Արխիւ
Եւրոպական Միութեան կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ստեղծուած է բացառիկ հնարաւորութիւն։ «TRT World»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ թէեւ կան պատերազմի հետեւանքներ, երեսուն տարուայ թշնամանք, բայց պէտք է նայիլ ապագային։
Հայաստանի սահմաններէն ներթափանցած Ատրպէյճանի զօրքերու հարցը կը շարունակէ օրակարգի առաջնահերթ նիւթ մնալ։ Վերջին օրերուն Երեւանէն հաղորդումներ կը կատարուին, թէ սահմանի՝ Գեղարքունիքի մարզի հատուածի երկայնքով Ռուսաստանի խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին։
«Կան հարցեր, որոնք մաս կը կազմեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան օրակարգին»:
Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանը՝ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու վերսկսման մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքով խորհրդարան մուտք գործել յաջողած քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, ան շնորհաւորեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որու ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն ապահոված է խորհրդարանէն ներս։
Պատմաբան փրոֆ. Քեմալ Չիչէք յօդուած մը գրի առած է հեղինակաւոր «The Independent»ի համար:
«Ժամանակը եկած է ու կ՚անցնի հայ-թրքական յարաբերութիւնները պղտոր յիշողութեան գերութենէն փրկելու համար»:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Տակաւին կեցած էր այնտեղ» (տե՛ս Յհ 11.30):
Մեկնութիւն. Քրիստոս այնտեղ [ուր Մարթան դիմաւորած էր զԻնք] կը մնար Մարիամի եւ Մարթայի հետ. նախ՝ որպէսզի անոնց հետ տեսնէ գերեզմանը:
Այսօր 90 տարեկան պիտի դառնար հայ ազգի տաղանդաւոր զաւակներէն, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ-քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեան, որ հեղինակն է Երեւանը զարդարող նշանաւոր քանդակներու։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ 1 յուլիսէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ կեանքը պիտի դառնայ բնականոն։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ հաստատուած սահմանափակումները պիտի ջնջուին այդ թուականի դրութեամբ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս որոշեց Արցախի վերաբերեալ ութ հետազօտական ծրագիր հովանաւորել։ Յառաջիկայ շրջանին այդ ծրագիրները պիտի ստանան հիմնարկի նպաստը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի զօրքերը:
Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու երէկ ունեցան հերթական հեռախօսազրոյց մը՝ քննարկելով իրադարձութիւնները:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութեան առթիւ։ ՀԲԸՄ Հայաստանի ընտրութիւններու արդիւնքը որակեց՝ համազգային ապաքինման ուղղեալ առաջին քայլ։
Շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն վերջ, Հայաստանի մէջ տեսականօրէն սկիզբ կ՚առնէ նոր շրջան մը։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով յառաջացած քաղաքական տագնապին լուծում գտնելու առաջադրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընտրութիւնը։
Անգարա-Պաքու եղբայրութեան իրաւական հիմքերու ա՛լ աւելի ամրապնդման համար մօտաւոր ապագային համաձայնագրեր պիտի ստորագրուին:
Էրտողան խօսեցաւ Զանգեզուրի միջանցքի մասին. «Թուրքիա-Ատրպէյճան օրակարգի իւրաքանչիւր գլուխը վճռակամութեամբ եւ ժամ առաջ կեանքի պիտի կոչուի»:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ լուսանկարչութեան մրցոյթ մը կազմակերպուած է ի յիշատակ անմոռանալի լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի, որ նախորդ ամիս զոհ գացած էր քորոնաժահրի համաճարակին։ Իր անժամանակ կորուստի պատճառած մեծ ցաւի մթնոլորտին մէջ, Ենիգիւղի յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս մրցոյթը՝ «Մենք ու մեր աւանդութիւնները» խորագրին ներքեւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային գրադարանը յաճախ կը համալրուի հնատիպ ու հազուագիւտ հայերէն գիրքերով, որոնք ցրուած են աշխարհի չորս կողմը եւ զանոնք գտնելու համար Հայաստանի ազգային գրադարանը ջանք չի խնայեր: Գրադարանի հաւաքածոները համալրող այդ հնատիպ գիրքերը յաճախ իրենց օրինակները չեն ունենար հայ գիրքի ամենամեծ պահոցին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, անոնք արժէքաւոր կը մնան ոչ միայն իրենց հնատպութեամբ, այլ գրադարանին մէջ միակը ըլալլու հանգամանքով:

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Իրանի նորընտիր նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիին։ «Մեծապէս ուրախ ենք, որ Իրանի բարեսէր ժողովուրդը ազգային աւանդներուն հաւատարմութեամբ կը կառուցէ իր երկրի շէն ու բարօր կեանքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսին։ 2020-2021 տարեշրջանի ընթացաւարտները դպրոցէն հրաժեշտ առին Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած աւանդական հանդիսութիւնով մը, որու պատուոյ հիւրը եղաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ իր կողքին ունենալով Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
2000 թուականի այս օրը՝ յունիսի 21-ին, Սիեթըլի մէջ, Ուաշինկթըն, Միացեալ Նահանգներ, ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին մահացաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գիտցած եղէք որ շուները իմ թշնամիս չեն, սակայն անոնց հոգատարութեան համար ծախսուած անհամար գումարներուն հետ չեմ կրնար հաշտուիլ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ գումարները կրնան աւելի լաւ ծառայութիւն բերել՝ եթէ ծախսուին թերզարգացած (underdeveloped) երկիրներու չքաւոր ընտանիքներու կարօտեալ մանուկներուն համար, չէ՞ք խորհիր։