ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Այսպէս Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ուէննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր սարկաւագ ձեռնադրեց Արարատ Գալփաքճեանն ու Յակոբ Ժամկոչեանը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Հայաստանի գործարար աշխարհի յայտնի դէմքերէն Գագիկ Ծառուկեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ, միջոց մը առաջ յղացած էր առաջարկ մը՝ երկրէն ներս Յիսուս Քրիստոսի հսկայ արձան մը զետեղելու մասին։ Այդ առաջարկը միջոցէ մը ի վեր հրապարակային քննարկման արժանացած էր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն տքթ. Երուանդ Զօրեանը, որ Հայկական համացանցային համալսարանի եւ «Synopsis Armenia» ընկերութեան հիմնադիրն է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ