Արխիւ
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Նկատի ունենալով, որ մեր ընթերցողներէն շատեր կրնան ծանօթ չըլլալ Աբրահամ Ալիքեանի գրականութեան՝ անցեալ երկուշաբթի օրուան թիւին մէջ յարմար նկատած էի տալ անոր թարգմանած բանաստեղծական կտորներէն մէկը՝ Էտկար Ալան Փոյի «Ագռաւը» գլուխ գործոցը: Հոն ի յայտ կու գայ Ալիքեանի թէ՛ բանաստեղծական ու թէ՛ թարգմանչական տաղանդն ու կարողութիւնը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերային ցանցերը դարձած են գրեթէ ամբողջ մարդկութեան հասարակաց «կախեալութիւնը»։ Ընկերային ցանցերը, որոնք դեռ քանի մը տարի առաջ սկսան գործածուիլ, դարձան մեր կեանքի անբաժանելի մէկ մասը, որմէ հրաժարիլ անկարելի կը թուի այսօր։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ծնողներուն օտար կրնայ թուիլ, բայց երեխաներուն համար տեսանիւթը հաղորդակցելու զուարճալի միջոց է: Ամենէն աշխոյժ բոլոր ծրագիրները (Սնեփչեթ, Ինսթակրամ, ԹիքԹոք, Մեսենճըր) կարելիութիւն կ՚ընձեռեն բաժնեկցելու տեսանիւթեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ արուեստագիտուհի Անիթա Թութիկեան։
-Գրեթէ 5 ամիս անցաւ Պէյրութի մեծ պայթումէն: Հիմա եթէ 5 ամիս ետ նայիք, ի՞նչ կը մտածէք այդ եղեռական տեսարանին մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեանքը քու ճամբուդ վրայ քարեր պիտի դնէ, դուն մտադրէ այդ քարերէն պատեր կառուցանել եւ կամուրջներ շինել»։ Այսպէս կ՚ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը եւ մարդկային բանականութիւնն ալ կը հաստատէ զայն, քանի որ մարդ պէ՛տք է աշխատի միշտ՝ չարիքը բարիքի, խաւարը լոյսի վերածել։
«Փիւնիկ» խումբը ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ։ Այսպէս, պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդ բաժնին, «Փիւնիկ» ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ սկսած է թուրք զինուորականներու Ատրպէյճան ուղարկման գործընթացը։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիա պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի հետ քննարկել հրադադարի վերաբերեալ հարցերը։
Ալիեւները այց մը տուին Շուշի՝ ներառեալ քաղաքի մեծ մզկիթն ու Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին:
Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը:
Ոչ եւս է Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի բազմամեայ եւ նուիրեալ սպասաւորը:
Թորոս Էօզհալաճեան կեանքէն հեռացաւ՝ ետին թողլով ազնիւ ու բարի յիշատակ մը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ հաստատուած, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած «Աջակցինք Արցախին» ծրագրի շրջանակներէն ներս աշխատանքները կը շարունակուին։ Այս նախագծի համակարգող յանձնախումբը, որ կը գործէ ատենապետութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, այս շրջանին արդէն ձեռնամուխ եղած է շարք մը մարդասիրական ձեռնարկներու իրականացման։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեր կեանքէն անցաւ տարի մըն ալ, որպէսզի գար ուրիշը: Նորը: Արդէն իսկ նոր տարի է: Օրերէ ի վեր զայն կ՚ապրինք: Այս կը նշանակէ, որ հին տարին չկայ: Համայն աշխարհը փակեց անոր էջերը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը դիմագրաւելու համար շատ մը կանխազգուշական միջոցներ դրուեցան կառավարութեան կողմէ։ Անոնցմէ կարելի է յիշել դիմակ գործածելը, իրարմէ 2 մեթր հեռու մնալն ու յաճախակի կերպով ձեռք լուալը, ի միջի այլոց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կարգ մը տուեալներու համաձայն, քորոնա համավարակը շատ աւելի վտանգաւոր եւ ջլատիչ իրավիճակ մը ստեղծեց հայաշխարհի տարբեր գաղութներու մէջ։ Ջլատիչ կ՚ըսեմ, որովհետեւ քորոնաժահրի հետեւանքով պատահեցան մարդկային կորուստներ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Հարցում մը.
Լաւ պահ մը համաձայնինք, որ այս բոլորին մեղաւորն ու պատճառը հիներն են։ Սակայն, երկուքուկէս տարիէ ի վեր հիները չկան ու «նոր»երը փոխարինած են անոնց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք տեղեկութիւններ փոխանցել կէտադրութեան մասին՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական ուղեցոյց»էն։
Ռուսական թատրոնը հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժիշկներուն։ Այսպէս, Սթանիսլավսքիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնը պատերազմի ընթացքին բժիշկներու անձնուէր աշխատանքը գնահատելու, արժեւորելու նպատակով նախաձեռնած է «Շնորհակալութիւն բժիշկներուն» նախագիծը, որ կը սկսի յունուարի 16-ին:
«Եթէ վարչապետի թեկնածուն նոյնիսկ սպիտակ թուղթ ներկայացնէ, ես անոր կողմ պիտի քուէարկեմ»։ Այսպիսի բան մը ըսած էր յեղափոխական երեսփոխաններէն մին՝ 2018 թուականի մայիսին Հայաստանի մէջ ծաւալուած իրադարձութիւններու ժամանակ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին նախորդած պայմաններուն ներքեւ՝ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի նրբութիւններուն։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին կապակցութեամբ Մոսկուա իրազեկեց Ուաշինկթընն ու Փարիզը։
Ըստ Արա Այվազեանի, տարածքաշրջանային խնդիրներու լուծումը կախում ունի վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը տեսակցեցաւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ: