Եկեղեցական

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Քլաուտիա Պուշը։ Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը շնորհաւորեց նշանակման կապակցութեամբ եւ բարեյաջող առաքելութիւն մաղթեց՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու կապերու առաւել զօրացման։

ԿԻՒՄՐԻԻ Ս. ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱՕԾՈՒԻ՝ ՅԵՏ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի մարզէն ներս այս շաբաթավերջին պիտի վերաօծուի Կիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պիտի նախագահէ արարողութեան, որուն առթիւ Շիրակի թեմը բազմաթիւ ուխտաւորներ պիտի հիւրընկալէ։

ՄԱԼԱԿԱՅԻ ՄԷՋ ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Սպանահայութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ այցելեց Մալակա։ Տեղւոյն Ս. Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ ջրօրհնէք։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Յակոբեանը։ Նորանշանակ դեսպանը հայոց վանքէն ներս զրուցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։

ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցան Ս. Մինասի տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ տուաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Մինասի, Երմոգինեսի, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատներ Յովհաննէսի եւ Ալէքսիանոսի յիշատակութեան տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Պոլզանօ քաղաքի քաղաքապետ Ռենցօ Քարամաչին եւ նոյն երկրի «Եւրակ» հետազօտական կեդրոնի գիտնականները՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի Եւրոպական համալսարանի վերատեսուչ Հեղինէ Պիշարեանի։

Ս. ՄԻՆԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոցն Մինասայ, Երմոգինեայ, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատացն Յովհաննու եւ Ալէքսիանոսի յիշատակութեան տօնը։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից Ս. Մինաս մատրան մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՂՕԹԱԿԱՆ ՀՍԿՈՒՄՆԵՐՈՒ «ԿԱՐՄԻՐ ՇԱԲԹՈՒԱՆ»

Ֆրանսայի «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը վերջերս կազմակերպեց աղօթական հսկումներու շարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութիւնը։ Այս «կարմիր շաբթուան» ընթացքին Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ յիշեցուեցաւ Արցախն ու տեղահանեալ հայոց տառապանքը, ենթարկուած սպառնալիքները։

ՀՈՒՆԳԱՐԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ «Փիթըր Փազման» Կաթոլիկ համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Քրիստիան Վինցէն, համալսարանի պատմութեան կաճառի տնօրէն Շանտոր Ուզէն եւ հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Պալինտ Քովաչը։

Էջեր