ՍՈՒՐԲ ՄԱԿԱՐ ՄԵԾ (Հարցում-պատասխան)

Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը հարցում-պատասխաններ Սուրբ Մակար Մեծէն, քաղուած «Հոգեւոր քարոզներ» գիրքէն, որ հայացուցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն, Գերշ. Տ. Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան: Գիրքը լոյս տեսած է Անթիլիասի մէջ, 2021 թուականին:

- Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ հետեւեալ համարը. «Դուք պիտի բազմիք տասներկու գահերու վրայ, դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը» (Մտ 19.28):

Պատասխան. Քրիստոսի երկինք համբարձումէն ետք, ասիկա ճշմարտապէս կատարուեցաւ: Որովհետեւ մխիթարիչ Սուրբ Հոգին ղրկուեցաւ տասներկու առաքեալներուն վրայ, եւ երկինքէն սուրբ զօրութիւնը գալով՝ անոնց վրայ Իր վրանը կանգնեց եւ նստաւ անոնց մտքի աթոռներուն վրայ, որուն համար ալ ներկաներէն ոմանք ըսին. «Նոր գինիով գինովցած են» (Գրծ 2.13): Արդ, կը տենսենք, թէ Պետրոս անմիջապէս ոտքի ելլելով կը սկսի Յիսուսի մասին խօսիլ՝ ըսելով. «Աստուած Ինք ձեզի ցոյց տուաւ, թէ Իր ընտրեալը Նազովրեցի Յիսուսն էր, որուն ձեռքով Աստուած ձեր մէջ կատարեց Իր սքանչելի գործերը, հրաշքները եւ նշանները» (Գրծ 2.22, 4, 5.30): Անոնք նոր գինիով չէր, որ գինովցած էին, այլ՝ ինչպէս Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «Երբ վերջին օրերը գան, -կ՚ըսէ Տէրը-, Իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ. ձեր տղաքն ու աղջիկները Իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի» (Գրծ 2.17): Եւ Պետրոսի քարոզութեան ազդեցութեան տակ, բազմաթիւ մարդիկ ապաշխարեցին ու Տիրոջ դարձան: Եւ այսպէս, նոր աշխարհը՝ Աստուծմէ ընտրուած աշխարհը, սկսաւ գոյութիւն ունենալ:

Այժմ կը տեսնենք, թէ դատաստանի սկզբնաւորումը ի՛նչպէս յայտնուեցաւ: Նոր աշխարհ մը յայտնուեցաւ եւ այդ ձեւով անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ նստելու եւ դատելու, նոյնիսկ՝ այս աշխարհին մէջ: Սակայն, անոնք, Քրիստոսի երկրորդ գալուստին, մեռելներու յարութեան ժամանակ կրկին պիտի նստին ու դատեն:

Բայց այդ դատաստանը հոս՝ երկրի վրայ սկսաւ, երբ Սուրբ Հոգին անոնց մտքի գահերուն վրայ բազմեցաւ: Իսկ պսակները (թագերը), որոնք քրիստոնեաները գալիք թագաւորութեան մէջ պիտի ստանան, անստեղծ են: Իսկ անոնք՝ որոնք հակառակը կը պնդեն՝ կը սխալին: Որովհետեւ Սուրբ Հոգին այդ նկարագրութիւնները որպէս խորհրդանիշ եւ նշան կ՚օգտագործէ: Լսեցէ՛ք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ երկնաւոր Երուսաղէմի մասին. «Վերին Երուսաղէմը, որ մեր բոլորին մայրն է» (Գղ 4.26): Մենք ալ նոյնը կը խոստովանինք: Բայց հագուստը, որ քրիստոնեաները պիտի հագուին, յստակ է, որ Սուրբ Հոգին է, որ Իր աստուածային ու երկնային զօրութեամբ զանոնք պիտի պարուրէ:

Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն (էջ 64-66):

- Հարցում. Մեղքը լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք ստանալով՝ կրնա՞յ իբրեւ շնորհքի վիճակ ներկայանալ: Յետոյ՝ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ զանազանել ու յայտնաբերել չարին խաբեբայութիւններն ու շնորհքին գործերը, որպէսզի ըստ այդմ ընդունի եւ ընկալէ  զանոնք:

Պատասխան. Շնորհքի գործերուն կ՚ընկերակցին ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը, սէրը եւ ճշմարտութիւնը: Եւ նոյնինքն ճշմարտութիւնը կը մղէ մարդը, որպէսզի ան ճշմարտութիւնը պահանջէ: Մինչ մեղքի տեսակներուն կ՚ընկերակցի տագնապը եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ ուրախութիւնը: Ինչպէս կարգ մը բոյսերու պարագային, անոնք արտաքնապէս թէեւ կրնան իրար նմանիլ, բայց մէկը քաղցր կ՚ըլլայ, իսկ միւսը՝ դառն ու լեղի. շնորհքին պարագան ալ նոյնն է: Կան երեւոյթներ, որոնք ճշմարտութեան կը նմանին, բայց ճշմարտութիւնը չեն, իսկ երեւոյթներ ալ կան, որոնք իսկական ճշմարտութիւնն են: Արեւուն ճառագայթը բան մըն է, արեւուն գունդը ուրիշ բան է: Եւ լոյսին ջերմութեան աստիճանը, զոր շողը կ՚արձակէ, կը տարբերի այն լոյսի աստիճանէն, որ արեւու գունդին մէջ կը գտնուի: Ճրագը, որ մարդիկ տան մէջ կը վառեն, իր շողերով ամբողջ տունը կը լուսաւորէ, սակայն կանթեղին մէջ գտնուած լոյսը շատ աւելի լուսաւոր է ու ճառագայթուն: Նոյնն է պարագան նաեւ շնորհքին. երբ մարդ հեռուէն կը նշմարէ շնորհքը, անոր նայելով՝ կ՚ուրախանայ: Բայց անիկա ամբողջովին կը փոխուի ու տարբեր բան կ՚ըլլայ, երբ Աստուծոյ զօրութիւնը իր մէջ թափանցելով՝ կը լիացնէ իր սիրտն ու բոլոր անդամները եւ Աստուծոյ սիրով կը գերեվարէ անոնց միտքը:

Երբ Պետրոս առաքեալը ձերբակալելէ ետք բանտարկեցին, գիշերով Տիրոջ հրեշտակը եկաւ եւ իր շղթաները կոտրտելով՝ զինք ազատագրեց: Իսկ Պետրոս, հիասքանչ վիճակի մէջ, պահ մը կարծեց՝ թէ տեսիլք կը տեսնէ (էջ 68-69):

- Հարցում. Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ Աստուծոյ շնորհքը իրենց մէջ գործող մարդիկ յաճախ կը մեղանչեն:

Պատասխան. Նոյնիսկ բանաւոր էակները ենթակայ են տատանումի եւ սայթաքումի՝ իրենց իսկ բնութեամբ: Մարդը իր գոռոզութեան ու հպարտութեան պատճառով երբ կը սկսի ուրիշները այպանել՝ «դուն մեղաւոր ես» ըսելով եւ ինքզինք արդար կը սեպէ, նման մարդոց պարագային Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Որպէսզի չըլլայ որ ունեցած բացառիկ յատկութիւններով հպարտանամ, Աստուած փուշի պէս ծակող ցաւ մը տուաւ մարմինիս, կարծես սատանային ներկայացուցիչը ըլլար մարմինիս մէջ, որպէսզի անով զիս զգաստացնէ եւ չհպարտանամ» (Բ. Կր 12.7). որովհետեւ նոյնիսկ մաքուր նկարագիրը հակամէտ է պարծենալու եւ հպարտանալու (էջ 69):

- Հարցում. Հոգին որեւէ ձեւ ունի՞:

Պատասխան. Ինչպէս որ հրեշտակը պատ-կեր եւ ձեւ ունի, նոյնպէս ալ հոգին իր ձեւն ու պատկերը ունի: Այնպէս՝ ինչպէս երեւելի մարդը իրեն յատուկ պատկերը ունի, նոյնպէս ալ ներքին մարդը հրեշտակի նման պատկեր եւ ձեւ ունի, որ կը համապատասխանէ արտաքին կերպին (էջ 70):

- Հարցում. Արդեօք միտքը բա՞ն մըն է եւ հոգին ալ՝ ուրի՞շ:

Պատասխան. Ինչպէս որ մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, բայց անոնց ամբողջութիւնը մարդ կը կոչուի, այդպէս ալ հոգին բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնք են.- միտքը, խիղճը, կամքը եւ մտածումները, որոնք ի մի կապուած են մէկ անձի մէջ: Ճիշդ է, որ կան բազմաթիւ անդամներ, բայց անձը՝ ներքին մարդը մէկ է: Ինչպէս որ արտաքին աչքը իր առջեւ գտնուող երեւոյթները կը յայտնէ, ինչպէս օրինակ՝ փուշերը, անդուդներն ու փոսերը, եւ նախապէս կ՚ազդարարէ անձը, այսպէս ալ միտքը, երբ արթուն եւ զգաստ է՝ կը յայտնաբերէ հակառակորդին թակարդներն ու խաբէութիւնները եւ կանխաւ կը զօրացնէ ու կը պատրաստէ հոգին: Ըստ էութեան, միտքը հոգիին աչքն է (էջ 70-71):

- Հարցում. Խնդրեմ, ըսէ՛ մեզի, թէ որո՞նք են այն աստիճանները, որոնց հասած ես ներկայիս:

Պատասխան. Շնորհքը հետեւեալ ձեւով կը գործէ. կը խաղաղեցնէ սիրտն ու բոլոր անդամները: Նոյնիսկ հոգին, ուրախութեան առատութենէն փոքրիկ մանուկի մը պէս կ՚ըլլայ, ամենեւին կը դադրի մարդիկը դատելէ. ո՛չ հրեան կը դատէ եւ ոչ ալ հեթանոսը, ո՛չ մեղաւորը եւ ոչ ալ աշխարհիկ կեանք ապրողը: Վասնզի ներքին մարդը բոլորին մաքուր աչքով կը նայի, աշխարհով մէկ կ՚ուրախանայ եւ մեծապէս կը ցանկայ, որ բոլորը զիրար սիրեն եւ մէկ անձի պէս զԱստուած պաշտեն: Նոյն մարդը, ուրիշ ատեն թագաւորազնի պէս կ՚ըլլայ եւ Քրիստոսի իբրեւ Հայր կը վստահի: Անոր առջեւ յաջորդաբար հարիւրաւոր ու հազարաւոր դռներ կը բացուին եւ ան կը հարստանայ: Եւ ո՛րքան հարստանայ, ա՛յնքան աւելի զարմանալիքներ կը յայտնուին իրեն. եւ իբրեւ որդի ու ժառանգորդ՝ այնպիսի՛ բաներ կը յանձնուին իրեն, որոնց մասին ո՛չ մարդկային լեզուն եւ ոչ ալ մարդկային միտքը կարող է արտայայտուիլ կամ խօսիլ: Աստուծոյ փառք: Ամէն (էջ 75):

- Հարցում. Ոմանք մեզի կ՚ըսեն, թէ աթոռներն ու պսակները ճշմարիտ ստեղծուածներ են եւ ո՛չ թէ հոգեւոր երեւոյթներ: Ուստի՝ ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք զանոնք:

Պատասխան. Աստուածութեան աթոռը մեր միտքն է եւ մտքին աթոռը Աստուածութիւնն ու հոգին է: Նոյն ձեւով ալ սատանան՝ խաւարի զօրութիւններն ու ինշխանները, առաջին մարդուն պատուիրանազանցութենէն ի վեր, Ադամի սրտին, մտքին եւ մարմնին մէջ նստան՝ իբրեւ սատանային աթոռն ու անոնց գահերը: Ահա թէ ինչու Տէրը աշխարհ եկաւ եւ Սուրբ Կոյսէն մարմնացաւ, որովհետեւ եթէ Ան Իր անմարմին աստուածային բնութեամբը գար, ապա ո՞վ կրնար դիմանալ անոր բացայայտ աստուածային տեսքին: Այդ պատճառով ալ, Ան մարդոց հետ խօսեցաւ, մարդուն սիրոյն Իր մարմնացեալ մարդկային մարմնին միջոցաւ եւ այդ ձեւով դատապարտեց պիղծ ոգիները, որոնք մարմինը որպէս բնակարան գրաւած էին: Այսինքն՝ այպանեց մտքին ու մտածումներուն աթոռը, ուր եւ բնակած էին: Քրիստոս եկաւ, մարդոց խիղճը մաքրեց եւ անոնց սիրտը Իրեն համար աթոռի վերածեց:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022