ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՄԸ ՁԵՌՆԱԴՐԵՑ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս այցելեց Ֆրեզնօ, ուր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ։ Այս արարողութիւնը մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբեց հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնք ունկնդրեցին Նորին Սրբազնութեան քարոզին։


Ուքրայնայի հայոց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 20-ամեակի յոբելենական շրջանը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժինը երէկ երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։
Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքները յաջորդ տարի պիտի հասնին իրենց աւարտին:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց «Սինոփսիս» ընկերութեան նախագահ Չի-Ֆուն Չանը, որուն ընկերացաւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան։