ԻՇԽԱՆ

Ինը տարեկան էի: Մօրաքրոջս ձեռքէն բռնած, մտանք դարպասէ մը: Մուտքին՝ պահակի նման ծերունի մը նստեր էր եւ հանդարտ, անժպիտ, կը բարեւէր բոլորին:

-Ահա՛ նոր դպրոցդ,- ըսաւ մօրաքոյրս հպարտութեամբ:

«Դպրո՞ց, թէ՞ հանրային պարտէզ,- կը մտածէի ես. - այս ինչ լա՜յն բակ է», զարմացած կը դիտէի շուրջս, բարձր ծառերու տակ փայտէ նստարաններ, բակին մէջտեղ լայն ու կանաչ տարածութիւն, կաղնիներ ու արմաւենիներ:

Ա՜յս էր ուրեմն այդ «ճեմարանը», որուն գովքը հիւսեր էր մեծ հայրս ամբողջ ամառը: Շուրջս անծանօթ դէմքեր, ծնողներ, տղաք ու աղջիկներ, մեծ ու պզտիկ:

Յանկարծ հեռուէն լսեցի զանգին ձայնը, որուն յաջորդեց խելագար վազք մը, աղմուկ ու իրարանցում: Շուտով շարքեր կազմուեցան, սուլիչը վիզէն կախած խիստ ու փայլուն դէմքով մէկը բարձրացաւ քարէ նստարանի մը վրայ ու սկսաւ անուններ կարդալ: Ախ որքա՜ն երկար էր այդ անուանացանկը, ոտքերս կը դողային, անհամբեր կը սպասէի լսելու իմ անունը. ես ո՞ր պոչը պիտի բռնէի արդեօք:

Դաստիարակներու առաջնորդութեամբ, աշակերտները դասարան առ դասարան կը հեռանային:

Բակը պարապ էր, լուռ ու հանդարտ: Մոռցուե՞ր էի։ «Հոգս չէ,- կ՚ըսէի, ինքզինքս համոզելու համար, - իմ դպրոցս, ճիշդ տանս մօտ, թէեւ հին ու նեղ, դեռ շատ կը սիրէի. իմ ընկերուհիներս ու ուսուցիչներս հոն էին»: Բայց, մեր թաղերէն շատ հեռու այս հաստատութիւնը, ճիշդ է, որ շատ գեղեցիկ ու լայն էր, մանաւանդ այդ մէջտեղի շէնքը, կարծես ըլլար պալատ մը, իր երկու կողմերէն վեր բարձրացող աստիճաններով, բարձր սիւներով եւ լայն պատշգամներով:

-Երթա՛նք տնօրէնութեան սենեակը,- լսեցի մօրաքրոջս մտահոգ ձայնը:

Մօտեցանք պալատի նման շէնքին. «այս լայն ու փայլուն աստիճանները որքա՜ն կը յիշեցնէին Մոխրիկի (Cindrella) կախարդական աստիճանները», կը մտածէի ես:

-Պրն. Մուշե՛ղ, մեր աղջկան անունը չկարդացին,- ըսաւ մօրաքոյրս:

Պրն Մուշե՜ղ, այո՛, այդ անունը լսեր էի մեծ հօրմէս, լսեր էի նաեւ, որ Իշխան ալ էր:

Իշխա՞ն, մոխրի՞կ, աստիճաննե՞ր: Կամացուկ մը բարձրացուցի աչքերս ու ի՜նչ տեսնեմ, լայն բաճկոն մը հագած, քանի մը թել տնկուած մազ ճաղատ ու փայլուն գլխուն վրայ, մեծ քիթով, լայն ռունգերով մէկը կեցեր էր դիմացս: Ո՛չ, այս մէկը մոխրիկին իշխանը չէր. այս ուրիշ իշխան մը ըլլալու էր:

-Եկո՛ւր տեսնեմ, աղջի՛կս,- ըսաւ ան. անունս ու դասարանս ստուգելէ ետք, զիս տարաւ դասարան մը:

-Ալի՛ս, այս մէկը մոռցուեր էր, քիչ մը աւելի ուշադրութիւն ըրէք, ճանը՛մ: Պրն Մուշեղը եղաւ իմ առաջին առաջնորդս Ճեմարանի մէջ:

* * *

Տարիներ ետք պրն. Մուշեղ եղաւ նաեւ իմ հայերէնի եւ գրականութեան ուսուցիչս. բայց ան սովորական ուսուցիչ մը չէր, մեր գիտցած՝ դաս, պարտականութիւն եւ նիշ տուող ուսուցիչ մը: Պրն. Մուշեղ տարբեր էր:

Շուարած ու մտածկոտ կը մտնէր դասարան. կը կանգնէր դասարանին մէջտեղը, աչքերը պատուհանէն դուրս սեւեռած, ի՜նչ-ի՜նչ բաներ կը չարչարէին արդեօք իր զգայուն հոգին ու բանաստեղծի միտքը: Մենք կը ճանչնայինք իր երկու մեծ թշնամիները. առաջինը՝ այդ անպիտան պաքալորէան էր, որ կլանած էր իր աշակերտներու միտքն ու հոգին. պրն. Մուշեղի միւս մեծ թշնամին՝ երրորդ յարկի սրահի այդ յամառ ժամացոյցն էր, որ որոշած էր անպայման ետ մնալ, եւ պրն. Մուշեղ գրեթէ ամէն օր, առաւօտեան խմբական աղօթքէն առաջ, կը բարձրանար աթոռի մը վրայ, ջղայնացած, մրթմրթալով կը փորձէր շտկել ու կրթել այդ չարաճճի սլաքները, բայց անօգուտ:

Դասարանին մէջ պրն. Մուշեղ լաւ կը ճանչնար իր «յաճախորդները»: Գիտէր ծոյլն ու չարը, թափթփածն ու շատախօսը, եւ կատակով, սրամտութեամբ կապ կը պահէր բոլորին հետ:

Մեր դասարանի տղոցմէ ոմանք գրաբարի հոլովումներն ու խոնարհումները հռչակեր էին աղջկանց գործ, ու քանի մը աղջիկներ սիրով ստանձներ էին այդ պարտականութիւնը, ու երբ երբեմն տղաքը դժուարութիւն կ՚ունենային այդ շատ հապճեպ գրուած տողերը կարդալու, պրն. Մուշեղ բարի հրեշտակի մը նման օգնութեան կը հասնէր.

-Տղա՛ս, տո՛ւր Արմինէին, իր գիրն է կարծես, թող ի՛նք կարդայ, պարապ տեղը մի՛ չարչարուիր:

Գրականութեան պահերուն պրն. Մուշեղ կարծես կը մոռնար իր հոգերն ու ինքզինքը: Ակնոցը քիթին վրայ ինկած, գիրքը աչքերէն հեռու բռնած, վերացած ու յուզուած ան կը դառնար Սայեաթ Նովա, Թէքէեան, Վարուժան եւ կ՚ապրէր որպէս սիրահար կամ հայրենակարօտ պանդուխտ: Բայց որքա՛ն մեծ կ՚ըլլար անոր զայրոյթը, երբ կը նկատէր, որ ոմանք արդէն մտիկ չէին ըներ, գիրքը կը նետէր սեղանին վրայ ու ջղայնացած կը գանգատէր.

-Տղա՛յ, քիչ մըն ալ հո՛ս մտիկ ըրէ, տես ի՛նչ կ՚ըսէ. միայն մաթեմաթիկը եւ պաքալորէան չեն, որ մարդս կ՚ապրեցնեն: Յետոյ, մանուկի մը նման նեղուած, յուսահատ, տրտնջալով կը բարձրանար ամպիոնին վրայ, կը քաշուէր սեղանին ետեւ, ճմռթկուած թաշկինակով իր մեծ քիթը ասդին անդին կը հրէր, հոն կը նստէր լուռ ու մունջ:

Շարադրութեան պահերուն կամ գրական խմբակի հանդիպումներուն պրն. Մուշեղ, քիթին տակէն խնդալով, կ՚աղերսէր մեր «avant-garde» գրող տղոց.

-Տղա՛ք, պա՛րզ գրեցէք, քիչ մըն ալ մեր մասին մտածեցէք, գրեցէ՛ք այնպէս, որ մե՛նք ալ բան մը հասկնանք ձեր գրածներէն:

* * *

«Քու հա­րա­զատ յար­կիդ ներ­քեւ սի­րա­կան
Մեր կեանքն ու­րախ եւ միշտ ա­զատ կը ծաղ­կի»
Ճե­մա­րա­նի քայ­լեր­գը՝ Մու­շեղ Իշ­խա­նի խօս­քե­րը:

Այդպէս ալ եղաւ. Ճեմարանի յարկին տակ մենք անցուցինք ուրախ ազատ եւ շատ անուշ օրեր. ու շուտով եկաւ այդ օրը, երբ մենք արցունքոտ աչքերով կարդացինք մնաք-բարովի ուղերձները, ակնածանքով թօթուեցինք պրն. Վրացեանի ձեռքը եւ համբուրուեցանք պրն. Մուշեղի հետ:

* * *

Այդ օրերուն, ամրան շրջանին, Ճեմարանի գրասենեակը եւ գրադարանը բաց էին հինգշաբթի օրերը: Առաջին հինգշաբթին էր, բարձր կաղնիներու շուքին տակ հաւաքուեր էինք հին ու նոր շրջանաւարտներ. բարձրաձայն կը կատակէինք, կը քաշքշէինք զիրար ու ապագայի ծրագիրներու մասին կը խօսէինք. ուսուցիչներ, աշակերտներ, ընկերներ կ՚անցնէին բարեւելով: Հեռուէն երեւցաւ պրն. Մուշեղ, դանդաղ քայլերով մօտեցաւ մեր խումբին.

-Ի՞նչ է, նորէն հոս էք բոլորդ, կարօտցա՞ք դպրոցը,- ըսաւ եւ նկատելով մեր աղջիկներէն մի քանիին շպարուած երեսները, քմծիծաղով աւելցուց. - Փոխուեր էք աղջիկներ, մէյ մէկ հարսնցու դարձեր էք, կարծես բախտերնիդ շուտ պիտի բացուի,- յետոյ՝ իմ կողմս դառնալով հարցուց. Դուն ի՞նչ պիտի ընես եկող տարի։

-Սըրը կը կարծէ, թէ լաւ հիւանդապահուհի կրնամ ըլլալ, կրթաթոշակ ալ կրնայ ապահովել:

-Եկո՛ւր մեր քով, դուն լաւ ուսուցչուհի կ՚ըլլաս,- ըսաւ ան կտրուկ շեշտով:

Այդպէս ալ եղաւ:

Վերամուտին իմ շատ յարգելի եւ սիրելի ուսուցիչներուս հետ դարձեր էի պաշտօնակից: Պրն. Մուշեղին թելադրութեամբ եւ քաջալերանքով հետեւեցայ մանկավարժական դասընթացներու: Ճեմարանը մնաց իմ հարազատ տունս, իսկ պրն. Մուշեղ՝ իմ մեծ ուսուցիչս:

ՏԻՐՈՒԿ ՄՆԱԿԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

«Ազդակ», Պէյրութ

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020