Արխիւ
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վաղը ամբողջ աշխարհ կը նշէ սիրահարներու տօնը:
Եկէք՝ ծանօթանանք, թէ տարբեր ժողովուրդներ ինչպէ՛ս կը նշեն այս տօնը, սիրահարները ինչեր կը նուիրեն իրարու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս մեր մեծագոյն եւ իւրայատուկ գրական-մտաւորական անձնաւորութիւններէն մէկուն՝ Կոստան Զարեանի «Սպանիա» գիրքը կը կարդամ: Այնքան հետաքրքրական եւ միաժամանակ այնքան խորունկ հատոր մը, որ կարելի չէ հատորին մէջ արձանագրուած խոր, այժէմական եւ կեանքի փիլիսոփայութեան հետ առընչութիւն ունցող մտածումներուն մասին պահ մը չմտածել, չբերել ներկայ, խորհրդածել, մտմտալ եւ փորձել հասկնալ մեր ներկան:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, նոր տարուան առաջին իսկ օրը, սենեակիս պատէն կախուած հին տարուան հայկական մեր օրացոյցը, երբ նորով կ՚ուզեմ փոխարինել, անպայման, նախ հինը էջ առ էջ աչքէ կ՚անցընեմ եւ ապա հոն տեղ գտած զաւակներուս, թոռներուս եւ մտերիմ բարեկամներուս ու զարմիկներուս ծննդեան կամ ամուսնութեան թուականներուն եւ այլ նօթերուս հետ, «նորին» վրայ կ՚արտագրեմ, ամէն տեսակի մոռացութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու առաջքը առնող, իբրեւ շատ օգտաշատ եւ արդարամիտ որդեգրում:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութի սրտին գտնուող հայկական թաղամաս՝ Պուրճ Համուտը յայտնի է ոսկիի առեւտրականներու մեծ ցանցով եւ ցայսօր ալ կը համարուի այդ արհեստին գլխաւոր կեդրոններէն մին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանեկան, ընկերային, բարոյական եւ կրօնական կեանքին հետ սերտ յարաբերութիւն ունի շաբաթներու այն շրջանը՝ որ կը կոչուի «Մեծ պահք»։ Եւ ահաւասիկ, անգամ մը եւս հասաւ այդ շրջանը։
Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ ստեղծուած՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբին երկրորդ ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ հեռավար ձեւաչափով։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը միշտ ահազանգ կը հնչեցնէ Սիւնիքի սահմաններու պարագային:
Ընդդիմադիր ուժերը նորովի թափ կու տան իրենց ջանքերուն՝ իշխանութեան հրաժարականը ապահովելու համար:
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ դրական լուրեր հաղորդեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներու առողջական վիճակին կապակցութեամբ։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Ս. Ծննդեան պատարագին 2021 տարին հռչակեցինք «Աղօթքի տարին» մեր թեմական կառոյցէն ներս բազում նկատառումներով։ Արդարեւ, այսօր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ աղօթքը պէտք է արտայայտուի մեր բովանդակ կեանքով, ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական առումներով։
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը օժտուեցաւ «Yamaha» նոր նուագարաններով:
Երաժշտասէրները ողջունեցին՝ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ մատուցուած բարձրորակ կատարումները:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմագերիներու փոխանակման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, այս հարցի կապակցութեամբ տրամաբանական լուծումն է «Բոլորը՝ բոլորի դիմաց» ձեւաչափը։
Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Հարաւային Կովկասէ ներս կը ձեւաւորուին նոր հաւասարակշռութիւններ եւ այս ամբողջին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Վրաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ երեսակները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան նախընթաց օր երկրի խորհրդարանէն ներս յայտարարած էր, որ Արցախի պարագային կարգավիճակը բռնի ձեւով փոխուած է եւ Թուրքիա այլեւս պատրուակ մը չունի Հայաստանի հետ սահմանը փակ պահելու։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին քննարկեցին տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշական պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախատեսուած առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային։
Կարսի մէջ կազմակերպուած «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները հասան իրենց աւարտին:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները ներկայ եղան համատեղ ռազմափորձերու եզրափակիչ փուլին:
Այս շաբաթավերջին քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն. այսպէս՝ Տեառնընդառաջ, Բուն Բարեկենդան եւ երկուշաբթի, փետրուարի 15-ին Մեծ պահք։
Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ աւանդական շուքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Պահպանակ մը օդապարիկի տեսքով
պաշտպանութիւն
գմբէթ
սաղմ
հաւկիթ
երկրին խեղաթիւրումը
ձուաձեւ շրջագիծ
պատմական բողբոջում
աշխարհագրական մաշկի փոփոխութիւն...»
ԵՐԱՄ
Գիւղ էր եկեր միջին տարիքն անց արդէն, վաթսունի մօտերուն, մօտ տասնհինգ տարի առաջ։ Եկեր էր մինակ, բայց շատոնց քաղաք գացած գիւղի բնակիչներէն մէկուն ուղեկցութեամբ։