Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Լոս Անճելըս։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ սեպտեմբերի 22-ին, Լոս Անճելըսի ժամով 16.00-ին, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ տեղւոյն «Կրենտ Փարք»ին մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ առաւօտ տեղեկացուցին, որ նորոգ հանգուցեալ պատմաբան Վահագն Տատրեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի մէջ։ Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Փրոֆ. Վահագն Տատրեան կը վայելէր միջազգային հեղինակութիւն եւ անկոտրուն պայքար մը մղած էր արդարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան նշանակուեցաւ հայազգի դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Անգլիոյ կառավարութիւնը տեղեկացուց, որ Երեւանի մօտ նոր դեսպան նշանակուած է Ալան Անդրանիկի Կէօքպաշեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովոա վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկուեցաւ երրորդ երկիրներուն զէնքի վաճառքի կանոնակարգման հարցը:
Փաթրուշեւի Հայաստան այցելութեան ժամանակ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան շուրջ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայրենի արուեստագիտուհի Նաիրա Մուրատեանի եւ պոլսահայ սիրելի բանաստեղծ Զահրատի Կիկօ բանաստեղծական հերոսին մասին շարժանկար մը նկարահանած է Լոնտոն բնակող բեմադրիչ Յասմիկ Գասպարեան: «Նարարա եւ Կիկօ» խորագրեալ այս շարժանկարը ցուցադրուեցաւ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնին, արժանացաւ լաւ ընդունելութեան եւ անգամ մը եւս յիշեցուց նկարչուհի Նաիրա (Նարարա) Մուրատեանի Կիկոյին հանդէպ անսահման սիրոյ մասին

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եփրատի արեւելքը ի գին ամէն ինչի պիտի մաքրագործուի ահաբեկիչներէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ինչպէս որ Աֆրինը մաքրուեցաւ, ինչպէս որ Ճերապլուսը մաքրուեցաւ ԻՇԻՊ-ականներէ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ Եփրատի արեւելքը պիտի մաքրագործենք ԵՓԿ-էն եւ ՓՔՔ-էն»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Գործարար Վարդան Սրմաքէշի մեծ ներդրումով Շիրակի մարզէն ներս արդիւնաբերութեան նոր կառոյց մը:
Մարալիկի բամպակի մշակման գործարանը սկսած է վերագործարկուիլ՝ փայլուն ապագայ խոստանալով Կիւմրիի համար: Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Հումքը կը ներածուի Թիւրքմենիստանէն, իսկ արտադրութիւնը կ՚արտածուի դէպի Ռուսաստան՝ ներքին սպառման առընթեր:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան հրապուրիչ, ո՜րքան մոգական բառ մըն է «սկզբունք»ը։ Կեանքին ուղղութիւն տուող, կեանքին ընթացքը որոշող հրաշալի՜ ուժ մըն է սկզբունքը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քաղաքական ընդհանուր վիճակ…
Երեք ամիսներէ ի վեր Սուրիոյ զարգացումներուն հետեւող վերլուծաբաններու համար բաւական «առեղծուածային» հարց մը կը ծագէր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Պատրաստեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նախորդ երկու գրութիւններով ներկայացուցինք տարբեր մարդոց, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եւ Ընդհանրական Սուրբ եկեղեցիներու Սրբազան Հայրերուն մտածումները Աստուածաշունչ Մատեանին մասին: Այս գրութեամբ պիտի ներկայացնենք Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերջին շուրջ հարիւրյիսուն տարիներու գործող հոգեւորականներուն մտածումները Աստուածաշունչին մասին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ամէն չորեքշաբթի, երէկուան Ս. Պատարագին եւս մասնակցեցան զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, որոնց ներկայութեամբ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սեւան Արապօղլուի գլխաւորութեամբ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ պայրամի արձակուրդի օրերուն տեղի ունեցաւ «Զուարճալի գիտական աշխատանոց» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Կեցցէ՛, տարուայ լաւագոյն կատակաբանը…
-Դուք անկրկնելի էք… շնորհակալ ենք ձեզի՝ մեզի անսպառ ժպիտ պարգեւելու համար… մենք ձեզ շատ կը սիրենք…

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Տնօրէն խորհուրդի անդամներուն առընթեր ներկայ էր նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019

Ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ փոխ-ատենապետ Սարգիս Չավուշեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն բացատրութիւններ տուին՝ նախընթաց օր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ տեղի ունեցած կարեւոր տեսակցութեան շուրջ:
Ընտրական գործընթացը մշտական լուծումներով՝ թրքահայ համայնքի արդի կարիքներու դիմագրաւման համար: նոր որակով մը վերակազմակերպելու նպատակով կողմերը արտայայտեցին իրենց կամքը: Համակարգի զարգացման ուղղեալ աշխատանքներն ու առաջարկները սեղանի վրայ պիտի դրուին յառաջիկայ արձակուրդի օրերէն վերջ:

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019

Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման համար սփիւռքի մէջ արհեստավարժ նախաձեռնութիւններ:
Վարդան Գաբրիէլեան. «Գիտակից սփիւռքը ունի պարտականութիւններ եւ ան ինքզինք չի տարանջատեր պետութենէն»:

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019

Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս կը կարեւորէ ընդհանուր ելմտական շուկայի մը ստեղծուիլը:
Յառաջիկայ աշնան Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն գագաթաժողովը:

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Երբ կը հնչէ «Անջէյնտ մելոտի»ն, ան կարծես կը ծորի ժամանակի մէջէն՝ կանգնեցնելով մոլորակի շարժումը 3 վայրկեան եւ 35 երկվայրկեանով, շրջապատը վերածելով մեծ, հիասքանչ քնքոյշ ու մեղմ սիրավէպի մը։ Ան իրմով կը պարուրէ ամէն ինչ, բայց աւելին՝ ան ունակ է ստիպելու թրթռալ ամենաչոր սիրտերն ու ամենաանտարբեր հոգիները։

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2019

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կիրակի, 4 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս ցնցումի ենթարկուեցաւ ահաւոր ոճիրի մը պատճառով. Թեքսասի Էլ Փասօ քաղաքը, մանրամասնելով՝ անոր մէկ գերվաճառատունը, բեմ դարձաւ արիւնալի դէպքի մը, որ խլեց առնուազն 20 զոհ, պատճառեց 26 կամ 40 վիրաւոր, ահ ու սարսափի մատնեց բազմահազար գնորդներ ու իր արձագանգները տարածեց աշխարհով մէկ:

Էջեր