Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետը վշտակցութեան խօսք մը արտասանեց՝ Պէյրութի պայթումին բերումով:
«Թող Բարձրեալ Տէրը Լիբանանի ժողովուրդը պահէ իր օրհնութեան ներքեւ, օգնէ անոր՝ այս ծանր պահուն կորովի եւ աննկուն մնալու համար»:
Հայաստանի կողմէ նախատեսուած օժանդակութեան առաջին խմբաքանակը հասաւ Լիբանան:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռախօսազրոյց մը ունեցան: Զարեհ Սինանեան այցելեց Պէյրութ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ խորհա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. արդեօք սա փոքրիկ թռչունը կրնա՞յ աւելի երջանիկ ըլլալ քան «մեծ» եւ զանազան յատկութիւններով օժտուած մարդը։
Յաճախ պատուհանէն կը դիտեմ դրացի տուներու պարտէզներուն մէջ հազուագիւտ ծառերը. յանկարծ փոքրիկ թռչուն մը կու գայ կը թառի անոնց ճիւղերուն վրայ եւ ուրախ զուարթ կը սկսի գեղգեղել։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս անհաւատալի դէպքը պատահած է Վիրճինիա նահանգին մէջ, ասկէ մի քանի տարիներ առաջ։ Սակայն իմ ուշադրութեանս յանձնուեցաւ վերջերս միայն եւ խիստ շահեկան ըլլալուն համար, կ՚ուզեմ բաժնել ընթերցողին հետ՝ վճիռը ձգելով անոր հայեցողութեան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գիւտ մը ըրած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ որ քանի մը շաբաթներէ ի վեր, հայրենի մեր աշխարհը ու յատկապէս իր հզօր բանակն ու երիտասարդ բանակայինները դարձած են աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը: Յուզիչ եւ նոյնքան ալ հպարտալի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանը եւ նոյնիսկ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը ցնցած ահաւոր պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Երկիրը կը փորձէ կամաց-կամաց դուրս գալ իր վիրաւոր վիճակէն ու հաշուառել, կշռել, ի մի բերել առկայ վնասներուն ընդհանուր պատկերը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը քրիստնէութեան պատմութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան պատմութեան ան իւրայատուկ անձնաւորութիւնն է, որուն Արարիչը, հաճեցաւ անոր միջոցով մարդանալ եւ իրագործել Իր փրկագործական ծրագիրը: Անձնաւորութիւն մը, որ իր մաքրութեան, անարատութեան, պարզութեան, ազնուութեան, խոնարհութեան պատճառով իր մէջ կրեց անբաւելին երկնի եւ երկրի, անպարփակելին, ամբողջ տիեզերքի Արարիչին, զօրութիւններու Տիրոջ, մահուամբ մահուան յաղթողին:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ ներկայացուց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 56 հազար 726 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1185 նոր վարակեալ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) արդէն շարժման անցած է Լիբանանի հայութեան օժանդակութիւն փութացնելու համար։ ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը տեղեկացուցին, որ աշխարհատարած կազմակերպութիւնը թափով կը լծուի լիբանանահայութեան ի նպաստ օգնութեան աշխատանքներու։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան Պէյրութի մէջ պատահած հուժկու պայթումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայ համայնքի հետ կապուած խնդիրները։
Լիբանանէն ներս ստեղծուած առկայ իրավիճակին մէջ ո՞վքեր կը շահին եւ ո՞վքեր կը կորսնցնեն. Անգարա ուշադիր:
Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի տեսակէտէ բեկումնային փուլի մը կրնայ վերածուիլ այս դէպքը: Սաատ Հարիրիի առջեւ նոր հորիզոններ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնայ յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայր շահած կ՚ըլլաս։ Իսկ եթէ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպսէզի -երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն-։
Լիբանանին հրատապ օգնութիւն փութացնելու հրամայականը միջազգային ընտանիքի օրակարգին վրայ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ուրախալի է տեսնել մանուկներուն վազվզուքը, խաղերը բակերուն ու տալաններուն, այգիներուն ու խաղավայրերուն մէջ, լսել անոնց հաճելի ձայները, դիտել նաեւ պահուըտուքը, տուն-տունիկը, ուսուցիչն ու աշակերտը, գնդակի խաղերը... բաներ, որ մտածել կու տան, թէ կեանքը բնականոն հունին մտնելու ճամբան բռնած է. համավարակին մասին ծանուցուած թիւերը նոյնպէս դրական մտածումներ կ՚առաջացնեն եւ փոթորիկէն ետք սեւ ամպին փարատումը կը պատկերացնես պահ մը չորս դիդ անցած դարձածը տեսնելով, բայց, շատ չանցած, ձայները ժխորի կը վերածուին եւ համերաշխօրէն խաղացող մանուկներուն պոռչտուքը, վէճը ունկեր կը խլացնեն եւ դուռ ու պատուհան գոցելով մեկուսարանդ քաշուիլ կ՚ուզես:
Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ քաղաքապետարանի շէնքերը երէկ գիշեր լուսաւորուեցան Լիբանանի դրօշակով՝ որպէս զօրակցութեան նշան Պէյրութի ահաւոր պայթումին յաջորդած առկայ ցնցումի մթնոլորտին մէջ։ Այս դէպքին զոհ գացած է 157 հոգի, որու 11-ը հայ է։ Արդէն յայտնի են լիբանանահայ զոհերու անունները. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պէզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժագ Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տէկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան, Վարուժ Թոսունեան եւ Սարգիս Թեքիլեան:
ԵՐԱՄ
Կիրակի երեկոյ, ժամը 7։
Արեւն իր շողերը քաշեր էր քաղաքէն, բայց լոյսը կը մնար Երեւանի փողոցներուն, շէնքերուն, այգիներուն վրայ։ Շաբաթը ուր որ է փակուէր պիտի։
Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) վանքին մէջ, երէկ, յունաց օրացոյցին համաձայն Վարդավառի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Յունաց Պատրիարքին։ Վանքի տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամներէն՝ Արտա Չընար։
Պատրիարքական Աթոռը Տիար Արեւ Ճէպէճիէ տեղեկացած էր, թէ 16 օգոստոս 2020, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի կիրակիին, Գնալը կղզիի վրայ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ ծրագրուած էր մշակութային փառատօնի մը կազմակերպումը։ Այս տեղեկատուութեան առընթեր ան փափաքած էր գիտնալ, թէ սոյն ձեռնարկը յաչս Պատրիարքական Աթոռոյ անպատեհ կը նկատուէ՞ր, թէ՝ ոչ։
Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումը, խոր ցնցում յառաջացուցած է երկրի հայրենակիցներուն մօտ։ Աղէտին իբր հետեւանք ո՛չ միայն փլուզումներ եւ աւերումներ, այլ նաեւ՝ նիւթական լուրջ վնասներ յառաջացած են։
Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները:
Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: