Եկեղեցական

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԿԸ ՄՆԱՅ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»Ի ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ յամառ պայքար մղել՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վտանգուած սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

2025-2026 կրթական շրջանը արդէն աստիճանաբար կը սկսի։ Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, աշնանամուտը կը բնորոշէ նաեւ վերամուտը։ Այսօր Հայաստանի մէջ կը վերաբացուին դպրոցները՝ մինչ 1 սեպտեմբերը կը նշուի՝ որպէս Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օր։

ԱՄՆ-ԷՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՔՐԻՍ ՖԱՆ ՀՈԼԸՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ծերակուտական Քրիս Ֆան Հոլըն նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Ան լսեց Սուրբ Երկրի քրիստոնէական համայնքներու առկայ խնդիրները, որոնք միջազգային բեմահարթակի վրայ լուրջ ուշադրութեան կ՚արժանանան։

Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ս. Մարիամ Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի, նաեւ իւղաբեր կանանց յիշատակութեան տօնը երէկ նշուեցաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։

ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԻ ՀԱՅՈՑ ՏԵՍՉԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երէկ, Եթովպական եկեղեցւոյ Երուսաղէմի նոր առաջնորդը՝ Տ. Ապունէ Արք. Նաթանայէլ պաշտօնապէս մուտք գործեց Ս. Յարութեան տաճար։ Նոր առաջնորդին առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ մանաւանդ, որ ներկայ էին Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ միւս յարանուանութեանց ներկայացուցիչները։

ՄԵՌԵԼՈՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի մեռելոցին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կարպիս Սրկ. Չիչէք եւ այլ դպիրներ։

ՍՓԻՒՌՔԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքի առաջնորդները հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը։

Էջեր