Արխիւ
Նիկիոյ Առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը քրիստոնեայ աշխարհի ուշադրութեան առարկայ:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքն ու տասնչորս կարտինալէ բաղկացեալ խումբ մը երէկ այցելեց Իզնիք:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իրանի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Մխճեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Պատրիարքարանի կողմէ երէկ այս եկեղեցւոյ վերաբերեալ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ՝ որպէս թաղային խորհուրդի ատենապետ նշուած է Միսաք Կիւլլիւքի անունը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթաժողովին, որու ընթացքին ներկայացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ձմեռնային հեքիաթ է Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ։ Ուշացած ձիւնը խորհրդաւոր պատկերներով լեցուցած է բնութեան հեռաւոր անկիւնները՝ գեղեցկութենէն զատ իր հետ բերելով նաեւ դժուարութիւններ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կիներ կը կազմեն աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 50 տոկոսը։ Այսինքն՝ արտադրութեան եւ զարգացման ներուժի կէսը: Այնուամենայնիւ, սեռային անհաւասարութիւնը կը շարունակէ մնալ կիներու կեանքի ամենամեծ ընկերային եւ տնտեսական խոչընդոտը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուրախ պէտք է ըլլանք, քանի որ ապահով եւ ամենավստահելի Հայր մը ունինք. Ա՛ն է մեր Նախախնամը, Ա՛ն է մեր ապաւէնը։ Այս գաղափարը մեզ կը մխիթարէ մեր նեղութիւններուն, մեր ցաւերուն, վիշտերուն մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային ընկերութեան մէջ ընտանեկան կառուցուածքը սկսաւ յստակ փոփոխութիւն կրել 18-րդ եւ 19-րդ դարերու ընթացքին. աղքատ դասակարգին մօտ այդ փոփոխութիւնը այդքան նկատելի չեղաւ, ինչքան հարուստ դասակարգին մօտ. միջին եւ աղքատ դասակարգի կինը ամբողջութեամբ կը տարբերէր հարուստ ընտանիքներու մայրերէն ու կիներէն.
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աւանդութիւնը սերունդներու ու անոնց միջոցով փոխանցուած ժառանգութիւն մըն է, որ կ՚ընդգրկէ անձին, ընտանիքին, հաւաքականութեան եւ ազգին իւրայատուկ միտքը, կեցուածքը, վարուելակերպն ու, տակաւին, ընկերային եւ կրօնական սովորութիւնները:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հարաւային Գալիֆորնիոյ միլիոնաւոր բնակիչներուս համար, բոլորովին նոր կամ անծանօթ անուն մը չէ «Սանթա Անա» կոչուած այս զօրաւոր եւ տաք քամին, կամ՝ ահաւոր հրդեհներու պատճառ դարձող հով-փոթորիկը:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
1995-ի աշնանն էր։ Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական վարժարանը կը դասաւանդէի։ Տեսուչ հայր սուրբը՝ Տ. Սահակ Վրդ. Մաշալեան, այժմ Պատրիարք Պոլսոյ Հայոց, կանչեց զիս.
-Ռամաթկանի համալսարանէն հրաւէր եկած է, որպէսզի հայերէնի մասնագէտ մը մասնակցի երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու լեզուներու ժողովին։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն ներս արդէն սկսած է տիրել տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու սկիզբը բնորոշուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագով, զոր մատոյց Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։
Սօսի Ճնտոյեանի յուշերու շահեկան գիրքը լոյս կը սփռէ պոլսահայ կեանքի արդի տարեգրութեանց վրայ:
«Bir Hayat Bol Sohbet» շնորհանդէսը վերածուեցաւ նաեւ հեղինակի արդար մեծարանքին, «Արաս»ի սրահի երդիքին տակ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Եւրոպա կը ձգտի ինքնիշխանութիւնը ամրապնդել արհեստական բանականութեան գծով:
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան կ՚այցելէ Ֆրանսա, ուր ժամադրուած է նախագահ Մաքրոնի հետ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Պաղեստինի հարցը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2024 թուականը տակաւին շատ չէ հեռացած մեզմէ։ 2024 թուականին լրացան պոլսահայ նշանաւոր գրող Մատթէոս Զարիֆեանի ծննդեան 130 եւ մահուան 100-ամեակները։ Այս երկու տարեթիւերը անգամ մը եւս առիթ են յիշելու Պոլսոյ մէջ երեսուն տարեկանին մահացած նշանաւոր գրողը, որ իր բախտակից շատ մը բանաստեղծներու պէս երգեց սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկառելի Կրօնական ժողովը 7 փետրուար 2025 թուականի նիստին նկատի ունեցաւ İtimat Bürosu-ի մասին վերջերս համացանցի վրայ տեղ գտած՝ Տիար Կարօ Գաբրիէլեանի պնդումները եւ ընդառաջեց Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեանի գրաւոր դիմումին, որով կը խնդրուէր նիւթին քննարկումը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պետութիւններն ու ժողովուրդները մշտապէս եղած են մեծ մրցակցութիւններու մէջ՝ իրենց դատերը, գաղափարներն ու մշակոյթները տարածելու համար: Մեծ տնտեսական շահի հովանոցին տակ տեւաբար կատարուած են բազմաթիւ գործունէութիւններ ու քարոզչութիւններ՝ նայած դարաշրջանի ու ժամանակի գործիքաւորումներուն ու իւրայատկութեանց արհեստագիտութիւններուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Դամասկոսի նոր ղեկավարութիւնը հաւասարակշռութեան ճիգերու հետամուտ. ի՞նչ զարգացումներու սպասել:
Սուրիա տակաւին շատ հեռու է կայունութենէ, անշուշտ, տակաւին երկար ճանապարհ կայ մինչեւ պատկերի ամբողջական բիւրեղացումը: