Եկեղեցական

Ս. ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ՝ ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին, Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ SAVE ARMANIA ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէյի:

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

Տ. Արամ արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Յունաստանի հիւսիսային շրջանները: Ան հիւրընկալուեցաւ հայր ու որդի Խաչատուր եւ Արի Չոլաքներուն կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան քառօրեայ շրջագայութեան ծրագիրը, ըստ էութեան, Թեսաղոնիկէի շրջանին մէջ ընթացաւ:

ԽՈՐԱՆԱՇԱՏ. ԱՆՈՒՆԻ ՄԸ ԵՏԵՒԷՆ…

ՆԱՐԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Խորանաշատ անունը առաջին անգամ լսած էի երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազանի (1956-2019) եւ 90-ականներուն, Հայաստանի անկախացումէն ետք տարբեր առիթներով Պոլիս այցելող, ականաւոր հայագէտ փրոֆ. Պարոյր Մուրադեանի (1933-2011) զրոյցներուն ընթացքին։ 

ՖՐԱՆՍԻՍՔԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Ֆրանսիսքեան միաբանութեան կողմէ ուխտաւորներու բազմանդամ խումբ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնը կապուած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական համբաւ կը վայելէ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ կաթոլիկ եկեղեցիէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք այս շրջանին կ՚այցելեն քաղաքս:

ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

«Խորապէս մտահոգիչ է, որ ապօրինութեան հարթակի կը վերածուի նաեւ Ազգային ժողովը, որու բարձր ամպիոնը կը ծառայեցուի հակաեկեղեցական տրամադրութիւններու սերմանման, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ ատելութեան, անհիմն մեղադրանքներու եւ վիրաւորանքներու տարածման համար»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խորհրդարանական մեծամասնութենէն կը պահանջէ՝ հրաժարիլ իշխանական դիրքի չարաշահումէ։ Արդարացում չունին եկեղեցւոյ վրայ քաղաքական վերահսկողութիւն սահմանելու փորձերը:

ՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂԸ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս յատկանշական յոբելեան եւ արդար մեծարանք:
Ս. Ներսէս ընծայարանի Արմոնքի համալիրէն ներս փառաշուք տօնակատարութիւն: Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի տեսլականը զինքը բարձրացուց պատուանդանի վրայ՝ բոլորի գնահատանքի եւ անկեղծ ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԱՅՐԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Միքայէլ եւ Կեպրեմարիամ վարդապետները, որոնց ընկերացան Քիւտուս Սերթսու սարկաւագը եւ եթովպական համայնքի գործիչներէն Էլիզապէթ Թատեսսէ։

Էջեր