Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՔԱՂԱՔՍ
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս ուրբաթ պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին ամիսներուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս վարդապետական թեզը պաշտպանելու համար։

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային շրջանակներուն տեսակէտէ ողջունելի իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացաւ վարդապետական գաւազան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ հայկական դպրոցի շուրջ 40 սաները։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Նորա Թաշճեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Քրիստոնեայ տաճարական ասպետներու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Պօղոս Չոլաքեանի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն»ի կողմէ կազմակերպուած՝ «Մարդու իրաւունքներ եւ պատասխանատուութիւն. պատերազմի հետեւանքները» համաժողովի մասնակիցները։ Սա իր տեսակին մէջ առաջին՝ միջազգային բնոյթով համաժողովն է։