը քով քովի բերել խղճալ ու գթալ բառերը՝ որոնք իրարմէ այնքան ալ տարբեր չեն երեւիր:

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ որեւէ զիջում խնդրոյ առարկայ չէ։

Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025

Մարդ երբեմն կը տեսնէ միայն իր աչքին առջեւինները, երբեմն ալ ընդհակառակն՝ աչքի առջեւինը բնաւ չի տեսներ։ Անտարակոյս, սա միայն բնաւորութեան հետ սահմանափակուած չէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

Սուրբ գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան երէկ կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Հրայր Ճէպէճեան, որ պաշտօնի բերումով յաճախ կը ճամբորդէ, Իսթանպուլի մէջ այցելեց Էսաեան վարժարանը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի, բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան արդարացուեցաւ դատական մարմիններուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, ողբացեալ Արամ Նիկողոսեանի յիշատակին ձօնուած երկրորդ միջվարժարանային մրցաշարքը համախմբեց մեր համայնքէն հոծ թիւով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

Ապպաս Արաղչիի Երեւան այցելութեան օրը Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Մարքօ Ռուպիոյի հետ:
Թեհրան միշտ կը վերահաստատէ, որ դէմ է Հարաւային Կովկասի երկիրներու միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու որեւէ փոփոխութեան: Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ կ՚արժեւորեն տարածաշրջանային օրակարգի հարցերը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հիւրընկալելու ժամանակ խնդրեց, որ Թուրքիա աջակցի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

Ենթակայականութիւնը յաճախ կը համարուի սխալ հաշուարկի գործօն կամ սայթաքման պատճառ։ Սա ճիշդ է այն առումով, որ խմբային մտքի մաղէն անցած անէն ինչ աւելի կատարելագործուած կրնայ համարուիլ տեսականօրէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդ արարածը եթէ իր պանդխտութեան տարիներուն իր ներսիդին յոյս չունենար, ապա շատ դիւրութեամբ կը մոլորէր ու սայթաքելով ինքզինք կորուստի կը մատնէր: Եթէ ուժ մը կայ, որ մարդս շատ յաճախ կեանքին կը կապէ, ապա յոյսն է:

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Քսան տարի ետք, արաբական բազմաթիւ քաղաքաներու իյնալէն ետք, ընկերոջս եբրայերէն լեզուով արտայայտած միտքերս հաճելի չթուեցան մարդու մը, որ ճաշարանին մէջ նստած էր, որով բորբոքած կերպով սկսաւ պաշտպանել իսրայէլեան անիրաւութիւնը, այն պատրուակով, որ [մտածումներս] ծայրայեղ են:

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կ՚ըսեն, որ գործի մը սկսիլ՝ ճանբան կիսել կը նշանակէ, իսկ կէսին հասնիլ՝ արդէն գործը վերջացնել է։ Բայց կարեւորը՝ գործի մը հաստատամիտ սկսիլն է. առանց վարանելու, առանց եւ առանց յուսալքուելու շարունակել ճանապարհը կեանքին…

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային գոյութիւնը կ՚ընթանայ ընտրութիւններու միջոցով եւ այդ ընտրութիւնները անշեղ ուղղուածութիւն մը ունին դէպի ճիշդը, դէպի կատարեալը. Սակայն, հակառակ ջանքերուն, այս ուղղուածութիւնը միշտ իր նպատակին չի հասնիր եւ ակամայ ճիշդին քով տեղ կը գտնէ նաեւ սխալը՝ որ կեանքի միւս երեսակը կը կազմէ:

Երեքշաբթի, Մարտ 25, 2025

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկար տարիներու աշխատանքային ճամբորդութիւններուս ընթացքին այցելած եմ շատ մը երկիրներ: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ տեսած եմ անոր գեղեցկութիւնը եւ դիտած եմ զայն իր տեղական պարունակին մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 25, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Իրողութիւն է, որ յանցաւորները միշտ մտատանջութեան մէջ են, աւելի ճիշդ, միշտ կը կարծեն, թէ զիրենք հետապնդողներ կան: Առակացը որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞ այդ մասին:
Պատասխան.
Այո, կ՚ըսէ: Կը կարդանք. «Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի, բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ՚ըլլան» (Առ 28.1): 

Երեքշաբթի, Մարտ 25, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ աղօթքը երեք հանգրուան ունի. խնդրանք, յանձնարարութիւն եւ խորհուրդ առնել եւ վերջապէս՝ գործակցիլ։ Թէ ինչպէ՞ս կարելի է գործակցիլ Աստուծոյ։ Աստուծոյ գործը կատարել, աստուածահաճոյ գործ մը կատարել՝ արդէն Աստուծոյ գործակցիլ է եւ Աստուծոյ գործակցիլ՝ ինքնին աղօթե՛լ է։

Էջեր