Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2019

Ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու աւանդական «Հարիսա Զատիկը»։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կերպարի մը առջեւ կը խոնարհիմ, կը խաչակնքեմ այսօր։ Վերջի՞ն անգամ միթէ… Սա հրաժե՞շտ մըն է, թէ ոչ նոր սկի՞զբ մը. տակն ու վրայ է միտքս, զգացումներս՝ խառն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2019

Պայծառատես մտաւորականի մը կողմէ լիուլի արժեւորուած ինն տասնամեակներու վրայ հպանցիկ ակնարկ:
Փրոֆեսէօր Վարդան Օզինեան մասնակցած էր աշխարհի 120 պետութիւններու կրթական եւ ընկերատնտեսական ծրագրային աշխատութիւններուն՝ ՄԱԿ-ի խորհրդատուի հանգամանքով: Ունէր տոքթորականի երեք աստիճան:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2019

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը խորապէս կը սգայ իր բազմամեայ ու երախտաշատ երիցագոյն վեթերանին անմխիթար կորուստը. ոչ եւս է հեղինակաւոր գիտնականն ու հասարակական գործիչը, Կեդրոնականի հպարտ սանը, որ իր սերնդակիցներու շարքին առանձնացաւ միջազգային մակարդակի վրայ հասած գագաթնակէտով:
Վարդան Օզինեան Փարիզի մէջ ուղեղային խռնումի հետեւանքով մահկանացուն կնքեց 90 տարեկան հասակին՝ ետին թողլով քաղցր յիշատակ մը, որուն միախառնուած են հայկական ինքնութեան ու ժառանգութեան գոյատեւման համար պաշտպանուած զգայնութիւններ: Մեծ մտաւորականին հրաժեշտը կաղնիի մը տապալման համազօր է հայ իրականութենէն ներս:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ժողովրդական ասացուածք մը կ՚ըսէ. «Ողջ եւ առողջ ձուկ մը միայն կրնայ լողալ հոսանքն ի վեր. իսկ հին եւ անշունչ փայտի կոճղ մը անգամ՝ առանց ջանքի, կրնայ ծփալ ջուրին երեսը եւ երթալ հոսանքն ի վար»։ Իսկ Գերմանիոյ նախկին վարչապետներէն Konrad Adenauer իր յուշերուն մէջ կ՚ըսէ, թէ իր ականջին կը հնչէր խրատ մը յաւերժօրէն, որ կ՚ըսէր. «Գնա՛ վերջին մղոնը, եւ ըմբոշխնէ այդ վայելքը»։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամէն տարի Հայաստանի մէջ մօտ երեք տասնեակ փառատօներ կը կազմակերպուին: Անոնք կ՚արտացոլացնեն մեր երկրին մշակութային առանձնայատկութիւններն ու առօրեան:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Երաժշտութիւնը, ինչպէս լաւ օծանելիքը, իր մէջ անտեսանելի մասնիկներ ունի, որուն հետ առաջին հպումէն կրնայ ժամանակի սահմաններէն դուրս եկող սիրավէպ մը սկսիլ, որ կրնայ շարունակուիլ ամբողջ կեանքի ընթացքին», Օսվալտօ Ֆարրես։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հայ ծնողքը, ընդհանրապէս, միշտ հետամուտ եղած է իր զաւակներուն բարօր կեանքի ապահովութեան: Ազգային ասացուածք դարձած են այս խօսքերը. «Մեր զաւակները թող չտեսնեն մեր քաշածը», «Թող հանգիստ կեանք ունենան», «Թող հացի կարօտ չմնան» եւ այլ համանման մաղթանքներ, որոնք չենք գիտեր ե՞րբ ծագում առած են:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցնող օրերուն Հայաստանի լրահոսին մէջ կարեւոր տեղ տրամադրուեցաւ «Կալաւան» գիւղին։
Խորքին մէջ խօսքը միայն սովորական կամ արդիական մօտեցումներով «ոտքի ելած» հայկական գիւղին մասին չէր, այլ աւելին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019

Երէկ, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։ Խնդրակատար այս եկեղեցին, ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի մեր հաւատացեալներու ժամադրավայրը կը հանդիսանայ եւ այնտեղ տաղաւարի առթիւ կը ստեղծուի արտասովոր խանդավառութիւն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը Երեւանի մէջ եզրափակուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն: Յայտագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ մեներգչուհի Սիպիլ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի խաղողօրհնէքին: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան պատարագեց եւ քարոզեց Վաքըֆլըգիւղի մէջ: Գնալը կղզիի արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պատերազմ։ Շատեր կը խօսին ատոր մասին։ Կեանքեր «փոխող», վէրքը վէրքին վրայ բարդող եւ արիւններու մէջէն ու արիւններու միջով նոր քարտէսներ գծող այս երեւոյթը, միայն կրօնական տարակարծութիւններու, ատելութեան, ոխի ու քէնի հիմքով եղած դրոյթ մը չէ, այլ աւելին։

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019

Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնի աւարտը:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ փակման հանդիսաւոր արարողութեան ցուցադրուեցաւ «Ֆորմա» թատերախումբի «Վայ-վայ» ներկայացումը:

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կ՚արժանանանք տօնելու Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը։ Շատ անգամներ ուշադրութենէն կը վրիպի եւ կամ աննկատ կը մնայ, թէ այս տօնակատարութեամբ Սուրբ Կոյսի նկատմամբ ընծայուած առանձնաշնորհում մը կը յայտնաբերուի Հայ Եկեղեցւոյ տօնացուցային կարգադրութեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայրութիւնը բարձրագոյն դիրքն է մարդկային բնութեան, գագաթնակէտը՝ ամենաբարձր աստիճանը մարդկութեան, լրումը եւ կատարումը արարչութեամբ եւ ստեղծագործութեան ծրագրով՝ մարդուն կոչումին։ Մայրութիւնը ապացոյցն է մարդուն աստուածանմանութեան, Աստուծոյ ծրագրին գործակցութեան եւ ստացած կարեւոր պարտականութեան, իրաւասութեան եւ պատասխանատուութեան, «Ծրագիր»ին իրականացման նկատմամբ ստանձնած կենսական դերին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Առ հասարակ ընտանիքը, ընդհանուր դաստիարակութիւնը, մարդս արտաքնապէս շրջապատող հանգամանքները, հասարակական շրջանը, մանաւանդ բարոյական եւ մտաւոր զարգացումը, ընդհանրապէս աւանդութիւններ, սովորութիւններ, մեզ կը տպաւորեն եւ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն մեր ընդհանուր խորհելակերպին, գործունէութեան եւ ընթացքին վրայ։ Աւանդաբար փոխանցուած սկզբունքներ, հաւատալիքներ, ըմբռնումներ ընթացք կու տան կեանքին։ Եւ այս բոլորը մեծ ազդեցութիւն ունին նաեւ մարդուս մտքի եւ կամքի ազատութեան վրայ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի սրտին վրայ, մեթրոյի «Հանրապետութեան» կայարանի ճիշդ կողքը՝ կայ «թաղամաս» մը, ուր խանութներ ունին տասնեակ հալէպահայեր։ Երեւանի քաղաքապետարանի տնօրինութեան եւ ընծայած դիւրութիւններուն շնորհիւ հալէպահայ մեր հայրենակիցները հիմնած են իրենց «օճախներ»ը, ուր կը վաճառեն տնային ապրանքատեսակներ, հագուստեղէն, մինչեւ իսկ արեւելեան, բայց մանաւանդ հալէպեան ուտելիքներ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Մաշտոց» պողոտայէն հայրենադարձ կին մը փոքր հանրակառք մը կը բարձրանայ: Սովորաբար, երբ յաճախորդ մը հանրակառք բարձրանայ, նորեկին ուղղուած կ՚ըլլայ բոլորին ուշադրութիւնը. այս պարագային, մենք համակերպած ենք այն հայեացքներուն, որոնք կը խօսին ու կը յայտնեն, թէ մէկ նայուածքով հայրենադարձ կամ օտար ըլլալդ ակնկալած են. որսորդի հմտութեա՞մբ ըսեմ, նախազգացո՞ւմ ըսեմ...:

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Փոքրիկ» հայերէն հէքեաթներու կայքէջի աշխատակազմը հիւրընկալուեցաւ Կազդուրման կայանի համալիրէն ներս։

Էջեր