ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսութիւն մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսութիւն մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ արձագանգեց Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահի նախօրէի յայտարարութիւններուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջերս վեհարանի մէջ մէկտեղուեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցած հոգեւորականաց հերթական խումբի անդամներուն հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան՝ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու դեսպանները, որոնք տարածաշրջանային սեմինարի մը մասնակցեցան Երեւանի մէջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ վերադարձաւ Վատիկանէն, կը պատրաստուի ճամբորդել Հիւսիսային Ամերիկա:
Նախկին պոլսահայ շրջանակները պատրաստութիւններ յառաջ կը տանին Նորին Ամենապատուութեան հիւրընկալման համար:
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սպասաւոր մանուկներ եւ պատանիներ երէկ այցելեցին Պատրիարքարան՝ թաղի քարոզիչ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի հսկողութեան ներքեւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ հանդիսապետեց Մինսքի մէջ նոր կառուցուած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ առաջին անգամ այցելեց Սպիտակ Ռուսիա, ուր արդէն սկսած է գործել առաջին հայկական եկեղեցին։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որ մեծ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի պատմական թաղէն ներս։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Երեւման Ս. Խաչի համար կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Աստուածաշունչի ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղը երէկ գիտաժողով մը կազմակերպեց՝ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ։ Ֆէնէրի Յունաց վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս կը շարունակուին նոր նշանակումները։ Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան նշանակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն: