ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Սուրբ Քաղաքի ասորւոց եպիսկոպոսին՝ Անթիմոս Ժաք Եագուպի եւ միաբանակիցներուն այցելութիւնը։ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս դաւանակից եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը դիմաւորուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն խումբ մը վերապատուելիներ, որոնք փութացած էին Մերձաւոր Արեւելքէն:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ղեկավարութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Սպիտակ տան հաւատքի հարցերով գրասենեակի աւագ խորհրդականը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Երէկ, պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, ուր մասնակցութիւն կը բերէ շարք մը արարողութիւններու։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Արժանթինէն Հայաստան մեկնած պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին երկրի ծերակոյտի անդամներ եւ քաղաքական գործիչներ։
Նիւ Եորքի առաջնորդարանի երդիքին տակ սիրալիր զրոյց սրբազանին եւ հայր սուրբին միջեւ:
Երէկ, Երուսաղէմի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ալեքսիս լը Քուր Կրանտմեզոն այցելեց հայոց վանքը։ Ան նոր առաքելութիւնը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
«Christian Solidarity International» կազմակերպութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի ետ կանչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ զեկոյցը։ Յիշեալ միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ եկեղեցւոյ առաջնորդը փոխարինելու համար առաջարկուած ուղին կը խախտէ կրօնական ինքնավարութիւնը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Դանիա-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Հ. Մայքըլ Թոմսենը եւ կազմակերպութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, որոնց ուղեկցեցաւ գործադիր տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան։