Արխիւ
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նախընթաց օր Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի նոր ու նախկին առաջնորդները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ գործող «HAY MENTEE-MENTOR» երիտասարդաց ծրագիրը յունուար ամսուան մէջ շարունակեց իր գործունէութիւնը։ Հակառակ քորոնաժահրի համավարակի շարունակուող սահմանափակումներուն, ծրագիրը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ օգտագործելով համացանցային հարթակը։
ԵՐԱՄ
Երբեմն, բոլորովին անսպասելի, ամբողջովին զուրկ դրդապատճառէ, եւ չեմ գիտեր ուրկէ՞, յիշատակ պատկերներ կու գան, կը կախուին ուղեղիս պաստառին։ Անկոչ հիւրեր։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գիրքը բացաւ, բացիկը ձախ ձեռքով քնքշօրէն բռնեց, աջով գոց գիրքը տեղաւորեց գզրոցին մէջ, բազմեցաւ իր անկիւնը, շունչը պահեց ու կարդաց տասնեակ տարիներ առաջ գրուած իր միակ սիրոյն ձեռագիրը՝ «Կը սիրեմ քեզ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ ուշադրութեամբ դիտուի բնութիւնը, պիտի տեսնուի որ հոն ամէն ինչ յարաբերական է։ Երեւոյթներ թէեւ կը նմանին իրարու, բայց երբեք նոյնը չեն, անոնք իրարմէ կը տարբերին էապէս։
«HBO»ն եւ «Warner Bros»ը Հերի Փոթըրի մասին հեռուստաշար մը կը նկարահանեն։ Այսպէս, ամերիկեան «HBO» հեռուստաընկերութիւնը «Warner Bros»ի հետ համագործակցաբար կը նկարահանեն՝ մանկահասակ հրաշագործ Հերի Փոթըրի մասին պատմող շարժանկարի հիման վրայ հեռուստաշար մը։
Հայաստանի քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ թէեւ իշխանութիւնները մեծ ջանքեր կը գործադրեն բնականոն վիճակի տպաւորութիւն ստեղծելու համար, սակայն ընդդիմութիւնը կը շարունակէ հետապնդել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը ապահովելու նպատակը՝ յետպատերազմեան ծանր եւ անանտեսելի հետեւանքներու լոյսին տակ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով Լոնտոնի մէջ դարմանման ենթարկուած էր, ապաքինած է մեծաւ մասամբ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բժիշկներու վերահսկողութեան տակ, տնային պայմաններու ներքեւ կը շարունակուի Արմէն Սարգսեանի բուժումը։
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու մակարդակով երկրորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ներկայ ամսուան մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ՝ այս երեք երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան (Հայաստան), Ալեքսէյ Օվերչուք (Ռուսաստան) եւ Շահին Մուսթաֆաեւ (Ատրպէյճան) Մոսկուայի մէջ իրենց առաջին հանդիպումը ունեցած էին 30 յունուարին։
Արցախի պատերազմէն վերջ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու ապագան միշտ օրակարգի վրայ:
«Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատումը կ՚ըլլայ էական եւ անհրաժեշտ քայլ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը բարձրացնելու եւ որպէս միջազգային իրաւունքի առարկայ՝ երկրին կարեւորութիւնը աւելցնելու համար»:
Վատիկանի մէջ նախընթաց օր առնուեցաւ կարեւոր որոշում մը, ըստ որու Կաթողիկէ եկեղեցին յետայսու ամէն տարի փետրուարի 27-ին պիտի յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Սուրբ Աթոռի Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու ժողովը այս որոշումը առած է՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի հրամայականի հիման վրայ։
Իզմիրի նորանշանակ առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմեթեքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ պաշտօնի կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, փետրուարի 2-ին, ժամը 17.30-ին, քաղաքի Սանթա Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Դէպի Զուարթնոց օդակայան տանող ճանապարհները խցանած են: Հայաստանի ամենախոշոր ու նշանաւոր օդակայանը երբեք այսքան մարդաշատ չէր եղած: Մարդիկ կ՚երթան, տղամարդիկ կը լքեն իրենց հայրենիքը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր հայ գրականութեան համարձակ ու տաղանդաւոր կին գրողներէն մէկուն՝ Զապէլ Եսայեանին ծննդեան օրն է, ան դարձաւ 143 տարեկան: Հրապարակախօս, գրող, գրականագէտ Եսայեանի՝ Պոլիսէն Սիպերիա հասնող կենսագրութիւնը, իր մահէն ետք, շատ ուսումնասիրուած է, բայց տակաւին ունի ուսումնասիրման կարօտ ծալքեր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. երբ ինծի կ՚ըսուի. «Այդ ցանկութիւնը մէջդ կը կատարուի անգիտակից կերպով, սակայն չե՛ս նկատեր զայն». ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի նկատեմ զայն:
-Քիչ մը ուշադրութեամբ, կը նկատես որ լաւ չես, հակառակ անոր որ կ՚ըսես, թէ բան մը չկայ, որ կը նեղացնէ զիս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական ընտրանքի մը դէմ դիմաց դրուած՝ մարդուն խիղճը կրնայ կազմել կա՛մ ուղիղ դատաստան մը, հաշտ՝ բանականութեան եւ աստուածային օրէնքին հետ, կա՛մ ընդհակառակը կազմել թիւր դատաստան մը՝ որ կը հեռանայ անոնցմէ։ Ուստի, մարդը երբեմն կը հակադրուի կացութիւններու, որոնք բարոյական դատաստանը կը դարձնեն նուազ ապահով եւ որոշումը՝ դժուա՛ր։
Սերկէյ Լաւրով եւ Ան Լինտէ երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
ԵԱՀԿ կը ձգտի միջնորդի դեր ունենալ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն շուրջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի։ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի դիւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ թեմակալ առաջնորդը այդ նամակը Սպիտակ տուն ուղարկած է՝ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութենէն անմիջապէս վերջ։
ԵՐԱՄ
Արագածի նախալեռներուն, իրարմէ մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ կանգնած են երկու կոթողներ։
Մէկը Տեղերի վանքն է, որուն մասին դեռ վերջերս գրեցի։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պատմութիւնը կը կրկնուի:
Մայր ու որդի՝ երկու սերունդ, ծնած Արցախի երկու պատերազմներու տարիներուն: Իննսունականներու ծնունդ եմ ես: