Արխիւ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պատարագի արարողութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն չորեքշաբթի Վոսփորի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որուն կը մասնակցին մեր զանազան թաղերէն հաւատացեալներ։
Հայաստանէն «Արին բերդ» պարախումբը երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գնալը կղզիի մէջ։ «Թէոս» ճաշարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր «Մեր պարերը եւ մենք»ի նախաձեռնութեամբ։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ կարեւոր ժողով մը՝ Գումգաբուի մէջ:
Նախաձեռնարկ մարմինն ու թաղային խորհուրդները պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կը քննարկեն անհրաժեշտ դերաբաժանումներն ու համագործակցութեան հեռանկարները՝ ժողովուրդի մասնակցութիւնը երաշխաւորելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճամբան երկու վայր իրարու կապող, եւ երբեմն ալ երկու անձ իրարու միացնող հարթուած հողի երիզ մըն է։
Արդարեւ, ճամբան ալ ունի իր «կենդանութիւն»ը եւ «անկենդանութիւն»ը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մէկ տարիէ աւելի անցած է արդէն հայկական գարունէն, որ հայ ժողովուրդին համար ապրելու եւ արարելու նոր արշալոյս մը բացաւ. արշալոյս մը, որ շատերու համար յուսալից էր, շատերու համար ուրախացուցիչ, շատերու համար մտահոգիչ, շատերու համար սարսափեցնող, բայց ամէն պարագայի արշալոյս մըն էր, որ եկաւ փոխելու հայրենի մեր ժողովուրդին առօրեան, ապրելաձեւը, նամանաւանդ մտային կերպով:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճանապարհը այս անգամ դէպի Ջաջուռ կը տանի: Հայաստանի նշանաւոր վայրերէն է, որ տեղակայուած է Շիրակի լեռնաշղթայի արեւմտեան ստորոտին, ծովու մակարդակէն 1700 մեթր բարձրութեան վրայ:
Այցելութիւն՝ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայի նորընտիր առաջնորդին:
Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան եւ Արեւելեան Ուղղափառ ներկայացուցիչները մէկտեղուեցան Էլփիտոֆորոս Մետրապոլիտին հետ:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն էր։ Վեհափառ Հայրապետը դարձաւ 68 տարեկան։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։ Սահակեան եւ Կասպրչիկ անդրադարձան Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գծի առկայ իրավիճակին վերաբերեալ շարք մը հարցերու։
Տարեկան ձեռնարկի ատենախօսներն էին Շէյտա Մելքոնեան եւ Լայզա Արսլանեան:
ՀԲԸՄ-ի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւտմեան ափի մասնաճիւղի «Հայ կին» խումբի ճաշկերոյթը:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայկական լեռնաշխարհի բոյսերը ունին շատ հին ծագում: Անցեալին անոնցմէ շատերը բուժական նպատակներով կ՚օգտագործուէին տեսակաւոր հիւանդութիւններ բուժելով եւ վէրքեր դարմանելու համար:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ յօդուածներովս նկարագրուած դժուար, անկայուն եւ յաճախ անհեռանկար վիճակ պարզող Հայաստանէն Պոլիս հասած գաղթականներու իրականութեան մէջ կայ բարեբախտաբար կտոր մը լոյս։
Անոր հասնելու համար պիտի նստիս թրամվայ, բարձրանաս բլրակներ, անցնիս Պոլսոյ հնագոյն թաղերէն, հասնիս Չեմպերլիթաշ կամ Պէյազըթ կայարան, իջնես, անցնիս ձախ կողմ ու դէպի ծով տանող զառիվարներէն մէկը բռնես։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եղանակի փակման հանդիսութիւնը։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարի շրջանին քաղաքս այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան եւ Տ. Յովէլ Քհնյ. Գամաղէլեան։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խնդրանքին ընդառաջ հիւր հոգեւորականները փութացած էին քաղաքս եւ մասնակցութիւն բերին տաղաւարի տօնակատարութիւններուն՝ լրացնելով մեր տեղական կարիքները։
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Միջազգային օրակարգին տեսակէտէ շատ կարեւոր հանդիպում մըն էր այս մէկը։
«Բնականաբար, Իսթանպուլի մէջ հայոց ներկայութիւնը, հասարակական դերակատարութիւնը միայն պատմութիւնով չի սահմանափակուիր։ Այսօր ալ հայերը զգալի ներկայութիւն ունին քաղաքի կեանքին մէջ։ Ճիշդ է, որ այսօր մեր համայնքին թիւը անհամեմատօրէն նուազած է, անոր ներուժը դարձած է շատ սահմանափակ։ Սակայն, պատմական ճշմարտութիւն մըն է, որ մեր ժողովուրդը երբեք քանակ չէ եղած առաջին հերթին, այլեւ՝ եղած է որակ։ Հայը ունի ստեղծագործ, արտադրող ժողովուրդի համբաւ եւ Իսթանպուլի մէջ մեր համայնքի զաւակները կը շարունակեն արդարացնել այդ համբաւը։ Յետոյ, չմոռնանք նաեւ, որ հայութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ Թուրքիոյ ամենաբազմանդամ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը։ Սա մեզի կու տայ կշիռ մը»։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան. «Տակաւին որքա՞ն պիտի շարունակուի այն լարուածութիւնը, որ գրաւի տակ կը պահէ մեր Պատրիարքական Աթոռի, մեր համայնքի ապագան։ Ինչո՞ւ կը պայքարինք, ինչո՞ւ իրարու դէմ թշնամացած ենք։ Ինչո՞ւ կորսուած է այն գիտակցութիւնը, թէ բոլորս նոյն նաւուն մէջ կը ճանապարհորդենք»
Նորին Սրբազնութեան համոզմամբ, պէտք չէ Պատրիարքական Ընտրութեան առիթն ալ մսխել։ Ընտրութիւնը նոր համախմբումի մը առիթը պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդին համար։ Ընտրութիւնը առաքելութեան թարմացման, վերամրապնդման առիթը պէտք է դառնայ մեր աթոռին տեսակէտէ։
Ըստ Կրօնական ժողովի ատենապետին, մեր ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի երթայ՝ ձայն տալու համար իմաստութեան, հեռատեսութեան, միասնականութեան եւ այդ բոլորը մարմնաւորելիք վարչական կերպարի մը, որ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը. «Նախ եւ առաջ, պէտք չէ մոռնանք աղօթել եւ իրարու համար աղօթել՝ մնացեալը գլուխ կը հանենք առաջ Աստուած»։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այսօր կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եոհան Վոլֆկեանկ Ֆոն Կէօթէի «Ֆաուստ»ը, այս գլուխ գործոցը ծանօթ է շատերուս. արդարեւ ան պարզ գրական գլուխ գործոց մը չէ, այլ «կեանքի գործ»ը Կէօթէի պէս իմաստասէր, համայնագէտ եւ հանճարամիտ անձնաւորութեան մը՝ որ յիսուն տարի ամբողջ տքնեցաւ անոր մասին եւ անոր մէջ խտացուց ո՛չ միայն իրեն համար ճշմարիտ հանճարի մը մտածումները, այլ նաեւ գերմաներէն լեզուի բոլոր կատարելութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն որ երջանկութիւնը նպատակ մը չէ՛, այլ երջանկութիւնը նպատակի մը հասնելու համար ճամբայ մը, միջոց մըն է. մարդ եթէ այդ ճամբուն վրայ երջանիկ է՝ կը դիւրանայ իր ընթացքը դէպի նպատակ։ Արդարեւ, երջանկութիւնը, ապրուած պա՛հն է, որ մարդս կը զօրացնէ, ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ եւ դրական տրամադրութիւն մը կը ստեղծէ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գիտելի է, թէ աշակերտները կանչելը չորս անգամ է. նախ՝ աշակերտները հաւատքի կոչեց: Յովհաննէս ասոր մասին կ՚ըսէ այստեղ: Երկրորդ՝ սիրելութեան եւ պարզ աշակերտութեան կանչեց: