Արխիւ
«Yolcu Tiyatro» խումբը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ յաջողութեամբ բեմադրեց եզակի ներկայացում մը:
Կոմիտասի ձօնուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ:
ՏՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Տխրայիշատակ 9 նոյեմբերը անկիւնադարձային թուական է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Արցախեան պատերազմի մեր վէրքերը չբուժուած, մեր նահատակ վեհ եղբայրներուն ու քոյրերուն սուգը չամբողջացուցած, սթափեցանք սահմռկեցուցիչ եւ անընդունելի պայմաններ ընդգրկող համաձայնագիրի մը լուրով:
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Ամէն տարի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ կ՚ոգեկոչուի՝ օրուան յատուկ շարականներով եւ աղօթքներով, յիշատակը մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի 12 աշակերտներէն՝ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն, որոնք ի Հայաստան իրենց կատարած քարոզութեամբ եւ նահատակի լուսապսակին արժանանալով՝ հանդիսացան Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ խօսք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի կողքին կարեւորագոյն դեր ունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ այս երկիրը միշտ համաչափ եւ հաւասարակշռուած քայլերով եւ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 սեպտեմբեր 2020-ը մեր նոր ժամանակներու պատմութեան շրջադարձային թուականը դարձաւ: 27 սեպտեմբերին մեր պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ, էջ մը որ շատերուս համար յուսադրական եւ փայլուն պիտի ըլլար, սակայն 9 եւ 10 նոյեմբերի օրերը եկան այդ էջը սեւցնելու եւ դարձնելու թերեւս մեր պատմութեան ամենէն վատ եւ տժգոյն ու ամօթալի ժամանակաշրջանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճշմարտութիւնները միշտ մեր գլխուն վրայ են, եւ ո՛չ թէ մեր ոտքերուն տակը. բարձրութեան մէջ, եւ ո՛չ թէ ցած տեղեր։ Ուրեմն ճշմարտութիւնները աժանցնելու փորձութենէն զգուշանալո՛ւ է մարդ։
Նիկոլ Փաշինեան ուշ գիշերին տեղեկացուց, որ յետպատերազմեան շրջանին անմիջական կապի մէջ է Վլատիմիր Փութինի հետ:
Երեւանի եւ Մոսկուայի ծաւալուն աշխատանքային օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար տարուած ջանքերը:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան զուգահեռ արդէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Քարվաճառի (Քելպեճեր) շրջանը։ Համաձայնութեան գործադրութեան իւրաքանչիւր փուլին նոր բարդութիւններ կը յառաջանան հայկական կողմին տեսակէտէ։ Երէկ, Հայաստանէն խումբ մը երեսփոխաններ ահազանգ հնչեցուցին, որ Ատրպէյճանի զինուորականներ ներխուժած են Սոթքի ոսկիի հանքը։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական հանգանակութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին վաղը պիտի տօնախմբէ հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։ 2015-ին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով այս տօնը հռչակուած էր Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Աշուն է հիմա։
Ծառերը ահա ձմրան բարկ բուքին ահէն սրտդողած
Անորոշութեամբ յղի օրերու ելեւէջներուն անձայն յանձնուած
Երազներ են վառ
Բայց աւաղ բեկուած․․․
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կը սիրենք կեանքը, եթէ կրցանք դէպի իրեն ուղի մը գտնել.
Երկու նահատակներու միջեւ կը պարենք,
Ուր մանուշակով կամ արմաւով մինարէներ կը բարձրացնենք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն բնաւ փորձա՞ծ էք ունկնդրել թռչունի մը երգը։ Թռչունի մը երգը ունկնդրողներու համար կը բաւէ մարդկային ունայն մեծամտութիւնը փշրուած զգալ։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ քննարկուեցաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկ մը, որով կը նախատեսուէր երկրէն ներս բաւ համարել ռազմական դրութիւնը։ Այս նախագծի քննարկման ժամանակ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ լարուածութիւն՝ երկրի ներքին քաղաքական կեանքի առկայ մտահոգիչ պատկերին համապատասխան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Կութերես քննարկեցին Արցախի մէջ յետպատերազմեան շրջանի առկայ մարդասիրական իրադրութիւնը եւ անոր հետեւանքները տարածքաշրջանի համար։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու դէմ ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով երկրէն ներս ռազմական դրութեան բաւ համարուելու նիւթը։
Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս երէկ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Խումբ մը ծերակուտականներ պատրաստած էին նախագիծ մը, որով կ՚առաջարկուէր ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։
Փաշինեան անհրաժեշտ կը համարէ Արցախի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացի վերականգնումը:
Նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն հետ:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ, թէ Ատրպէյճան ետ կ՚առնէ իր հայրենիքի տարածքները։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը դաշտի վրայ կը գործադրուի փուլ առ փուլ։ Երէկ, Քարվաճառի շրջանը վերջնականօրէն անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։