ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԻՆ ՕՐԸ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Երեւման Ս. Խաչի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ հաւատացեալ ժողովուրդին բաշխեց իր օրհնութիւնները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս իր մահկանացուն կնքած է շատ խորհրդանշական ու տիրական դէմք մը. ոչ եւս է Տ. Գարեգին աւ. քահանայ Գասպարեան, որու անունը նոյնացած էր Ս. Ներսէս ընծայարանի հետ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը վերջին օրերուն արձագանգեց՝ Ստեփանակերտի մէջ, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական երկու եկեղեցիներու քանդման դէպքին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հակազդեցութիւնը բանաձեւուած է Կովկասի մահմետականներու վարչութեան՝ այս նիւթին վերաբերեալ հրապարակման լոյսին տակ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը համագործակցութիւն հաստատած է «Redlands» համալսարանին հետ։ Ըստ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ կողմերուն միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան նախընթաց օր ընդունեց Ռամալլայի մէջ Յունական Կիպրոսի ներկայացուցիչ Մարիոս Սթաւրոսը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ներկայացուցիչները՝ Զէյնէփ Թաշքընն ու Հերմինէ Սայեանը:
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբին հիմնադրութեան 127-րդ տարեդարձը։ Սա ընթացիկ տարեդարձէ մը աւելի նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ տօնախմբութիւնը կազմակերպուած էր՝ վերջին շրջանին կեանքի կոչուած վերակազմութեան ծրագրի ի կատար ածման ի շարունակութիւն։
Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եղբայրական այցելութիւնը հասաւ իր աւարտին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։