ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՒԱՔԷՆ ՎԵՐՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից տարեկան հաւաք, որուն մասնակցեցան 184 եկեղեցականներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն։ Նախ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս Արեւագալի ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը պատրաստուի այցելել Արցախ։ Երեւանի «Ժողովուրդ» օրաթերթի այս օրուան թիւին մէջ հաղորդուած է, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 3-6 յունիսին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ վերջերս այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, արդէն աւարտած է իր շփումները։ «Պայքար» շաբաթաթերթի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ամերիկահայ կարգ մը ազգայիններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներու հետ։
Ս. Ներսէս ընծայարանի սաներէն Ալպերթ սարկաւագ վերանուանուեցաւ Տ. Կիւրեղ Քհնյ. Համբարձումեան:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ընդհանուր ժողով։ Սա թեմի 94-րդ պատգամաւորական ընդհանուր ժողովն էր եւ առաջին անգամ ան տեղի ունեցաւ հեռավար դրութեամբ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց յանձնախումբը շաբաթավերջին առցանց հանդիպում մը կազմակերպեց՝ մասնակցութեամբ զանազան թեմերէ կամ շրջաններէ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռավար հաւաքը, որուն մասնակցեցան նաեւ յիշեալ յանձնախումբի անդամ միաբաններ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մայիսի 13-ին աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հաւաք:
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական սրբավայրերու, մշակոյթի կոթողներու եւ ճարտարապետական ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւնները, խորհրդանշական կոթողներու թիրախաւորումները կը շարունակուին։