Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020

Ամենահարուստ երկիրները հերթի կանգնած են քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի համար։ Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ճաբոն եւ Եւրոմիութեան երկիրները պայմանաւորուած են գնելու համար քորոնաժահրի դէմ 1.3 չափաբաժին պատուաստանիւթ, որ դեռ չէ ստեղծուած: Այս մասին հաղորդած է Bloomberg գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Airfinity վերլուծական ընկերութեան հետազօտութիւնը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020

Ճաբոնի մէջ քորոնաժահր յայտնաբերուած է ընտանի կենդանիներու մօտ։ Այսպէս, Ճաբոնի մէջ առաջին անգամ քորոնաժահր յայտնաբերուած է ընտանի կենդանիներու մօտ։ Anicom Holdings Inc ընկերութիւնը այս մասին տարածած է հաղորդագրութիւն մը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան երէկ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Սա Իսրայէլի իշխանութիւններուն մօտ հաւատարմագրուելէ վերջ դեսպան Արմէն Սմբատեանի առաջին այցելութիւնն էր։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին պետ Արթուր Վանեցեան վերջին օրերուն հարցաքննուեցաւ Երեւանի մէջ։ Ան ներկայիս կը գլխաւորէ «Հայրենիք» ընդդիմադիր կուսակցութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արթուր Վանեցեանի հարցաքննութիւնը կատարուած է ԱԱԾ-ի կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Աֆղանիստանի մէջ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) երէկ յարձակում գործեց բանտի մը վրայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ երկրի Նանկարհարի նահանգի Ճալալապատ քաղաքէն ներս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Աքար անդրադարձաւ «Թուրազ արծիւներ» ռազմափորձերուն:
Ռուսաստան անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիա-Ատրպէյճան լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալման վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները կը ցոլացնեն ահազանգային պատկեր մը:
Վերջին արձակուրդին ստեղծուած կացութիւնը վտանգ կը սպառնայ ամբողջ երկրէն ներս նոր ալիքի մը ծագելուն համար. իւրաքանչիւր օրուան դէպքերը միշտ հազարի շուրջ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Համայնքային շրջանակներէն ներս վերջերս ձեւաւորուած է «Մեր հայեր» անունով զօրակցութեան հարթակ մը, որ ընկերային գետնի վրայ գործունէութիւն ծաւալել կը նախատեսէ։ Այս հարթակի ներկայացուցիչները վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցան ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի նահանգային կազմակերպութեան ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլուի հետ։ «Մեր հայեր» հարթակը կը ծրագրէ յառաջիկայ 16 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ, Գնալը կղզիի վրայ կազմակերպել խաղողի խրախճանք մը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանեան տագնապը կը շարունակուի եւ ներկայիս առկայ ընթացքը ցոյց կու տայ, որ երկիրը հեռու է ընդհանուր լուծումներու շրջափուլէն։
Ի դէպ, «Լիբանանեան խնդիր» եզրոյթը առաջին անգամ երեւան կու գար վաղ 70-ականներուն, երբ երկիրը կը մտնէր քաղաքացիական «անթուլ» պատերազմի մը մէջ, որ ինքնին պատճառ կը դառնայ հազարաւոր լիբանանցիներու սպանութեան ու երկար տեւած պատերազմէն ետք, բոլորին համար պարզ կը դառնար, թէ «Լիբանանեան խնդիր»ը տակաւին չէ լուծուած։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութեան մէջ տեսնուած շատ մը երեւոյթներ ապացոյցներ եւ լուսաբանութիւններ են տիրող ան մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի օրէնքին՝ որով կ՚որոշուի մէկ ուժի մը յաղթութիւնը եւ ուրիշ ուժի մը պարտութիւնը։ Մարդ երբ ուշադրութեամբ դիտէ բնութիւնը, հոն պիտի տեսնէ երեւոյթներ, որոնք կը բացայայտեն զանազան դժուարութիւններու եւ արգելքներու դէմ Բնութեան ցոյց տուած վարուելակերպը՝ որ նման է մարդկային վարմունքին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս սիրոյ եւ նուիրուածութեան վրայ հիմնուած շատ հետաքրքրական պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի Ճեքսընվիլ քաղաքէն։
Սթիւ Տանիէլ եւ կինը Մերի ամուսնացած են 24 տարի առաջ եւ շատ ուրախ կեանք մը կ՚ապրէին իրարու հետ, երբ յանկարծ եօթ տարի առաջ՝ Սթիւ կը սկսի տառապիլ Ալզհայմըրզի հիւանդութենէն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Մարմինս ճշմարիտ կերակուր է» (Յհ 6.55):
Մեկնութիւն. Այստեղ ցոյց կու տայ չորրորդը կերակրելէն, թէ Քրիստոս Աստուած է. նախ՝ նկանակներուն համար ըսաւ: Երկրորդ՝ որ աշակերտներուն ըսաւ, թէ՝ «Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յհ 6.20):

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նորոգ հանգուցեալ Վարդ Շիկահերի քերթուածներէն բաղկացեալ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Փնջիկ մըն ալ»։ Գիրքի մեկենասն է Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, որ միշտ կը խրախուսէ հայերէն գիրքերու հրատարակութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, վերջին օրերու արձակուրդի առիթը օգտագործուեցաւ՝ կազմակերպելու համար քայլարշաւ մը։ Ակումբի երիտասարդաց յանձնախումբին ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը՝ Գնալը կղզիի վրայ «Բնութեան մէջ քայլարշաւ» կարգախօսով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ վերջին օրերուն իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին առթիւ կազմակերպուեցաւ առցանց շնորհաւորական մը։ Այս առթիւ երկրի փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ նախընթաց երեկոյեան կղզեբնակ պատանիներու համար կազմակերպուեցաւ քարաոքէի երեկոյթ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով այս տարի Կազդուրման կայանի դռները փակ են եւ խնամատար մարմինը այս ստիպողութեան պայմաններուն ներքեւ զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպէ կղզեբնակ մանուկներու կամ պատանիներու համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա հերթական անգամ զգուշացումներով հանդէս եկաւ իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին ընդառաջ։ Ըստ նախարարին, թէեւ փողոց դուրս գալու սահմանափակումներ չեն նախատեսուած տօնական օրերուն, սակայն նախազգուշական միջոցներուն պէտք է հնազանդիլ՝ դէպքերու թիւի աճը կանխելու համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան խումբ մը փոքրիկներու համար տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է Կազդուրման կայանը այս տարի իր դռները չէ բացած քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ լայնածաւալ զօրավարժութիւնները արդէն սկսան. Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն:
Կովկասի մէջ ուժի ցոյց: Երեւանի կողմէ դիւանագիտական գետնի վրայ բազմակողմանի քայլեր: Փարիզի ղեկավարութիւնը կը յիշեցնէ, որ ռազմական լուծում գոյութիւն չունի:

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի։
Այցելուները եկեղեցւոյ տարեկան հաշուետուութիւնը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացնելու նպատակաւ փութացած էին Պատրիարքարան։

Էջեր