Արխիւ
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ բարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր առաջին անգամ բարձր մակարդակի վրայ կապ մը հաստատուեցաւ Թուրքիոյ հետ։
Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ մարդասիրական հարցերուն մասին քննարկում:
ՀԱՊԿ միշտ կ՚ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն վարձկաններու հեռացման անհրաժեշտութիւնը:
Պողազիչի համալսարանի վերաբերեալ որոշ իրադարձութիւններ այս շրջանին առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Նոր վերատեսուչի նշանակումով պայմանաւորուած անհանգստութիւններէ սկսալ, մինչեւ սրբութիւններու դէմ անարգանքի խնդիրներ՝ շարք մը գործօններ պատճառ դարձած են որոշ լարուածութեան։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան հարցազրոյց մը տուաւ Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթին, որ յաճախ նաեւ կը քննադատէ իշխանութիւնները։
Սերկէյ Լաւրով եւ Ան Լինտէ երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման:
ԵԱՀԿ կը ձգտի միջնորդի դեր ունենալ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն շուրջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի։ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի դիւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ թեմակալ առաջնորդը այդ նամակը Սպիտակ տուն ուղարկած է՝ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութենէն անմիջապէս վերջ։
ԵՐԱՄ
Արագածի նախալեռներուն, իրարմէ մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ կանգնած են երկու կոթողներ։
Մէկը Տեղերի վանքն է, որուն մասին դեռ վերջերս գրեցի։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պատմութիւնը կը կրկնուի:
Մայր ու որդի՝ երկու սերունդ, ծնած Արցախի երկու պատերազմներու տարիներուն: Իննսունականներու ծնունդ եմ ես:
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աննա Մարիա Պէյլունիօղլուն եւ Էօզկիւր Քայմաքը։
Հիւրերը քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ ծանօթացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ ու տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց վերջերս լոյս տեսած «Kısmet Tabi» գրքին մասին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ո՞րը պիտի ըլլայ 2021 թուականի բառը: Տարուան սկիզբէն ի վեր արդէն սկսած են կանխատեսումները: Տարուան բառը ընտրողները ուշի ուշով կը հետեւին աշխարհի իրադարձութիւններուն եւ առցանց բառարաններուն մէջ ամենաշատ փնտռուող բառերուն:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Քաղաքական, տնտեսական եւ հանրային խնդիրներու մասին դատումները միայն արհեստավարժ գործիչներու եւ արհեստավարժ լրագրողներու պէտք չէ ձգել: Լսե՛լ նաեւ՝ մտաւորականը, ուսուցիչը, արուեստագէտը, առանց անոնց կրկնել տալու կանխակալ կարծիքներ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Այնքան ատեն որ ցերեկ է» (Յհ 9.4):
Մեկնութիւն. Քրիստոսի մարդեղութեան ժամանակը երկրի վրայ ցերեկ կը կոչուի չորս պատճառով. նախ՝ ինչպէս արեգակին մերձաւորութիւնը որ կը տեւէ երկրի վրայ՝ օր եւ գիշեր կը կոչուի, նոյնպէս Քրիստոսի մարմինով երեւնալը շնորհներու օր եւ լոյս ըրաւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական կեանքը հոգեւոր պաշտամունք մըն է։ Արդարեւ կարեւորը կեանքը երկար ապրիլը չէ, այլ արդիւնաւոր, պտղաբեր եւ օգտակար ապրիլն է։ Մարդուս կեանքը իմաստ կը գտնէ իր նմաններուն երջանիկ կեանքով, ինչ որ կարելի է մարդասիրութեան եւ իրերօգնութեան ոգիի մը գործադրութեամբ։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղերէն Եուրա Մովսիսեան աւարտեց իր քարիէրը։ Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին յարձակողներէն Եուրա Մովսիսեան, որ վերջին շրջանին որոշ վնասուածքներէ կը տառապէր, որոշեց այլեւս լքել ֆութպոլը։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը տեղեկացուց, որ 10 հազար ամերիկեան տոլար դրամաշնորհ յատկացուցած է Երեւանի Մատենադարանին՝ «Թուային Մատենադարան» ծրագրի շրջանակներէն ներս։
Մեր պետութեան կրած պարտութենէն եւ ազգային նուաստացումէն յետոյ «հաճելի» եւ «ոգեւորիչ» բաներու մասին խօսիլը կը նշանակէ դաս չքաղել կատարուածէն եւ երթալ ապագայ պարտութիւններու ճանապարհով։ Նախ եւ առաջ, պէտք է ընդունիլ, որ այն, ինչ տեղի ունեցած է՝ պարտութիւն էր եւ նուաստացում, ինչ որ մեր այսօրուան իշխանութիւնը չ՚ընդունիր, որովհետեւ, եթէ ընդունի, հարց կը ծագի՝ այդ պարագային ինչու տակաւին նստած էք ձեր աթոռներուն։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջերս յայտարարեց նոր նախաձեռնութեան մը մասին, որ կը վերաբերի Արցախի ձօնուած նիւթերով հետազօտութիւններու պարագային դրամաշնորհներու յատկացման։
Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ ախտաճանաչուած քորոնաժահրէն վերջ իրեն համար կատարուած դարմանումը տուած է դրական արդիւնք։ Նախկին նախագահի գրասենեակը երէկ տեղեկացուց, որ Սերժ Սարգսեանի վերջին քննութեան արդիւնքը եղած է բացասական։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ շրջանին պատրաստութիւններ կրնան սկսիլ նոր սահմանադրութեան մը մշակման համար։
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի ներկայ ամսուան առաջին ժողովը։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան «Ձմեռ 2021» զօրավարժութիւններուն սկսան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ:
Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ: